2 Samuel 2
1 Samuel « 2 Samuel 1 ‹ 2 Samuel 2 › 2 Samuel 3 » 1 Kings
ԴԱՒԻԹ Կ’ԸԼԼԱՅ ՅՈՒԴԱՅԻ ԹԱԳԱՒՈՐ
1Ասկէ ետք Դաւիթ Տէրոջ հարցուց. «Յուդայի քաղաքներէն մէկը բարձրանա՞մ»։ Տէրը անոր ըսաւ. «Բարձրացի՛ր»։ Դաւիթ ըսաւ. «Ո՞ւր բարձրանամ»։ Տէրը ըսաւ. «Քեբրոն»։
2Ուստի Դաւիթ հոն բարձրացաւ, նաեւ իր երկու կիները, այսինքն Յեզրայելացի Աքինոամն ու Կարմելացի Նաբաղի կինը՝ Աբիգեան։
3Դաւիթ իրեն հետ եղող իր մարդիկն ալ բարձրացուց, իւրաքանչիւրը իր ընտանիքով, եւ Քեբրոնի քաղաքներուն մէջ բնակեցան։
4Յուդայի մարդիկը եկան, ու հոն Դաւիթը Յուդայի տան վրայ թագաւոր օծեցին։ Դաւիթի պատմեցին թէ “Գաղաադի Յաբիսի բնակիչնե՛րը թաղեցին Սաւուղը”։
5Դաւիթ Գաղաադի Յաբիսի բնակիչներուն պատգամաւորներ ղրկեց եւ անոնց ըսաւ. «Դուք Տէրոջմէն օրհնեա՜լ ըլլաք, որ ձեր տիրոջ՝ Սաւուղի հետ այսպէս կարեկցութեամբ վարուեցաք, ու զինք թաղեցիք։
6Հիմա Տէրը ձեզի հետ կարեկցութեամբ եւ ճշմարտութեամբ թող վարուի. ես ալ ձեզի այս բարիքին փոխարէնը պիտի հատուցանեմ, քանի որ այս արարքը ըրիք։
7Հիմա ձեր ձեռքերը թող ուժովնան, ու 1կտրի՛ճ եղէք. արդարեւ ձեր Տէրը՝ Սաւուղ մեռաւ, եւ Յուդայի տունը զիս իր վրայ թագաւոր օծեց»։
ՅԵԲՈՒՍԹԷ Կ’ԸԼԼԱՅ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԹԱԳԱՒՈՐ
8Սակայն Սաւուղի զօրապետը՝ Ներեան Աբեններ, Սաւուղի որդին՝ Յեբուսթէն առաւ, զայն Մանայիմ անցուց,
9ու զինք թագաւոր նշանակեց Գաղաադի վրայ, Ասուրիի վրայ, Յեզրայէլի վրայ, Եփրեմի վրայ, Բենիամինի վրայ, եւ ամբողջ Իսրայէլի վրայ։
10Երբ Սաւուղի որդին՝ Յեբուսթէ Իսրայէլի վրայ թագաւոր եղաւ, քառասուն տարեկան էր, ու երկու տարի թագաւորեց. միայն Յուդայի տունը Դաւիթի հետեւեցաւ։
11Քեբրոնի մէջ՝ Յուդայի տան վրայ Դաւիթի թագաւոր եղած ժամանակը եօթը տարի ու վեց ամիս եղաւ։
ՊԱՏԵՐԱԶՄ ՅՈՒԴԱՅԻ ԵՒ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՄԻՋԵՒ
12Ներեան Աբեններ, եւ Սաւուղի որդիին՝ Յեբուսթէի ծառաները Մանայիմէն ելան դէպի Գաբաւոն։
13Շարուհեայի որդին՝ Յովաբ, ու Դաւիթի ծառաներն ալ Քեբրոնէն ելան, ու Գաբաւոնի աւազանին քով անոնց հանդիպեցան։ Ասոնք աւազանին մէկ կողմը կեցան, իսկ անոնք՝ աւազանին միւս կողմը։
14Աբեններ Յովաբի ըսաւ. «Այժմ երիտասարդները թող կանգնին ու մեր առջեւ խայտան»։ Յովաբ ըսաւ. «Թող կանգնին»։
15Ուստի անոնք նոյն թիւով կանգնեցան եւ անցան.— տասներկու մարդ Բենիամինէն եւ Սաւուղի որդիին՝ Յեբուսթէի կողմէն, ու տասներկու մարդ Դաւիթի ծառաներէն։
