Loading...

2 Samuel 5

1 Samuel  «  2 Samuel 4  ‹  2 Samuel 5  ›  2 Samuel 6  »  1 Kings


ԴԱՒԻԹ Կ’ԸԼԼԱՅ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԵՒ ՅՈՒԴԱՅԻ ԹԱԳԱՒՈՐ (Ա. Մնաց. 11. 1-9։ 14. 1-7)

1

Իսրայէլի բոլոր տոհմերը Քեբրոն եկան՝ Դաւիթի, եւ անոր ըսին. «Ահա՛ մենք քու ոսկորդ ու միսդ ենք։

2

1Նախապէս ալ՝ երբ Սաւուղ մեր վրայ թագաւոր էր, Իսրայէլը դուրս հանողն ու ներս բերողը դո՛ւն էիր, եւ Տէրը քեզի ըսաւ. “Իմ ժողովուրդս՝ Իսրայէլը դո՛ւն պիտի հովուես, ու Իսրայէլի վրայ դո՛ւն առաջնորդ պիտի ըլլաս”»։

3

Իսրայէլի բոլոր երէցները Քեբրոն եկան՝ թագաւորին, ու Դաւիթ թագաւորը Տէրոջ առջեւ անոնց հետ դաշինք կնքեց՝ Քեբրոնի մէջ. անոնք ալ Դաւիթը Իսրայէլի վրայ թագաւոր օծեցին։

4

Դաւիթ երեսուն տարեկան էր՝ երբ թագաւոր եղաւ, ու քառասուն տարի թագաւորեց։

5

Քեբրոնի մէջ՝ Յուդայի վրայ եօթը տարի եւ վեց ամիս թագաւորեց, իսկ Երուսաղէմի մէջ՝ ամբողջ Իսրայէլի ու Յուդայի վրայ երեսուներեք տարի թագաւորեց։

6

Թագաւորը իր մարդոցմով Երուսաղէմ գնաց, այդ երկրին մէջ բնակող Յեբուսացիներուն դէմ, որոնք Դաւիթի ըսին. «2Եթէ կոյրերն ու կաղերը չհեռացնես, հոս պիտի չմտնես՝՝», 3կարծելով թէ Դաւիթ չի կրնար հոն մտնել։

7

Բայց Դաւիթ գրաւեց Սիոնի բերդը, (որ Դաւիթի քաղաքը կը կոչուի)։

8

Դաւիթ այդ օրը ըսաւ. «Ո՛վ որ Յեբուսացիները զարնէ, եւ ջրանցքը հասնելով՝ Դաւիթի անձին ատելի եղող կաղերն ու կոյրերը հեռացնէ, անիկա՛ զօրագլուխ պիտի ըլլայ»։ Ասոր համար կ’ըսեն. «Կոյրն ու կաղը տունը պիտի չմտնեն»։

9

Դաւիթ այդ բերդին մէջ բնակեցաւ, եւ զայն Դաւիթի քաղաքը կոչեց։ Դաւիթ անոր շուրջը՝ Մելոնէ դէպի ներս՝ շէնքեր կառուցանեց։

10

Դաւիթ հետզհետէ կը մեծնար, ու Տէրը՝ զօրքերու Աստուածը՝ անոր հետ էր։

11

Տիւրոսի Քիրամ թագաւորը Դաւիթի պատգամաւորներ ղրկեց, նաեւ մայրիի փայտեր, հիւսներ ու 4որմնադիրներ, որոնք Դաւիթի տուն մը կառուցանեցին։

12

Այն ատեն Դաւիթ գիտցաւ թէ Տէրը զինք Իսրայէլի վրայ թագաւոր հաստատած է, եւ իր թագաւորութիւնը բարձրացուցած է 5իր ժողովուրդին՝ Իսրայէլի սիրոյն համար։

13

Դաւիթ Քեբրոնէն գալէն ետք՝ ուրիշ հարճեր ու կիներ ալ առաւ Երուսաղէմէն։ Դաւիթի ուրիշ որդիներ եւ աղջիկներ ալ ծնան։

14

Ահա՛ւասիկ Երուսաղէմի մէջ անոր ծնածներուն անունները.— Սամաա, Սովբաբ, Նաթան, Սողոմոն,

15

Յեբաար, Եղիսուա, Նափեկ, Յափիէ,

16

Եղիսամա, Եղիադա ու Եղիփաղէտ։


ՅԱՂԹԱՆԱԿ ՓՂՇՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ (Ա. Մնաց. 14. 8-17)

17

Երբ Փղշտացիները լսեցին Դաւիթի թագաւոր օծուիլը Իսրայէլի վրայ, բոլոր Փղշտացիները բարձրացան՝ որպէսզի Դաւիթը փնտռեն։ Ասիկա լսելով՝ Դաւիթ բերդը իջաւ։

18

Փղշտացիները եկան եւ Ռափայիններու հովիտին մէջ տարածուեցան։

19

Դաւիթ Տէրոջ հարցուց. «Փղշտացիներուն դէմ բարձրանա՞մ, զանոնք իմ ձեռքս պիտի մատնե՞ս»։ Տէրը Դաւիթի ըսաւ. «Բարձրացի՛ր, քանի որ Փղշտացիները անշուշտ քու ձեռքդ պիտի մատնեմ»։

20

Այն ատեն Դաւիթ Բահաղ-Փարասին գնաց. Դաւիթ զանոնք հոն զարկաւ եւ ըսաւ. «Տէրը թշնամիներս իմ առջեւս պատառեց, ինչպէս ջուրերը թումբերը կը պատռեն»։ Հետեւաբար այդ տեղին անունը 6Բահաղ-Փարասին կոչուեցաւ։

21

Փղշտացիները հոն լքեցին իրենց կուռքերը. Դաւիթ եւ իր մարդիկն ալ զանոնք տարին։

22

Փղշտացիները 7վերստին բարձրացան ու Ռափայիններու հովիտին մէջ տարածուեցան։

23

Երբ Դաւիթ Տէրոջ հարցուց, ան ըսաւ. «Մի՛ բարձրանար. հապա անոնց ետեւէն դառնալով՝ 8թթենիներո՛ւն դիմաց անոնց դէմ գնա։

24

Երբ թթենիներուն գագաթը քալուածքի ձայն մը լսես, ա՛յն ատեն սլացիր, քանի որ այն ատեն Տէրը քու առջեւէդ դուրս ելած պիտի ըլլայ՝ Փղշտացիներուն բանակը զարնելու համար»։

25

Ուստի Դաւիթ այնպէս ըրաւ, ինչպէս Տէրը իրեն հրամայեց, ու Փղշտացիները զարկաւ՝ Գաբայէն 9մինչեւ Գազեր՝՝։



1 Եբր.՝ Երէկ ու նախորդ օր
2 Այսինքն՝ կոյրերն ու կաղերն ալ պիտի դիմադրեն
3 Եբր.՝ ըսելով
4 Եբր.՝ որմահիւսներ
5 Այսինքն՝ Տէրոջ
6 Այսինքն՝ տէր կամ տեղ խրամատներու
7 Եբր.՝ վերստին անգամ մըն ալ
8 Եբր.՝ պէքեաներո՛ւն
9 Եբր.՝ մինչեւ Գազեր հասնիս