Loading...

2 Samuel 4

1 Samuel  «  2 Samuel 3  ‹  2 Samuel 4  ›  2 Samuel 5  »  1 Kings


ՅԵԲՈՒՍԹԷ ԿԸ ՍՊԱՆՆՈՒԻ

1

Երբ Սաւուղի որդին՝ Յեբուսթէ լսեց թէ Աբեններ Քեբրոնի մէջ մեռած է, ձեռքերը թուլցան, եւ ամբողջ Իսրայէլը շփոթեցաւ։

2

Սաւուղի որդին երկու գնդապետ ունէր. մէկուն անունը Բաանա էր, ու միւսին անունը՝ Ռեքաբ։ Ասոնք Բենիամինի որդիներէն Բերովթացի Ռեմոնի որդիներն էին. (արդարեւ Բերովթ ալ Բենիամինեաններուն քաղաքը կը սեպուէր.

3

Բերովթացիները Գեթթայիմ փախան եւ հոն մինչեւ այսօր պանդխտացան։)

4

Սաւուղի որդին՝ Յովնաթան ոտքերը 1կաղ որդի մը ունէր. ան հինգ տարեկան էր՝ երբ Սաւուղի ու Յովնաթանի մահուան գոյժը Յեզրայէլէն եկաւ։ Անոր դայեակը զինք առաւ եւ փախաւ. մինչ կ’աճապարէր փախչելու, տղան ինկաւ ու կաղ եղաւ. անոր անունը Մեմփիբոսթէ էր։

5

Բերովթացի Ռեմոնի որդիները, Ռեքաբ ու Բաանա, գացին եւ ցերեկուան տաք ատենը Յեբուսթէի տունը մտան. ան կէսօրին պառկած էր անկողինին վրայ։

6

Անոնք մինչեւ տան մէջտեղը մտան, իբր թէ ցորեն պիտի առնէին, եւ զինք սնակուշտէն զարկին. յետոյ Ռեքաբ եւ անոր եղբայրը՝ Բաանա անկէ խոյս տուին։

7

Արդարեւ երբ անոնք տունը մտան, ինք իր ննջասենեակը՝ մահիճին մէջ պառկած էր. ուստի զինք զարկին, մեռցուցին, գլխատեցին, եւ իր գլուխը առնելով՝ ամբողջ գիշերը դաշտին ճամբայով գացին։

8

Յեբուսթէի գլուխը Քեբրոն տարին՝ Դաւիթի, ու թագաւորին ըսին. «Ահա՛ քու թշնամիիդ, քու կեանքդ փնտռող Սաւուղի որդիին՝ Յեբուսթէի գլուխը։ Տէրը Սաւուղէն եւ անոր զարմէն իմ տիրոջս՝ թագաւորին վրէժը առաւ այսօր»։

9

Դաւիթ Բերովթացի Ռեմոնի որդիներուն, Ռեքաբի ու անոր եղբօր՝ Բաանայի, պատասխանեց. «Իմ անձս ամէն տեսակ տագնապէ ազատող Տէրը կ’ապրի՛.

10

ա՛ն որ ինծի պատմեց. “Ահա՛, Սաւուղ մեռաւ”, 2ինքզինք աւետաբեր կարծելով՝՝, զայն բռնեցի ու Սիկելակի մէջ զայն մեռցուցի, եւ անոր տուած աւետիսին վարձքը այդ եղաւ։

11

Ո՜րչափ աւելի նոյն վարձքը պիտի տրուի այն ամբարիշտ մարդոց, որոնք արդար մարդ մը իր տան մէջ՝ իր անկողինին վրայ մեռցուցին։ Հիմա անոր արիւնը անշուշտ ձեր ձեռքէն պիտի պահանջեմ, ու ձեզ երկրի վրայէն պիտի բնաջնջեմ»։

12

Այն ատեն Դաւիթ իր երիտասարդներուն հրամայեց, եւ զանոնք մեռցուցին, անոնց ձեռքերն ու ոտքերը կտրեցին, եւ զանոնք Քեբրոնի աւազանին վրայ կախեցին։ Իսկ Յեբուսթէի գլուխը առին, ու Քեբրոն՝ Աբենների գերեզմանին մէջ թաղեցին։



1 Եբր.՝ զարնուած
2 Եբր.՝ աչքերուն աւետաբեր ըլլալով