16Իւրաքանչիւրը իր 2հակառակորդին գլուխէն բռնեց, եւ իր սուրը հակառակորդին կողը խոթեց, ու միասին ինկան։ Ուստի այդ տեղին անունը 3Քեղկաթ-Ասուրիմ կոչուեցաւ, որ Գաբաւոնի մէջ է։
17Այդ օրը յոյժ սաստիկ պատերազմ եղաւ, եւ Աբեններ՝ Իսրայէլի մարդոց հետ՝ Դաւիթի ծառաներէն պարտուեցաւ։
18Շարուհեայի երեք որդիները՝ Յովաբ, Աբեսսա ու Ասայէլ՝ հոն էին. Ասայէլ դաշտի այծեամի պէս 4թեթեւաշարժ էր՝՝։
19Ասայէլ Աբենները հալածեց. Աբենների հետեւելու ատեն՝ աջ կամ ձախ կողմ չշեղեցաւ։
20Աբեններ ետեւը դարձաւ եւ ըսաւ. «Ասայէ՛լ, դո՞ւն ես»։ Ան ալ պատասխանեց. «Ե՛ս եմ»։
21Աբեններ անոր ըսաւ. «Քու աջ կամ ձախ կողմդ շեղէ՛, երիտասարդներէ՛ն մէկը բռնէ եւ անո՛ր 5զէնքերը քեզի առ»։ Բայց Ասայէլ անոր ետեւէն շեղիլ չուզեց։
22Աբեններ անգա՛մ մըն ալ Ասայէլի ըսաւ. «Ետեւէս շեղէ՛. քեզ ինչո՞ւ գետինը զարնեմ. յետոյ ի՞նչպէս երեսս պիտի վերցնեմ եղբօրդ՝ Յովաբի նայելու»։
23Բայց ան մերժեց անոր ետեւէն շեղիլ։ Ուստի Աբեններ նիզակին ետեւի ծայրով 6սնակուշտէն զարկաւ, ու նիզակը անոր կռնակէն ելաւ. հոն ինկաւ, եւ նոյն տեղը մեռաւ։ Բոլոր անոնք՝ որ Ասայէլի ինկած ու մեռած տեղը կու գային, կանգ կ’առնէին։
24Յովաբ եւ Աբեսսա Աբենները կը հալածէին. արեւը մայր կը մտնէր երբ անոնք Ամմայի բլուրը հասան, որ Գիայի դիմաց է՝ Գաբաւոնի անապատին ճամբան։
25Բենիամինի որդիները Աբենների ետեւ հաւաքուեցան, մէ՛կ գունդ եղան ու բլուրի մը գագաթը կայնեցան։
26Աբեններ Յովաբի պոռալով՝ ըսաւ. «Միթէ սուրը ընդմիշտ պիտի սպառէ՞։ Չե՞ս գիտեր թէ ասոր վախճանը դառն պիտի ըլլայ։ Մինչեւ ե՞րբ ժողովուրդին պիտի չհրամայես՝ որ իրենց 7եղբայրները հալածելէն վերադառնան»։
27Յովաբ ըսաւ. «Աստուած կ’ապրի՛. եթէ դուն խօսած չըլլայիր, ժողովուրդէն իւրաքանչիւրը իր 8եղբայրը հալածելէն վերադարձած՝՝ պիտի ըլլար՝ առտուընէ ի վեր»։
28Այն ատեն Յովաբ շեփոր հնչեցուց, եւ ամբողջ ժողովուրդը կանգ առաւ. ա՛լ Իսրայէլը չհալածեցին, անգա՛մ մըն ալ չպատերազմեցան։
29Աբեններ եւ իր մարդիկը այդ ամբողջ գիշերը դաշտին մէջէն քալելով՝ Յորդանանէն անցան, ապա ամբողջ Բեթրոնէն երթալով՝ Մանայիմ հասան։
30Յովաբ 9Աբենները հալածելէն՝՝ վերադարձաւ եւ ամբողջ ժողովուրդը հաւաքեց։ Դաւիթի ծառաներէն տասնինը մարդ ու Ասայէլ կը պակսէին.
31իսկ Դաւիթի ծառաները Բենիամինէն եւ Աբենների մարդոցմէն երեք հարիւր վաթսուն մարդ զարկած ու մեռցուցած էին։
32Ասայէլը վերցուցին, եւ զայն Բեթլեհէմի մէջ՝ իր հօր գերեզմանը թաղեցին։ Յովաբ ու իր մարդիկը ամբողջ գիշերը քալեցին, եւ արշալոյսին Քեբրոն հասան։