2 Samuel 9
1 Samuel « 2 Samuel 8 ‹ 2 Samuel 9 › 2 Samuel 10 » 1 Kings
ԴԱՒԻԹ ԵՒ ՄԵՄՓԻԲՈՍԹԷ
1Դաւիթ ըսաւ. «Տակաւին Սաւուղի տունէն մնացած մարդ մը կա՞յ, որ Յովնաթանի սիրոյն համար՝ անոր հետ կարեկցութեամբ վարուիմ»։
2Սաւուղի տունէն Սիբա անունով ծառայ մը կար. զայն Դաւիթի կանչեցին։ Թագաւորը անոր ըսաւ. «Սիբան դո՞ւն ես»։ Ան ալ ըսաւ. «Ծառադ եմ»։
3Թագաւորը ըսաւ. «Ա՛լ Սաւուղի տունէն մնացած մարդ չկա՞յ, որպէսզի անոր հետ Աստուծոյ կարեկցութեամբ վարուիմ»։ Սիբա թագաւորին ըսաւ. «Տակաւին Յովնաթանէ ոտքերը կաղ որդի մը մնաց»։
4Թագաւորը անոր ըսաւ. «Անիկա ո՞ւր է»։ Սիբա թագաւորին ըսաւ. «Ահա՛ անիկա Լադաբարի մէջ՝ Ամիէլի որդիին Մաքիրի տունն է»։
5Դաւիթ թագաւորը մարդ ղրկեց, ու զայն Լադաբարէ՝ Ամիէլի որդիին Մաքիրի տունէն բերաւ։
6Երբ Մեմփիբոսթէ, Սաւուղի որդիին՝ Յովնաթանի որդին, Դաւիթի եկաւ, երեսին վրայ ինկաւ ու երկրպագեց։ Դաւիթ ըսաւ. «Մեմփիբոսթէ՛»։ Ան ալ պատասխանեց. «Ահա՛ քու ծառադ»։
7Դաւիթ անոր ըսաւ. «Մի՛ վախնար, քանի որ քու հօրդ՝ Յովնաթանի սիրոյն համար անշուշտ քեզի հետ կարեկցութեամբ պիտի վարուիմ. քու հօրդ՝ Սաւուղի բոլոր արտերը քեզի պիտի վերադարձնեմ, ու դուն շարունակ իմ սեղանս հաց պիտի ուտես»։
8Ան երկրպագեց եւ ըսաւ. «Քու ծառադ ո՞վ է, որ ինծի պէս մեռած շունի մը վրայ նայեցար»։
9Իսկ թագաւորը Սաւուղի սպասաւորը՝ Սիբան կանչեց, ու անոր ըսաւ. «Սաւուղի եւ անոր տան ամբողջ ստացուածքը՝ քու տիրոջդ որդիին տուի։
10Դուն, որդիներդ ու ծառաներդ իրեն համար մշակեցէ՛ք հողը, եւ բե՛ր իրեն անոր պտուղը, որպէսզի քու տիրոջդ որդին ուտելու հաց ունենայ. իսկ քու տիրոջդ որդին՝ Մեմփիբոսթէ շարունակ իմ սեղանս հաց պիտի ուտէ»։ Սիբա տասնհինգ որդի ու քսան ծառայ ունէր։
11Սիբա թագաւորին ըսաւ. «Իմ տէրս՝ թագաւորը քու ծառայիդ ինչ որ հրամայեց, քու ծառադ այնպէս պիտի ընէ»։ «Բայց Մեմփիբոսթէ,— ըսաւ Դաւիթ,— թագաւորին որդիներէն մէկուն պէս՝ իմ սեղանս հաց պիտի ուտէ»։
12Մեմփիբոսթէ պզտիկ որդի մը ունէր, որուն անունը Միքա էր. բոլոր անոնք՝ որ Սիբայի տունը կը բնակէին, Մեմփիբոսթէի ծառաներն էին։
13Մեմփիբոսթէ Երուսաղէմ բնակեցաւ, քանի որ շարունակ թագաւորին սեղանը հաց կ’ուտէր. ան իր երկու ոտքերով կաղ էր։