Loading...

2 Samuel 3

1 Samuel  «  2 Samuel 2  ‹  2 Samuel 3  ›  2 Samuel 4  »  1 Kings


1

Սաւուղի տան ու Դաւիթի տան միջեւ երկայն պատերազմ եղաւ։ Դաւիթ 1հետզհետէ կը զօրանար, բայց Սաւուղի տունը հետզհետէ կը տկարանար։


ԴԱՒԻԹԻ ՈՐԴԻՆԵՐԸ

2

Քեբրոնի մէջ որդիներ ծնան Դաւիթի։ Անոր անդրանիկը Ամնոնն էր, Յեզրայելացի Աքինոամէն ծնած.

3

անոր երկրորդը Քիլաբն էր, Կարմելացի Նաբաղի կնոջմէն՝ Աբիգեայէն ծնած. երրորդը Աբիսողոմն էր, Գեսուրի թագաւորին՝ Թոլմիի աղջիկին Մաաքայի որդին.

4

չորրորդը Ադոնիան էր, Ագգիթի որդին. հինգերորդը Սափատիան էր, Աբիտալի որդին.

5

վեցերորդը Յեթրամն էր, Դաւիթի կնոջմէն՝ Եգղայէն ծնած։ Քեբրոնի մէջ ասոնք ծնան Դաւիթի։

6

Քանի Սաւուղի տան ու Դաւիթի տան միջեւ պատերազմ կար, Աբեններ Սաւուղի 2տան թիկունքն էր՝՝։

7

Սաւուղ հարճ մը ունէր՝ որուն անունը Ռեսփա էր, եւ Այիայի աղջիկն էր։ Յեբուսթէ Աբենների ըսաւ. «Ինչո՞ւ մտար իմ հօրս հարճին»։


ԱԲԵՆՆԵՐ ԿԸ ՄԻԱՆԱՅ ԴԱՒԻԹԻ

8

Աբեններ Յեբուսթէի խօսքերուն համար չափազանց բարկացաւ, եւ ըսաւ. «Միթէ ես շունի գլո՞ւխ եմ, որ այսօր — Յուդայի դէմ — կարեկցութեամբ վարուեցայ քու հօրդ՝ Սաւուղի տան, անոր եղբայրներուն ու բարեկամներուն հետ, եւ քեզ Դաւիթի ձեռքը չմատնեցի, ու դուն այսօր զիս կը մեղադրես այս կնոջ համար։

9

Աստուած Աբենների այսպէս եւ ասկէ աւելին ընէ, եթէ Դաւիթի չընեմ ինչ որ Տէրը անոր երդում ըրաւ,

10

թագաւորութիւնը Սաւուղի տունէն 3վերցնելով ու Դաւիթի գահը Իսրայէլի վրայ եւ Յուդայի վրայ հաստատելով՝ Դանէն մինչեւ Բերսաբէ»։

11

Յեբուսթէ անգա՛մ մըն ալ չկրցաւ Աբենների 4պատասխանել, քանի որ անկէ կը վախնար։

12

Աբեններ իր կողմէն Դաւիթի պատգամաւորներ ղրկեց՝ ըսելով. «Այս երկիրը որո՞ւնն է»։ Նաեւ ըսաւ. «Ինծի հետ դաշի՛նք կնքէ, եւ ահա՛ իմ ձեռքս քեզի հետ պիտի ըլլայ՝ ամբողջ Իսրայէլը քեզի դարձնելու համար»։

13

Դաւիթ ըսաւ. «Լա՛ւ, քեզի հետ դաշինք կը կնքեմ, բայց քեզմէ մէ՛կ բան կը պահանջեմ.— իմ երեսս պիտի չտեսնես, եթէ Սաւուղի աղջիկը՝ Մեղքողը ինծի չբերես, երբ իմ երեսս տեսնելու գաս»։

14

Դաւիթ Սաւուղի որդիին՝ Յեբուսթէի պատգամաւորներ ղրկեց, ըսելով. «Տո՛ւր ինծի իմ կինս՝ Մեղքողը, որուն նշանուեցայ Փղշտացիներու հարիւր թլիփով»։

15

Յեբուսթէ մարդ ղրկեց, ու զայն իր ամուսինէն՝ Լայիսեան Փաղտիէլէն առաւ։

16

Իր ամուսինը իրեն հետ մինչեւ Բաւուրիմ գնաց. իր ետեւէն լալով կ’երթար։ Յետոյ Աբեններ անոր ըսաւ. «Գնա՛, վերադարձիր՛»։ Ան ալ վերադարձաւ։

17

Աբեններ Իսրայէլի երէցներուն հետ խօսեցաւ՝ ըսելով. «5Նախապէս 6կ’ուզէիք որ Դաւիթ ձեր վրայ թագաւոր ըլլայ.

