2 Kings 25
1 Kings « 2 Kings 24 ‹ 2 Kings 25 › 1 Chronicles 1 » 1 Chronicles
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԱՆԿՈՒՄԸ (Բ. Մնաց. 36. 13-21։ Երեմ. 52. 3բ-11)
1Սեդեկիայի թագաւորութեան իններորդ տարուան տասներորդ ամիսը, ամսուան տասներորդ օրը, Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը իր բոլոր զօրագունդերով Երուսաղէմի առջեւ հասաւ։ Անոր դիմաց բանակեցաւ, եւ անոր դէմ բոլորաձեւ մարտկոցներ կառուցանեց.
2մինչեւ Սեդեկիա թագաւորին տասնմէկերորդ տարին՝ քաղաքը պաշարուեցաւ։
3Չորրորդ ամսուան իննին՝ քաղաքին մէջ սովը սաստկացաւ, ու երկրին ժողովուրդը հաց չունէր։
4Քաղաքին պարիսպը ճեղքուեցաւ, եւ գիշերուան մէջ՝ բոլոր պատերազմիկները թագաւորին պարտէզին քով եղող երկու պարիսպներուն մէջտեղի դրան ճամբայէն փախան, մինչ Քաղդէացիները քաղաքը շրջապատած էին։ Թագաւորը դաշտին ճամբայէն գնաց։
5Քաղդէացիներուն զօրագունդերը թագաւորը հետապնդեցին. Երիքովի դաշտերուն մէջ անոր հասան, եւ անոր բոլոր զօրագունդերը իր քովէն ցրուեցան։
6Թագաւորը բռնեցին, զայն Ռեբղա բարձրացուցին՝ Բաբելոնի թագաւորին քով, եւ անոր դատավճիռը արձակեցին։
7Սեդեկիայի որդիները իր աչքերուն առջեւ մորթեցին, Սեդեկիայի աչքերը կուրցուցին, զինք պղինձէ շղթաներով կապեցին ու Բաբելոն տարին։
ՏԱՃԱՐԻՆ ԿՈՐԾԱՆՈՒՄԸ (Երեմ. 52. 12-33)
8Բաբելոնի թագաւորին — Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին — տասնիններորդ տարուան հինգերորդ ամիսը, ամսուան եօթներորդ օրը, Բաբելոնի թագաւորին ծառան՝ Նաբուզարդան թիկնապահապետը Երուսաղէմ մտաւ.
9Տէրոջ տունը, թագաւորին տունը, ու Երուսաղէմի բոլոր տուները այրեց. բոլոր մեծ մարդոց տուները կրակով այրեց։
10Թիկնապահապետին հետ եղող Քաղդէացիներուն բոլոր զօրագունդերը Երուսաղէմը շրջապատող պարիսպները փլցուցին։
11Նաբուզարդան թիկնապահապետը տարագրեց ժողովուրդին մնացորդը՝ որ տակաւին քաղաքին մէջ 1կը բնակէր՝՝, Բաբելոնի թագաւորին 2կողմը անցած՝՝ 3դասալիքները, եւ մնացած բազմութիւնը։
12Սակայն թիկնապահապետը երկրին չքաւորներէն մաս մը թողուց՝ որ այգեգործներ ու երկրագործներ ըլլան։
13Քաղդէացիները Տէրոջ տան մէջ եղող պղինձէ սիւներն ու 4մեքենովթները, նաեւ Տէրոջ տան մէջ եղող պղինձէ ծովը կոտրտեցին, եւ անոնց պղինձը Բաբելոն փոխադրեցին։
14Կաթսաները, թիակները, բազմակալներն ու խնկամանները գրաւեցին, նաեւ պաշտօն կատարելու համար գործածուած բոլոր պղինձէ անօթները։
15Թիկնապահապետը 5ոսկիէ եւ արծաթէ կրակարաններն ու կոնքերը գրաւեց՝՝.
