Loading...

2 Samuel 6

1 Samuel  «  2 Samuel 5  ‹  2 Samuel 6  ›  2 Samuel 7  »  1 Kings


ՈՒԽՏԻՆ ՏԱՊԱՆԱԿԸ ԿԸ ՓՈԽԱԴՐՈՒԻ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ (Ա. Մնաց. 13. 1-14։ 15. 25-16. 6, 43)

1

Դաւիթ անգա՛մ մըն ալ Իսրայէլի բոլոր ընտիր մարդիկը հաւաքեց — երեսուն հազար անձ։

2

Դաւիթ իրեն հետ եղող ամբողջ ժողովուրդով կանգնեցաւ եւ Յուդայի Բահաղը գնաց, որպէսզի անկէ Աստուծոյ տապանակը բարձրացնէ, որուն վրայ անուն մը կոչուած է, քերովբէներուն վրայ բազմող զօրքերու Տէրոջ անունը։

3

Աստուծոյ տապանակը նոր սայլի մը վրայ դրին, ու զայն բլուրին վրայ եղող Աբինադաբի տունէն փոխադրեցին։ Աբինադաբի որդիները՝ Ոզա եւ Աքիով՝ այդ նոր սայլը կը վարէին։

4

Զայն Աստուծոյ տապանակին հետ հանեցին բլուրին վրայ եղող Աբինադաբի տունէն. Աքիով տապանակին առջեւէն կ’երթար,

5

իսկ Դաւիթ եւ Իսրայէլի ամբողջ տունը Տէրոջ առջեւ կը խայտային՝ եղեւնափայտէ շինուած ամէն տեսակ նուագարաններով, քնարներով, տաւիղներով, թմբուկներով, դափերով ու ծնծղաներով։

6

Երբ Նաքոնի կալը հասան, Ոզա իր ձեռքը Աստուծոյ տապանակին երկարեց եւ զայն բռնեց, քանի որ եզները զայն ծռած էին։

7

Ուստի Տէրոջ բարկութիւնը Ոզայի դէմ բորբոքեցաւ, եւ Աստուած զայն հոն զարկաւ՝ իր թերացումին համար, ու հոն մեռաւ՝ Աստուծոյ տապանակին քով։

8

Դաւիթ 1տրտմեցաւ, որովհետեւ Տէրը Ոզան 2հարուածով զարկաւ՝՝. ուստի այդ տեղին անունը մինչեւ այսօր 3Փարէս-Ոզա կոչուեցաւ։

9

Դաւիթ այդ օրը Տէրոջմէն վախցաւ, եւ ըսաւ. «Տէրոջ տապանակը ի՞նչպէս քովս մտնէ»։

10

Հետեւաբար Դաւիթ Տէրոջ տապանակը իր քով՝ Դաւիթի քաղաքը՝ չուզեց 4տանիլ. հապա Դաւիթ զայն Գեթացի Աբդեդոմի տունը դարձուց։

11

Տէրոջ տապանակը Գեթացի Աբդեդոմի տունը երեք ամիս մնաց, ու Տէրը Աբդեդոմը եւ անոր ամբողջ տունը օրհնեց։

12

Դաւիթ թագաւորին պատմեցին. «Աստուծոյ տապանակին պատճառով՝ Տէրը Աբդեդոմի տունն ու անոր ամբողջ ունեցածը օրհնեց»։ Ուստի Դաւիթ գնաց եւ Աստուծոյ տապանակը Աբդեդոմի տունէն ուրախութեամբ Դաւիթի քաղաքը բարձրացուց։

13

Երբ Տէրոջ տապանակը կրողները վեց քայլ յառաջացան, արջառներ ու պարարտ զուարակներ զոհեց։

14

Դաւիթ Տէրոջ առջեւ ամբողջ ոյժով կը կաքաւէր. Դաւիթ կտաւէ 5եփուտ հագած՝՝ էր։

15

Դաւիթ եւ Իսրայէլի ամբողջ տունը՝ Տէրոջ տապանակը ուրախութեան գոչիւնով ու շեփորներու ձայնով բարձրացուցին։

16

Երբ Տէրոջ տապանակը Դաւիթի քաղաքը մտաւ, Սաւուղի աղջիկը՝ Մեղքող պատուհանէն նայեցաւ, եւ տեսաւ թէ Դաւիթ թագաւորը Տէրոջ առջեւ ոստոստելով կը կաքաւէ. ուստի զայն իր սիրտին մէջ արհամարհեց։

17

Տէրոջ տապանակը բերին ու զայն իր տեղը դրին, այն վրանին մէջ՝ որ Դաւիթ անոր համար լարած էր։ Դաւիթ Տէրոջ առջեւ ողջակէզներ եւ խաղաղութեան զոհեր մատուցանեց։

18

Երբ Դաւիթ ողջակէզներն ու խաղաղութեան զոհերը մատուցանելը աւարտեց, զօրքերու Տէրոջ անունով ժողովուրդը օրհնեց։

19

Ապա Իսրայէլի ամբողջ բազմութեան, թէ՛ այր մարդոց եւ թէ կիներուն, ամբողջ ժողովուրդին՝ իւրաքանչիւրին մէկ 6նկանակ, կտոր մը միս ու չամիչով կարկանդակ մը բաժնեց. յետոյ ամբողջ ժողովուրդը գնաց՝ իւրաքանչիւրը իր տունը։

20

Դաւիթ անկէ վերադարձաւ՝ իր տունը օրհնելու համար։ Սաւուղի աղջիկը՝ Մեղքող դուրս ելաւ Դաւիթը դիմաւորելու, եւ ըսաւ. «Իսրայէլի թագաւորը ի՜նչ փառաւոր էր այսօր, ինք որ իր ծառաներուն աղախիններուն աչքերուն առջեւ ինքզինք մերկացուց այսօր՝ ինչպէս դատարկապորտներէն մէկը ինքզինք կը մերկացնէ»։

21

Դաւիթ Մեղքողի ըսաւ. «Ես այն Տէրոջ առջեւ պարեցի, որ զիս քու հօրմէդ եւ անոր ամբողջ տունէն նախընտրեց, ու զիս Տէրոջ ժողովուրդին՝ Իսրայէլի վրայ առաջնորդ նշանակեց։ Այո՛, ես այս Տէրոջ առջեւ կը խայտամ։

22

Ասկէ ա՛լ աւելի 7անարգ պիտի ըլլամ, եւ իմ աչքերուս առջեւ պիտի նուաստանամ. իսկ այդ քու ըսած աղախիններուդ առջեւ պիտի փառաւորուիմ»։

23

Սաւուղի աղջիկը՝ Մեղքող մինչեւ իր մահուան օրը զաւակ չծնաւ։



1 Եբր.՝ բորբոքեցաւ
2 Եբր.՝ պատռուածքով պատռեց
3 Այսինքն՝ Ոզայի հարուածը, կամ՝ Ոզայի խրամատը
4 Եբր.՝ շեղեցնել
5 Եբր.՝ եփուտով գօտեւորուած
6 Եբր.՝ հացի կարկանդակ
7 Եբր.՝ թեթեւ