18

ուրեմն ըրէ՛ք հիմա, քանի Տէրը Դաւիթի մասին ըսաւ. “Իմ ծառայիս՝ Դաւիթի ձեռքով պիտի ազատեմ իմ ժողովուրդս՝ Իսրայէլը Փղշտացիներուն ձեռքէն եւ անոր բոլոր թշնամիներուն ձեռքէն”»։

19

Աբեններ նոյն խօսքերը Բենիամինի ականջներուն ալ ըսաւ։ Յետոյ Աբեններ Քեբրոն գնաց, որպէսզի Դաւիթի ականջներուն ալ հաղորդէ ամէն ինչ որ Իսրայէլի ու Բենիամինի ամբողջ տան 7հաճելի կը թուէր՝՝։

20

Աբեններ Քեբրոն գնաց՝ Դաւիթի քով, իրեն հետ քսան մարդ ունենալով։ Դաւիթ Աբենների եւ անոր հետ եղող մարդոց խնճոյք ըրաւ։

21

Աբեններ Դաւիթի ըսաւ. «Պիտի կանգնիմ, երթամ եւ ամբողջ Իսրայէլը իմ տիրոջս՝ թագաւորին քով հաւաքեմ, որպէսզի քեզի հետ դաշինք կնքեն ու 8սիրտիդ ամբողջ փափաքածին վրայ թագաւորես»։ Դաւիթ Աբենները ուղարկեց, ան ալ խաղաղութեամբ գնաց։


ԱԲԵՆՆԵՐ ԿԸ ՍՊԱՆՆՈՒԻ

22

Ահա՛ Դաւիթի ծառաները եւ Յովաբ 9ասպատակութենէ վերադարձան՝՝, ու իրենց հետ յոյժ շատ աւար բերին։ Աբեններ Դաւիթի քով՝ Քեբրոն չէր. արդարեւ Դաւիթ զինք ուղարկեր էր, եւ ինք խաղաղութեամբ գացեր էր։

23

Երբ Յովաբ ու անոր հետ եղող ամբողջ զօրքը եկան, Յովաբի պատմեցին. «Ներեան Աբեններ թագաւորին եկաւ. ան ալ զինք ուղարկեց, ու խաղաղութեամբ գնաց»։

24

Այն ատեն Յովաբ թագաւորին գնաց եւ ըսաւ. «Ի՞նչ ըրիր. ահա՛ Աբեններ քեզի եկեր է. ինչո՞ւ զայն ուղարկեցիր՝ որ երթայ։

25

Դուն 10չե՞ս գիտեր՝՝ թէ Ներեան Աբեններ քեզ 11խաբելու, քու ելքդ ու մուտքդ հասկնալու եւ ամէն ըրածդ գիտնալու համար եկաւ»։

26

Երբ Յովաբ Դաւիթի քովէն ելաւ, Աբենների ետեւէն պատգամաւորներ ղրկեց, որոնք զայն Սիրայի ջրհորէն վերադարձուցին. բայց Դաւիթ չէր գիտեր։

27

Երբ Աբեններ Քեբրոն վերադարձաւ, Յովաբ զայն դրան մէջ մէկ կողմ քաշեց՝ անոր հետ 12ծածկաբար խօսելու համար, ու զայն հոն սնակուշտէն զարկաւ, իր եղբօր՝ Ասայէլի արիւնի վրէժը առնելու համար. եւ ան մեռաւ։

28

Դաւիթ յետոյ լսեց, ու ըսաւ. «Ես եւ իմ թագաւորութիւնս Ներեան Աբենների արիւնէն յաւիտեան անպարտ ենք Տէրոջ առջեւ։