16նաեւ Տէրոջ տան համար Սողոմոնի շինած երկու սիւները, մէկ ծովն ու մեքենովթները։ Այս բոլոր առարկաներուն պղինձը կշիռ չունէր։
17Մէկ սիւնին բարձրութիւնը տասնութ կանգուն էր, եւ անոր վրայ պղինձէ խոյակ մը կար։ Խոյակին բարձրութիւնը երեք կանգուն էր. խոյակին վրայ բոլորաձեւ ցանցակերպ զարդ մը եւ նուռեր կային, բոլորն ալ պղինձէ. միւս սիւնն ալ ցանցակերպ զարդ ունէր։
ՅՈՒԴԱՅԻ ԲՆԱԿԻՉՆԵՐԸ ԿԸ ՏԱՐԱԳՐՈՒԻՆ ԲԱԲԵԼՈՆ (Երեմ. 52. 24-27)
18Թիկնապահապետը աւագ քահանան՝ Սարայիան, երկրորդ քահանան՝ Սոփոնիան, ու երեք 6դրան պահապանները բռնեց։
19Քաղաքէն բռնեց պալատական մը՝ որ պատերազմիկներուն զօրագլուխն էր, նաեւ թագաւորին 7սպասարկուներէն՝՝ հինգ մարդ՝ որ քաղաքին մէջ գտնուեցաւ, զօրքին ատենադպրապետը՝ որ երկրին ժողովուրդը կը զինուորագրէր, ու երկրին ժողովուրդէն վաթսուն մարդ՝ որ քաղաքին մէջ գտնուեցաւ։
20Նաբուզարդան թիկնապահապետը զանոնք բռնեց, եւ Ռեբղա տարաւ՝ Բաբելոնի թագաւորին։
21Բաբելոնի թագաւորը զանոնք զարկաւ, ու Եմաթի երկրին՝ Ռեբղայի մէջ զանոնք մեռցուց։ Այսպէս՝ Յուդա իր 8երկրէն տարագրուեցաւ։
ԳՈԴՈՂԻԱ՝ ՅՈՒԴԱՅԻ ՎԵՐԱՏԵՍՈՒՉ (Երեմ. 40. 7-9։ 41. 1-3)
22Իսկ Յուդայի երկրին մէջ մնացած ժողովուրդին վրայ, որ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը հոն թողուցած էր, Սափանեան Աքիկամի որդին՝ Գոդողիան 9վերատեսուչ նշանակեց՝՝։
23Երբ բոլոր զօրապետները — թէ՛ իրենք, թէ՛ իրենց մարդիկը — լսեցին թէ Բաբելոնի թագաւորը Գոդողիան վերատեսուչ նշանակեր է, Մասփա եկան՝ Գոդողիայի քով, այսինքն Նաթանիայի որդին՝ Իսմայէլ, Կարէի որդին՝ Յոհանան, Թանհումէթի որդին՝ Նետոփաթացի Սարայիա, ու Մաքաթիի որդին՝ Յեզոնիա — թէ՛ իրենք, թէ՛ իրենց մարդիկը։
24Գոդողիա անոնց եւ իրենց մարդոց երդում ըրաւ, ու անոնց ըսաւ. «Քաղդէացիներու 10ծառայելէն մի՛ վախնաք. այս երկրի՛ն մէջ բնակեցէք եւ Բաբելոնի թագաւորի՛ն ծառայեցէք, ու 11գոհ պիտի ըլլաք»։
25Եօթներորդ ամիսը, թագաւորական զարմէն եղող Եղիսամայի որդիին՝ Նաթանիայի որդին՝ Իսմայէլ, տասը մարդով եկաւ, եւ Գոդողիան զարկին (ու մեռաւ), նոյնպէս ալ անոր հետ Մասփա եղող Հրեաներն ու Քաղդէացիները։
26Ապա ամբողջ ժողովուրդը, պզտիկէն մինչեւ մեծը, նաեւ զօրապետները, կանգնեցան ու Եգիպտոս գացին, քանի որ Քաղդէացիներէն կը վախնային։
ՅՈՎԱՔԻՆ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ ՏԱՐԱԳՐՈՒԹԵՆԷՆ (Երեմ. 52. 31-34)
27Յուդայի Յովաքին թագաւորին տարագրութեան երեսունեօթներորդ տարին, տասներկրորդ ամսուան քսանեօթներորդ օրը, Բաբելոնի Եղմարովդաք թագաւորը՝ իր թագաւոր եղած տարին՝ Յուդայի Յովաքին թագաւորին գլուխը բարձրացուց, ու զայն բանտէն հանեց։
28Անոր հետ 12քաղցրութեամբ խօսեցաւ, եւ անոր գահը Բաբելոնի մէջ իրեն հետ եղող թագաւորներուն գահէն վեր դրաւ։
29Անոր բանտի հագուստները փոխեց, ու ան իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ շարունակ անոր 13հետ հաց կերաւ։
30Անոր ռոճիկը մշտատեւ ռոճիկ ըլլալով, օրական քանակը ամէն օր թագաւորէն իրեն տրուեցաւ՝ իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ։