Loading...

2 Kings 22

1 Kings  «  2 Kings 21  ‹  2 Kings 22  ›  2 Kings 23  »  1 Chronicles


ՅՈՒԴԱՅԻ ՅՈՎՍԻԱ ԹԱԳԱՒՈՐԸ (Բ. Մնաց. 34. 1-2)

1

Յովսիա ութ տարեկան էր՝ երբ թագաւոր եղաւ, ու Երուսաղէմի մէջ երեսունմէկ տարի թագաւորեց։ Իր մայրը Բազկաթացի Ադայիայի աղջիկն էր՝ Յեդիդա անունով։

2

Ան ըրաւ ինչ որ Տէրոջ 1առջեւ ուղիղ է. իր հօր՝ Դաւիթի ամբողջ ճամբայէն ընթացաւ, եւ անկէ դէպի աջ կամ ձախ չշեղեցաւ։


ՕՐԷՆՔԻՆ ԳԻՐՔԸ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻ (Բ. Մնաց. 34. 8-28)

3

Յովսիա թագաւորին տասնութերորդ տարին, թագաւորը Մեսուղամի որդիին՝ Եսելիայի որդին, Սափան ատենադպիրը Տէրոջ տունը ղրկեց՝ ըսելով.

4

«Քեղկիա քահանայապետի՛ն գնա, եւ ան Տէրոջ տունը բերուած դրամը — որ 2դրան պահապանները ժողովուրդէն ժողվեցին — թող համրէ,

5

ու զայն գործակատարներուն — Տէրոջ տան վերատեսուչներուն — ձեռքը թող յանձնեն, որպէսզի անոնք ալ վճարեն ճեղքերը նորոգելու համար Տէրոջ տան մէջ գործող

6

հիւսներուն, կառուցանողներուն եւ որմնադիրներուն. նաեւ փայտ ու կոփուած քարեր թող գնեն՝ տունը նորոգելու համար»։

7

Բայց անոնց ձեռքը յանձնուած դրամին հաշիւը չէին պահանջեր, քանի որ անոնք հաւատարմութեամբ կը վարուէին։

8

Քեղկիա քահանայապետը Սափան ատենադպիրին ըսաւ. «Տէրոջ տան մէջ Օրէնքին գիրքը գտայ»։ Քեղկիա այդ գիրքը Սափանի տուաւ. ան ալ զայն կարդաց։

9

Յետոյ Սափան ատենադպիրը թագաւորին եկաւ, թագաւորին լուր բերաւ, եւ ըսաւ. «Քու ծառաներդ տան մէջ գտնուած դրամը 3հաւաքեցին ու գործակատարներուն — Տէրոջ տան վերատեսուչներուն — ձեռքը յանձնեցին »։

10

Նաեւ Սափան ատենադպիրը թագաւորին 4ըսաւ. «Քեղկիա քահանան ինծի գիրք մը տուաւ», եւ Սափան զայն թագաւորին առջեւ կարդաց։

11

Երբ թագաւորը Օրէնքի գիրքին խօսքերը լսեց, իր հագուստները պատռեց։

12

Յետոյ թագաւորը Քեղկիա քահանային, Սափանի որդիին՝ Աքիկամի, Միքիայի որդիին՝ Աքոբորի, Սափան ատենադպիրին ու թագաւորին ծառային՝ Ասայիայի պատուիրեց.

13

«Գացէ՛ք, ինծի համար, ժողովուրդին համար եւ ամբողջ Յուդայի համար Տէրոջ խորհո՛ւրդ հարցուցէք՝ այս գտնուած գիրքին խօսքերուն մասին. արդարեւ մեր վրայ Տէրոջ մեծ ցասումը բորբոքեր է, որովհետեւ մեր հայրերը այս գիրքին խօսքերուն հնազանդած չեն, ու մեզի համար բոլոր գրուածները գործադրած չեն»։

14

Քեղկիա քահանան, Աքիկամ, Աքոբոր, Սափան եւ Ասայիա գացին Արասի որդիին՝ Թեկուայի որդիին՝ Սեղղում հանդերձապետին կնոջ, Ողդա մարգարէուհիին։ Ան Երուսաղէմ կը բնակէր, 5Մասենայի մէջ։ Անոր հետ խօսեցան,

15

ան ալ ըսաւ իրենց. «Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը սա՛ կը յայտարարէ. “Ձեզ ինծի ղրկող մարդուն սա՛ ըսէք.

16

"Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Ահա՛ ես այս տեղին եւ անոր բնակիչներուն վրայ չարիք պիտի բերեմ, այսինքն՝ Յուդայի թագաւորին կարդացած գիրքին բոլոր խօսքերը։

17

Որովհետեւ զիս լքեցին եւ ուրիշ աստուածներու խունկ ծխեցին, որպէսզի իրենց ձեռքերուն բոլոր գործերով զիս գրգռեն. ուստի այս տեղին վրայ իմ ցասումս պիտի բորբոքի ու պիտի չմարի»"։

18

Բայց Տէրոջ խորհուրդ հարցնելու համար ձեզ ղրկող Յուդայի թագաւորին սա՛ ըսէք. "Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը սա՛ կը յայտարարէ.

19

«Քանի լսած խօսքերուդ համար քու սիրտդ 6կակուղցաւ, ու Տէրոջ առջեւ խոնարհեցար՝ երբ լսեցիր իմ խօսքս,— թէ այս տեղին վրայ եւ անոր բնակիչներուն վրայ աւեր ու անէծք պիտի ըլլան,— եւ հագուստներդ պատռեցիր ու իմ առջեւս լացիր, ե՛ս ալ լսեցի»,— կը պատգամէ Տէրը"։

20

Հետեւաբար ահա՛ ես քեզ հայրերուդ քով պիտի ամփոփեմ, ու խաղաղութեամբ քու գերեզմանիդ մէջ պիտի ամփոփուիս։ Այս տեղին վրայ իմ բերելիք բոլոր չարիքներս քու աչքերդ պիտի չտեսնեն”»։ Անոնք ալ թագաւորին այս պատասխանը բերին։



1 Եբր.՝ աչքերուն
2 Եբր.՝ սեմին
3 Եբր.՝ թափեցին
4 Եբր.՝ պատմեց եւ ըսաւ
5 Այսինքն՝ երկրորդ թաղամասին
6 Եբր.՝ թուլցաւ