29

Յովաբի գլուխին վրայ ու անոր հօր ամբողջ տան վրայ թող հասնի, եւ Յովաբի տունէն սերմնակաթ, բորոտ, ցուպի կռթնող, սուրով ինկող ու հացի կարօտ չպակսի»։

30

Այսպէս Յովաբ եւ անոր եղբայրը՝ Աբեսսա Աբենները մեռցուցին, քանի որ ան իրենց եղբայրը՝ Ասայէլը պատերազմի ժամանակ Գաբաւոնի մէջ մեռցուցեր էր։


ԱԲԵՆՆԵՐ ԿԸ ԹԱՂՈՒԻ

31

Դաւիթ Յովաբի եւ անոր հետ եղող ամբողջ ժողովուրդին ըսաւ. «Ձեր հագուստները պատռեցէ՛ք, 13քո՛ւրձ հագէք՝՝, ու հեծեծեցէ՛ք Աբենների առջեւէն»։ Դաւիթ թագաւորը դագաղին ետեւէն գնաց։

32

Աբենները Քեբրոնի մէջ թաղեցին։ Թագաւորը ձայնը բարձրացուց եւ Աբենների գերեզմանին վրայ լացաւ. ամբողջ ժողովուրդն ալ լացաւ։

33

Թագաւորը Աբենների վրայ ողբաց եւ ըսաւ. «Միթէ Աբեններ այնպէ՞ս մեռաւ, Ինչպէս անզգամ մարդ մը կը մեռնի։

34

Քու ձեռքերդ կապուած չէին, Ու ոտքերդ պղինձէ շղթաներու մէջ դրուած չէին. Անօրէններուն առջեւ 14ինկողի մը պէս ինկար»։ Ամբողջ ժողովուրդը վերստին անոր վրայ լացաւ։

35

Մինչ տակաւին ցերեկ էր, ամբողջ ժողովուրդը եկաւ որ Դաւիթի հաց կերցնէ. բայց Դաւիթ երդում ըրաւ ու ըսաւ. «Աստուած ինծի այսպէս եւ ասկէ աւելին ընէ, եթէ արեւին մայր մտնելէն առաջ հաց կամ ուրիշ բան մը համտեսեմ»։

36

Ամբողջ ժողովուրդը 15ուշադրութիւն դարձուց՝՝, ու ասիկա իրենց 16հաճելի եղաւ, ինչպէս թագաւորին ամէն ըրածը ամբողջ ժողովուրդին հաճելի էր։

37

Այդ օրը ամբողջ ժողովուրդը եւ ամբողջ Իսրայէլը հասկցան թէ Ներեան Աբենների մեռցուիլը թագաւորին կամքով չէր։

38

Թագաւորը իր ծառաներուն ըսաւ. «Չէ՞ք գիտեր թէ այսօր Իսրայէլի մէջ մեծ 17զօրապետ մը ինկաւ։

39

Ես այսօր 18տկար եմ, թէպէտ թագաւոր օծուեցայ, իսկ այս մարդիկը՝ Շարուհեայի որդիները՝ ինծի համար դաժան են. Տէրը հատուցանէ չարիք գործողին՝ իր չարութեան համեմատ»։



1 Եբր.՝ երթալով
2 Եբր.՝ տան մէջ կ’ուժովնար
3 Եբր.՝ փոխանցելով
4 Եբր.՝ խօսք վերադարձնել
5 Եբր.՝ Երէկ ու նախորդ օր
6 Եբր.՝ կը փնտռէիք
7 Եբր.՝ աչքերուն լաւ էր
8 Եբր.՝ անձիդ
9 Եբր.՝ գունդի մը վրայ յարձակելէն եկան
10 Եբր.՝ գիտես
11 Եբր.՝ հրապուրելու
12 Կամ՝ հանդարտօրէն
13 Եբր.՝ քուրձո՛վ գօտեւորուեցէք
14 Եբր.՝ ինկող որդիի
15 Եբր.՝ ճանչցաւ
16 Եբր.՝ աչքերուն լաւ
17 Եբր.՝ պետ
18 Եբր.՝ փափուկ