Loading...

2 Samuel 7

1 Samuel  «  2 Samuel 6  ‹  2 Samuel 7  ›  2 Samuel 8  »  1 Kings


(Ա. Մնաց. 17. 1-15)


ՆԱԹԱՆԻ ՊԱՏԳԱՄԸ ԴԱՒԻԹԻ

1

Երբ թագաւորը իր տունը բնակեցաւ, ու Տէրը զինք իր շուրջը եղող բոլոր թշնամիներէն ազատելով հանգստացուց,

2

թագաւորը Նաթան մարգարէին ըսաւ. «Նայէ՛, կ’աղերսե՛մ. ես մայրիի փայտէ կառուցանուած տան մը մէջ կը բնակիմ, իսկ Աստուծոյ տապանակը 1վրանի մէջ կեցած է»։

3

Նաթան թագաւորին պատասխանեց. «Գնա՛, սիրտիդ մէջ եղած ամէ՛ն ինչ ըրէ, քանի Տէրը քեզի հետ է»։

4

Նոյն գիշերը 2Տէրը խօսեցաւ՝՝ Նաթանի՝ ըսելով.

5

«Գնա՛, իմ ծառայիս՝ Դաւիթի ըսէ՛. “Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. "Դո՞ւն ինծի տուն պիտի կառուցանես, որ մէջը բնակիմ։

6

Արդարեւ Իսրայէլի որդիները Եգիպտոսէն բարձրացուցած օրէս մինչեւ այսօր՝ տան մէջ չբնակեցայ, հապա վրանով ու խորանով շրջեցայ։

7

Ամէն ուր որ շրջեցայ Իսրայէլի բոլոր որդիներուն հետ, միթէ խօսք մը ըսի՞ Իսրայէլի տոհմերէն որեւէ մէկուն, որուն պատուիրեր էի իմ ժողովուրդս՝ Իսրայէլը հովուել. արդեօք ըսի՞. «Ինչո՞ւ ինծի մայրիի փայտէ տուն մը չկառուցանեցիք»"”։

8

Հիմա իմ ծառայիս՝ Դաւիթի սա՛ ըսէ՛. “Զօրքերու Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. "Ե՛ս քեզ արօտավայրէն՝ ոչխարներու ետեւէն առի, որպէսզի իմ ժողովուրդիս՝ Իսրայէլի վրայ առաջնորդ ըլլաս։

9

Ո՛ւր որ կ’երթայիր՝ քեզի հետ էի. քու առջեւէդ բոլոր թշնամիներդ կոտորեցի, ու երկրի վրայ եղող մեծերուն անունին պէս մեծցուցի քու անունդ։

10

Իմ ժողովուրդիս՝ Իսրայէլի ալ տեղ մը պիտի որոշեմ ու զայն պիտի տնկեմ, որ իր տեղը բնակի եւ ա՛լ չսասանի։ Անիրաւութեան որդիները առաջուան պէս անգա՛մ մըն ալ պիտի չտառապեցնեն զայն,

11

ինչպէս իմ ժողովուրդիս՝ Իսրայէլի վրայ դատաւորներ 3նշանակած օրէս ի վեր եղաւ։ Քեզ բոլոր թշնամիներէդ ազատելով հանգստացուցի, ու Տէրը քեզի կ’իմացնէ թէ Տէ՛րը քեզի տուն պիտի շինէ։

12

Երբ քու օրերդ լրանան եւ հայրերուդ հետ քնանաս, քեզմէ ետք՝ քու ընդերքէդ ելլող զարմդ պիտի բարձրացնեմ ու անոր թագաւորութիւնը պիտի հաստատեմ։

13

Անիկա՛ իմ անունիս տուն պիտի կառուցանէ, եւ անոր թագաւորութեան գահը յաւիտեան պիտի հաստատեմ։

14

Ես անոր հայր պիտի ըլլամ, ան ալ ինծի որդի պիտի ըլլայ։ Եթէ անօրէնութիւն գործէ, ես զայն մարդոց գաւազանովն ու մարդոց որդիներուն հարուածներով պիտի 4պատժեմ.

