Loading...

2 Kings 23

1 Kings  «  2 Kings 22  ‹  2 Kings 23  ›  2 Kings 24  »  1 Chronicles


ՅՈՎՍԻԱ ԿԸ ՀԵՌԱՑՆԷ ԿՌԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆԸ (Բ. Մնաց. 34. 3-7, 29-33)

1

Թագաւորը մարդ ղրկեց, եւ Յուդայի ու Երուսաղէմի բոլոր երէցները իր քով հաւաքուեցան։

2

Թագաւորը Տէրոջ տունը բարձրացաւ, եւ իրեն հետ՝ Յուդայի բոլոր մարդիկն ու Երուսաղէմի բոլոր բնակիչները.— քահանաները, մարգարէները, եւ ամբողջ ժողովուրդը՝ պզտիկէն մինչեւ մեծը. անոնց 1առջեւ կարդաց Տէրոջ տան մէջ գտնուած Ուխտի գիրքին բոլոր խօսքերը։

3

Թագաւորը սիւնին քով կայնած էր, ու Տէրոջ առջեւ ուխտ 2ըրաւ, որ Տէրոջ հետեւի՝ անոր պատուիրանները, վկայութիւններն ու կանոնները ամբողջ սիրտով եւ ամբողջ անձով պահելով, որպէսզի այդ գիրքին մէջ գրուած 3ուխտին խօսքերը գործադրէ։ Ամբողջ ժողովուրդն ալ ուխտին 4հաւանութիւն տուաւ՝՝։

4

Թագաւորը Քեղկիա քահանայապետին, երկրորդ կարգի քահանաներուն ու 5դրան պահապաններուն պատուիրեց որ Տէրոջ տաճարէն դուրս հանեն այն բոլոր առարկաները, որոնք Բահաղի համար, Աստարովթի համար, ու երկինքի բոլոր զօրքերուն համար շինուած էին։ Զանոնք Երուսաղէմէն դուրս այրեց, Կեդրոնի մրգաստանին մէջ, եւ անոնց մոխիրը Բեթէլ տարաւ։

5

Յուդայի թագաւորներուն կարգած քուրմերը 6հեռացուց, որոնք Յուդայի քաղաքներուն ու Երուսաղէմի շրջակայքին բարձր տեղերուն վրայ խունկ կը ծխէին, նաեւ Բահաղի, արեւին, լուսինին, 7համաստեղութիւններուն ու երկինքի բոլոր զօրքերուն խունկ ծխողները։

6

Աստարովթը Տէրոջ տունէն դուրս հանեց, Երուսաղէմէն դուրս՝ Կեդրոնի ձորը տարաւ. զայն Կեդրոնի ձորին մէջ այրեց, մանրելով փոշիի վերածեց, եւ անոր փոշին ժողովուրդին որդիներուն գերեզմաններուն վրայ ցանեց։

7

Տէրոջ տան մէջ գտնուող 8իգացեալներուն տուները փլցուց, ուր կիները Աստարովթի 9վարագոյրներ կը հիւսէին։

8

Յուդայի քաղաքներէն բոլոր քահանաները Երուսաղէմ բերաւ, ու Գաբայէն մինչեւ Բերսաբէ պղծեց այն բարձր տեղերը՝ ուր քահանաները խունկ ծխեր էին։ Դռներուն բարձր տեղերն ալ փլցուց, որոնք կը գտնուէին քաղաքապետին՝ Յեսուի դրան մուտքը, նաեւ քաղաքին 10դրան ձախ կողմը։

9

Սակայն բարձր տեղերուն քահանաները՝ Երուսաղէմ եղող Տէրոջ զոհասեղանը չէին բարձրանար, հապա իրենց եղբայրներուն մէջ բաղարջ կ’ուտէին։

10

Ենովմի որդիին ձորին մէջ եղող Տոփէթը պղծեց, որպէսզի ո՛չ մէկը իր որդին կամ աղջիկը կրակէ անցընէ՝ Մողոքի համար։

11

Նաեւ Տէրոջ տան մուտքէն հեռացուց Յուդայի թագաւորներուն արեւին 11նուիրած ձիերը, որոնք 12յարակից մասերուն՝՝ մէջ եղող Նաթանմելէք ներքինիին սենեակին քով էին. իսկ արեւին կառքերը կրակով այրեց։

12

Թագաւորը փլցուց Աքազի վերնատան տանիքին վրայ Յուդայի թագաւորներուն շինած բագիններն ու Տէրոջ տան երկու գաւիթներուն մէջ Մանասէի շինած բագինները. զանոնք անկէ 13վերցուց, եւ անոնց 14փոշին Կեդրոնի ձորը նետեց։

13

Թագաւորը պղծեց Երուսաղէմի դիմաց, Ապականութեան լերան աջ կողմը, Իսրայէլի Սողոմոն թագաւորին կառուցանած բարձր տեղերը՝ Սիդոնացիներուն պիղծ Աստարովթին համար, Մովաբացիներուն պիղծ Քամովսին համար, եւ Ամմոնի որդիներուն պիղծ Մեղքողին համար.

