Loading...

2 Samuel 8

1 Samuel  «  2 Samuel 7  ‹  2 Samuel 8  ›  2 Samuel 9  »  1 Kings


ԴԱՒԻԹԻ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿՆԵՐԸ (Ա. Մնաց. 18. 1-17)

1

Ատկէ ետք՝ Դաւիթ Փղշտացիները զարկաւ ու զանոնք ընկճեց։ Դաւիթ Փղշտացիներուն ձեռքէն Մեթեկամման առաւ.

2

նաեւ Մովաբը զարկաւ, եւ զանոնք գետինը պառկեցնելով՝ զանոնք լարով չափեց. երկու լարով չափեց՝ մեռցնելու համար, ու մէկ ամբողջ լարով՝ ողջ պահելու։ Մովաբացիները Դաւիթի 1հարկատու հպատակներ եղան՝՝։

3

Դաւիթ Սուբայի թագաւորը, Ռուբի որդին՝ Ադրազարը զարկաւ, երբ Եփրատ գետին վրայ իր 2իշխանութիւնը հաստատելու՝՝ կ’երթար։

4

Դաւիթ անկէ հազար եօթը հարիւր ձիաւոր եւ քսան հազար հետեւակ 3զօրք բռնեց։ Դաւիթ բոլոր 4կառքի ձիերուն ջիղերը կտրեց, բայց անոնցմէ միայն հարիւր ձի իրեն համար պահեց՝՝։

5

Դամասկոսի 5Ասորիները Սուբայի թագաւորին՝ Ադրազարի օգնութեան 6հասան. բայց Դաւիթ Ասորիներէն քսաներկու հազար մարդ զարկաւ։

6

Դաւիթ Դամասկոսի Սուրիային մէջ պահակազօրքեր դրաւ, եւ Ասորիները Դաւիթի հարկատու հպատակներ եղան։ Դաւիթ ուր որ կ’երթար՝ Տէրը 7իրեն յաղթութիւն կու տար՝՝։

7

Դաւիթ Ադրազարի ծառաներուն ոսկիէ վահանները գրաւեց, ու զանոնք Երուսաղէմ բերաւ։

8

Ադրազարի քաղաքներէն՝ Բեթահէն եւ Բերոթայէն՝ Դաւիթ թագաւորը յոյժ շատ պղինձ գրաւեց։

9

Երբ Եմաթի թագաւորը՝ Թովու լսեց թէ Դաւիթ Ադրազարի բոլոր զօրագունդերը զարկեր է,

10

Թովու իր որդին՝ 8Յովրամը Դաւիթ թագաւորին ղրկեց, որպէսզի անոր 9որպիսութիւնը հարցնէ եւ զինք 10շնորհաւորէ, Ադրազարի դէմ պատերազմելուն ու զայն զարնելուն համար. (արդարեւ Ադրազար Թովուի դէմ կը պատերազմէր։) Յովրամ իրեն հետ արծաթէ անօթներ, ոսկիէ անօթներ եւ պղինձէ անօթներ 11բերաւ։

11

Դաւիթ թագաւորը զանոնք ալ Տէրոջ 12ընծայեց, միւս ընծայած արծաթին ու ոսկիին հետ, որոնք իր նուաճած բոլոր ազգերէն գրաւած էր.—

12

Սուրիայէն, Մովաբէն, Ամմոնի որդիներէն, Փղշտացիներէն, Ամաղէկէն, եւ Սուբայի թագաւորին՝ Ռուբի որդիին՝ Ադրազարի աւարէն։

13

Երբ Դաւիթ Աղի ձորին մէջ տասնութ հազար 13Ասորիներ զարկաւ ու վերադարձաւ, մեծ անուն վաստկեցաւ։

14

Եդովմի մէջ պահակազօրքեր դրաւ. ամբողջ Եդովմի երկրին մէջ պահակազօրքեր դրաւ, եւ բոլոր Եդովմայեցիները Դաւիթի ծառայ եղան։ Դաւիթ ուր որ կ’երթար, Տէրը իրեն յաղթութիւն կու տար։

15

Դաւիթ ամբողջ Իսրայէլի վրայ թագաւորեց։ Դաւիթ իր ամբողջ ժողովուրդին իրաւունք եւ արդարութիւն կը կիրարկէր։

16

Շարուհեայի որդին՝ Յովաբ զօրքերուն վրայ նշանակուած էր. Աքիղուդի որդին՝ Յովսափատ 14դիւանադպիր էր.

17

Աքիտովբի որդին՝ Սադովկ ու Աբիաթարի որդին՝ Աքիմելէք քահանաներ էին. Սարայիա ատենադպիր էր.

18

Յովիադայի որդին՝ Բանեա 15Քերեթիներուն ու 16Փելեթիներուն վրայ նշանակուած էր. իսկ Դաւիթի որդիները 17նախարարներ էին։



1 Եբր.՝ հպատակեցան եւ ընծայ բերին
2 Եբր.՝ ձեռքը դարձնելու
3 Եբր.՝ մարդ
4 Կամ՝ կառքերը քակեց, բայց անոնցմէ միայն հարիւր կառք պահեց
5 Եբր.՝ Արամացիները, այսինքն՝ Սուրիացիները
6 Եբր.՝ եկան
7 Եբր.՝ զինք կ’ազատէր
8 Կամ՝ Ադորամը
9 Եբր.՝ խաղաղութիւնը
10 Եբր.՝ օրհնէ
11 Եբր.՝ ունէր
12 Եբր.՝ սրբացուց
13 Կամ՝ Եդովմայեցիներ
14 Եբր.՝ յիշատակութիւններու դպիր
15 Այսինքն՝ Ընտիր զինուորներու գունդին
16 Այսինքն՝ Պահապան զինուորներու գունդին
17 Եբր.՝ քահանաներ