15

բայց իմ ողորմութիւնս անկէ պիտի 5չհեռացնեմ, ինչպէս Սաւուղէ հեռացուցի եւ զայն քու առջեւէդ վռնտեցի։

16

Քու տունդ ու թագաւորութիւնդ յաւիտեան պիտի հաստատուին քու առջեւդ, եւ գահդ յաւիտեան անշարժ պիտի ըլլայ"”»։

17

Նաթան այս բոլոր խօսքերուն եւ այս ամբողջ տեսիլքին համաձայն խօսեցաւ Դաւիթի։


ԴԱՒԻԹԻ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔԸ (Ա. Մնաց. 17. 16-27)

18

Այն ատեն Դաւիթ թագաւորը գնաց, Տէրոջ ներկայացաւ եւ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր Եհովա, ես ո՞վ եմ ու իմ տունս ի՞նչ է, որ զիս մինչեւ հոս բերիր։

19

Սակայն ասիկա ալ քու աչքերուդ պզտիկ 6թուեցաւ, ո՛վ Տէր Եհովա, եւ քու ծառայիդ տան մասին հեռաւոր ժամանակի համար ալ խօսեցար։ Մարդոց սովորութիւնը ասիկա՞ է արդեօք, ո՛վ Տէր Եհովա։

20

Դաւիթ ա՛լ ի՞նչ ըսէ քեզի. որովհետեւ դուն, ո՛վ Տէր Եհովա, քու ծառադ կը ճանչնաս։

21

Այս բոլոր մեծագործութիւնները քու խօսքիդ պատճառով ու քու սիրտիդ փափաքին համաձայն կատարեցիր, որպէսզի ծառայիդ գիտցնես։

22

Ուստի ո՜րչափ մեծ ես, ո՛վ Տէր Աստուած. արդարեւ ո՛չ մէկը քեզի նման է, եւ քեզմէ զատ ուրիշ Աստուած չկայ՝ մեր ականջներով մեր բոլոր լսածներուն համաձայն։

23

Ո՞ր ազգը երկրի վրայ քու ժողովուրդիդ՝ Իսրայէլի նման է, որուն համար նոյնինքն Աստուած եկաւ զայն փրկելու՝ որպէսզի իրեն ժողովուրդ ընէ ու իրեն մեծ անուն վաստկի. 7անոնց համար քու երկրիդ մէջ այս ահաւոր մեծագործութիւնները կատարեցիր, քեզի համար Եգիպտոսէն ազատած ժողովուրդիդ առջեւէն վռնտելով ազգերը եւ անոնց աստուածները։

24

Քու ժողովուրդդ՝ Իսրայէլը յաւիտեան քեզի ժողովուրդ հաստատեցիր, ու դուն, ո՛վ Տէր, անոնց Աստուածը եղար։

25

Ուստի հիմա, ո՛վ Տէր Աստուած, քու ծառայիդ մասին ու անոր տան մասին ըսած խօսքդ յաւիտեա՛ն հաստատէ, եւ ըրէ՛ ինչպէս ըսիր։

26

Քու անունդ յաւիտեան թող մեծնայ, ու ըսեն. “Զօրքերու Տէրը Իսրայէլի վրայ Աստուած է”. եւ ծառայիդ՝ Դաւիթի տունը քու առջեւդ անշարժ մնայ։

27

Արդարեւ դո՛ւն, ո՛վ զօրքերու Տէր, Իսրայէլի՛ Աստուած, ծառայիդ 8յայտնեցիր՝ ըսելով. “Քեզի տուն պիտի կառուցանեմ”. հետեւաբար ծառադ իր սիրտին մէջ համարձակութիւն գտաւ այս աղօթքը քեզի 9ուղղելու։

28

Եւ հիմա, ո՛վ Տէր Եհովա, դո՛ւն ես այդ Աստուածը. քու խօսքերդ ճշմարիտ են, ու դո՛ւն ծառայիդ խոստացար այս բարիքը։

29

Ուստի հիմա բարեհաճէ՛ ծառայիդ տունը օրհնել, որպէսզի յաւիտեան քու առջեւդ ըլլայ. արդարեւ դո՛ւն խօսեցար, ո՛վ Տէր Եհովա, եւ քու օրհնութեամբդ ծառայիդ տունը թող յաւիտեան օրհնեա՜լ ըլլայ»։



1 Եբր.՝ վարագոյրներու
2 Եբր.՝ Տէրոջ խօսքը եղաւ
3 Եբր.՝ պատուիրած
4 Եբր.՝ կշտամբեմ
5 Եբր.՝ չհեռանայ
6 Եբր.՝ եղաւ
7 Եբր.՝ ձեզի
8 Եբր.՝ ականջը բացիր
9 Եբր.՝ աղօթելու