14

արձանները կոտրտեց, աստարովթները կտրեց, ու անոնց տեղերը մարդու ոսկորներով լեցուց։

15

Բեթէլի բագինն ալ,— որ կը գտնուէր Իսրայէլի մեղանչել տուող Նաբատեան Յերոբովամի շինած բարձր տեղը,— այդ բագինն ու բարձր տեղը փլցուց. բարձր տեղը այրեց, մանրելով փոշիի վերածեց, եւ աստարովթը այրեց։

16

Ապա Յովսիա դարձաւ, ու հոն՝ լերան վրայ եղող գերեզմանները տեսաւ։ Մարդ ղրկեց, գերեզմաններուն մէջէն ոսկորները առաւ, եւ բագինին վրայ այրելով զայն պղծեց, Տէրոջ խօսքին համաձայն, որ այս բաները 15ըսող Աստուծոյ մարդը բարձր ձայնով գոչեր էր։

17

Թագաւորը ըսաւ. «Ի՞նչ է այդ կոթողը՝ որ կը տեսնեմ»։ Քաղաքին մարդիկը անոր ըսին. «Ատիկա Աստուծոյ մարդուն գերեզմանն է, որ Յուդայէն եկաւ ու Բեթէլի բագինին դէմ այս ըրած բաներդ 16ըսաւ»։

18

Թագաւորը ըսաւ. «Հանգի՛ստ ձգեցէք զայն. ո՛չ մէկը տեղէն թող շարժէ անոր ոսկորները»։ Ուստի անոր ոսկորները Սամարիայէն եկող մարգարէին ոսկորներուն հետ 17զերծ պահեցին՝՝։

19

Յովսիա Սամարիայի քաղաքներուն մէջ գտնուած բոլոր բարձր տեղերուն տուներն ալ հանեց, որոնք շինելով՝ Իսրայէլի թագաւորները Տէրը գրգռեր էին. անոնց ալ ըրաւ Բեթէլի մէջ կատարած բոլոր գործերուն համաձայն։

20

Հոն գտնուած բարձր տեղերուն բոլոր քուրմերը բագիններուն վրայ զոհեց, եւ անոնց վրայ մարդու ոսկորներ այրեց. յետոյ Երուսաղէմ վերադարձաւ։


ՅՈՎՍԻԱ ԿԸ ՏՕՆԷ ԶԱՏԻԿԸ (Բ. Մնաց. 35. 1-19)

21

Թագաւորը ամբողջ ժողովուրդին պատուիրեց. «Տէրոջ՝ ձեր Աստուծոյն Զատի՛կը կատարեցէք, ինչպէս այս Ուխտի գիրքին մէջ գրուած է»։

22

Ի՛րապէս այսպիսի Զատիկ կատարուած չէր Իսրայէլը դատող դատաւորներուն օրերէն ի վեր, եւ Իսրայէլի թագաւորներուն ու Յուդայի թագաւորներուն բոլոր օրերն ալ։

23

Բայց Յովսիա թագաւորին տասնութերորդ տարին Տէրոջ այս Զատիկը կատարուեցաւ Երուսաղէմի մէջ։


ՅՈՎՍԻԱ Կ’ԸՆԷ ՈՒՐԻՇ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

24

Յովսիա նաեւ բնաջնջեց վհուկները, նշանագէտները, 18ընտանեկան կուռքերն՝՝ ու չաստուածները, եւ Յուդայի երկրին մէջ ու Երուսաղէմի մէջ տեսնուող բոլոր պղծութիւնները, որպէսզի գործադրէ Օրէնքին խօսքերը, որոնք գրուած էին այն գիրքին մէջ՝ որ Քեղկիա քահանան Տէրոջ տունը գտեր էր։

25

Անկէ առաջ անոր նման թագաւոր մը եղած չէր, որ իր ամբողջ սիրտով, ամբողջ անձով եւ ամբողջ զօրութեամբ Տէրոջ վերադառնար՝ Մովսէսի ամբողջ Օրէնքին համաձայն. ո՛չ ալ անկէ ետք անոր նմանը ելաւ։

26

Բայց Տէրը չկասեցուց իր մեծ բարկութեան բորբոքումը — որով իր բարկութիւնը բորբոքած էր Յուդայի դէմ —, այն բոլոր գրգռութիւններուն պատճառով, որոնցմով Մանասէ զինք գրգռեր էր։

