Loading...

2 Kings 24

1 Kings  «  2 Kings 23  ‹  2 Kings 24  ›  2 Kings 25  »  1 Chronicles


1

1Անոր օրերը Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը 2արշաւեց, ու Յովակիմ երեք տարի անոր հպատակեցաւ. յետոյ 3դադրեցաւ եւ անոր դէմ ըմբոստացաւ։

2

Տէրը անոր դէմ Քաղդէացիներուն գունդերը, Ասորիներուն գունդերը, Մովաբացիներուն գունդերն ու Ամմոնի որդիներուն գունդերը ղրկեց։ Զանոնք Յուդայի դէմ ղրկեց, որպէսզի զայն կործանէ Տէրոջ խօսքին համաձայն, որ իր ծառաներուն՝ մարգարէներուն 4միջոցով ըսեր էր։

3

Անտարակոյս ասիկա Տէրոջ հրամանով 5պատահեցաւ Յուդայի, որպէսզի զայն իր ներկայութենէն հեռացնէ՝ Մանասէի մեղքերուն համար, իր բոլոր ըրածներուն համեմատ.

4

նաեւ անոր թափած անմեղ արիւնին համար, քանի որ Երուսաղէմը անմեղ արիւնով լեցուցեր էր. ուստի Տէրը չուզեց անոր ներել։

5

Յովակիմի մնացեալ արարքներն ու անոր բոլոր ըրածները՝ ահա՛ Յուդայի թագաւորներուն Ժամանակագրութեան գիրքին մէջ գրուած են։

6

Յովակիմ իր հայրերուն հետ քնացաւ, եւ անոր տեղ իր որդին՝ 6Յովաքին թագաւոր եղաւ։

7

Եգիպտոսի թագաւորը անկէ ետք անգա՛մ մըն ալ իր երկրէն չելաւ, քանի որ Բաբելոնի թագաւորը Եգիպտոսի թագաւորին ամբողջ ունեցածը գրաւեր էր՝ Եգիպտոսի վտակէն մինչեւ Եփրատ գետը։


ՅՈՒԴԱՅԻ ՅՈՎԱՔԻՆ ԹԱԳԱՒՈՐԸ (Բ. Մնաց. 36. 9-10)

8

Յովաքին տասնութ տարեկան էր՝ երբ թագաւոր եղաւ, ու Երուսաղէմի մէջ երեք ամիս թագաւորեց։ Իր մայրը Երուսաղեմացի Եղնաթանի աղջիկն էր՝ Նեհուսթա անունով։

9

Ան Տէրոջ 7առջեւ չարիք գործեց՝ իր հօր բոլոր ըրածներուն համաձայն։

10

Այդ ատեն՝ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ծառաները Երուսաղէմի դէմ արշաւեցին, ու քաղաքը պաշարուեցաւ։

11

Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը քաղաքին առջեւ հասաւ, մինչ իր ծառաները զայն պաշարած էին։

12

Յուդայի թագաւորը՝ Յովաքին Բաբելոնի թագաւորին 8յանձնուեցաւ, ինք, իր մայրը, իր ծառաները, իշխանաւորներն ու պալատականները։ Բաբելոնի թագաւորը՝ իր թագաւորութեան ութերորդ տարին զայն բռնեց։

13

Տէրոջ տան բոլոր գանձերն ու թագաւորին տան գանձերը անկէ 9տարաւ, եւ կոտրտեց այն բոլոր ոսկիէ առարկաները, որ Իսրայէլի Սողոմոն թագաւորը Տէրոջ տաճարին համար շիներ էր, ինչպէս Տէրը ըսեր էր։

14

Ամբողջ Երուսաղէմը — բոլոր իշխանաւորները, բոլոր զօրաւոր կտրիճները, տասը հազար տարագիր, նաեւ բոլոր հիւսներն ու դարբինները — տարագրեց։ Երկրին չքաւոր ժողովուրդէն զատ ո՛չ մէկը մնաց։

15

Յովաքինը Բաբելոն տարագրեց, նաեւ թագաւորին մայրը, թագաւորին կիները, անոր պալատականներն ու երկրին զօրաւորները. զանոնք Երուսաղէմէն Բաբելոն տարագրութեան տարաւ։

16

Բոլոր կտրիճ մարդիկը՝ եօթը հազար մարդ, հազար հիւսն եւ դարբին, բոլորն ալ զօրաւոր պատերազմողներ, Բաբելոնի թագաւորը 10Բաբելոն տարագրութեան տարաւ։

17

Բաբելոնի թագաւորը 11Յովաքինի տեղ իր հօրեղբայրը՝ Մաթանիան թագաւոր հռչակեց, եւ անոր անունը Սեդեկիայի փոխեց։


ՅՈՒԴԱՅԻ ՍԵԴԵԿԻԱ ԹԱԳԱՒՈՐԸ (Բ. Մնաց. 36. 11-12։ Երեմ. 52. 1-3ա)

18

Սեդեկիա քսանմէկ տարեկան էր՝ երբ թագաւոր եղաւ, ու Երուսաղէմի մէջ տասնմէկ տարի թագաւորեց։ Իր մայրը Լեբնացի Երեմիայի աղջիկն էր՝ Ամիտաղ անունով։

19

Ան Տէրոջ առջեւ չարիք գործեց, Յովակիմի բոլոր ըրածներուն համաձայն։

20

Սեդեկիա Բաբելոնի թագաւորին դէմ ըմբոստացաւ, քանի որ Տէրոջ բարկութիւնը Երուսաղէմի եւ Յուդայի դէմ էր, մինչեւ որ զանոնք իր ներկայութենէն վտարեց։



1 Եբր.՝ Անոր
2 Եբր.՝ բարձրացաւ
3 Եբր.՝ դարձաւ
4 Եբր.՝ ձեռքով
5 Եբր.՝ եղաւ
6 Կամ՝ Յեքոնիա
7 Եբր.՝ աչքերուն
8 Եբր.՝ դուրս ելաւ
9 Եբր.՝ դուրս հանեց
10 Եբր.՝ զանոնք Բաբելոն
11 Եբր.՝ անոր