27

Տէրը ըսաւ. «Յուդան ալ իմ ներկայութենէս պիտի հեռացնեմ, ինչպէս Իսրայէլը հեռացուցի. պիտի մերժեմ այս քաղաքը — իմ ընտրած Երուսաղէմս, եւ այս տունը՝ որուն մասին ըսի. “Իմ անունս հոն պիտի ըլլայ”»։


ՅՈՎՍԻԱՅԻ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՎԱԽՃԱՆԸ (Բ. Մնաց. 35. 20-36. 1)

28

Յովսիայի մնացեալ արարքներն ու անոր բոլոր ըրածները՝ ահա՛ Յուդայի թագաւորներուն Ժամանակագրութեան գիրքին մէջ գրուած են։

29

Անոր օրերը, Եգիպտոսի թագաւորը՝ Փարաւոն Նեքաւով, Ասորեստանի թագաւորին դէմ բարձրացաւ՝ դէպի Եփրատ գետը։ Յովսիա թագաւորը անոր հանդիպելու գնաց. երբ ան Յովսիան տեսաւ, զինք մեռցուց՝ Մակեդդովի մէջ։

30

Անոր ծառաները 19իր մարմինը կառքով Մակեդդովէն փոխադրեցին,՝՝ Երուսաղէմ բերին, ու զայն իր գերեզմանին մէջ թաղեցին։ Երկրին ժողովուրդը Յովսիայի որդին՝ Յովաքազը առաւ, զայն օծեց եւ իր հօր տեղ թագաւոր հռչակեց։


ՅՈՒԴԱՅԻ ՅՈՎԱՔԱԶ ԹԱԳԱՒՈՐԸ (Բ. Մնաց. 36. 2-4)

31

Յովաքազ քսաներեք տարեկան էր՝ երբ թագաւոր եղաւ, ու Երուսաղէմի մէջ երեք ամիս թագաւորեց։ Իր մայրը Լեբնացի Երեմիայի աղջիկն էր՝ Ամիտաղ անունով։

32

Ան Տէրոջ 20առջեւ չարիք գործեց, իր հայրերուն բոլոր ըրածներուն համաձայն։

33

Փարաւոն Նեքաւով զինք Եմաթի երկիրը՝ Ռեբղայի մէջ բանտարկեց, որպէսզի Երուսաղէմի մէջ չթագաւորէ, ու երկրին վրայ տուգանք դրաւ՝ հարիւր տաղանդ արծաթ եւ մէկ տաղանդ ոսկի։

34

Փարաւոն Նեքաւով Յովսիայի որդին՝ Եղիակիմը թագաւոր հռչակեց անոր հօր՝ Յովսիայի տեղ, եւ անոր անունը Յովակիմի փոխեց։ Իսկ Յովաքազը բռնեց. ան Եգիպտոս գնաց, ու հոն մեռաւ։


ՅՈՒԴԱՅԻ ՅՈՎԱԿԻՄ ԹԱԳԱՒՈՐԸ (Բ. Մնաց. 36. 5-8)

35

Յովակիմ այդ արծաթն ու ոսկին Փարաւոնի տուաւ. բայց երկրին վրայ հարկ դրաւ, դրամը տալու համար՝ Փարաւոնի 21հրամանին համաձայն։ Երկրի ժողովուրդէն արծաթն ու ոսկին պահանջեց, ամէն մէկուն վրայ դրուած հարկին համեմատ, որպէսզի Փարաւոն Նեքաւովի տայ։

36

Յովակիմ քսանհինգ տարեկան էր՝ երբ թագաւոր եղաւ, ու Երուսաղէմի մէջ տասնմէկ տարի թագաւորեց։ Իր մայրը Ռումացի Փադայիայի աղջիկն էր՝ Զաբիդա անունով։

37

Ան Տէրոջ առջեւ չարիք գործեց, իր հայրերուն բոլոր ըրածներուն համաձայն։



1 Եբր.՝ ականջներուն
2 Եբր.՝ կնքեց
3 Եբր.՝ այդ ուխտին
4 Եբր.՝ քով կայնեցաւ
5 Եբր.՝ սեմին
6 Եբր.՝ դադրեցուց
7 Կամ՝ կենդանակամարին, այսինքն՝ զոդիակոսին
8 Եբր.՝ վերապահուած մարդոց (այսինքն՝ կռապաշտական պոռնկութեան վերապահուած)
9 Եբր.՝ տուներ
10 Եբր.՝ դռնէն մտնող մէկու մը
11 Եբր.՝ տուած
12 Կամ՝ արուարձանին
13 Եբր.՝ վազցուց
14 Կամ՝ հողը
15 Եբր.՝ գոչող
16 Եբր.՝ գոչեց
17 Եբր.՝ ազատեցին
18 Եբր.՝ թերափիմներն
19 Եբր.՝ զինք՝ մեռած՝ կառք նստեցուցին, Մակեդդովէն
20 Եբր.՝ աչքերուն
21 Եբր.՝ բերանին