Loading...

2 Samuel 10

1 Samuel  «  2 Samuel 9  ‹  2 Samuel 10  ›  2 Samuel 11  »  1 Kings


ԴԱՒԻԹ ԿԸ ՅԱՂԹԷ ԱՄՄՈՆԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒՆ

1

1Ատկէ ետք՝ Ամմոնի որդիներուն թագաւորը մեռաւ, եւ անոր որդին՝ Անոն անոր տեղ թագաւոր եղաւ։

2

Դաւիթ ըսաւ. «Նաասի որդիին՝ Անոնի հետ կարեկցութեամբ վարուիմ, ինչպէս անոր հայրը ինծի հետ կարեկցութեամբ վարուեցաւ»։ Ուստի Դաւիթ 2իր ծառաները անոր ղրկեց, որպէսզի զայն իր հօր համար մխիթարեն՝՝։ Երբ Դաւիթի ծառաները Ամմոնի որդիներուն երկիրը հասան,

3

Ամմոնի որդիներուն իշխանաւորները իրենց տիրոջ՝ Անոնի ըսին. «3Կը կարծե՞ս՝՝ թէ Դաւիթ քու հայրդ պատուելու համար քեզի մխիթարիչներ ղրկեց։ Միթէ Դաւիթ իր ծառաները քեզի չղրկե՞ց, որպէսզի քաղաքը հետազօտեն ու զայն լրտեսեն, յետոյ զայն կործանէ»։

4

Անոն ալ Դաւիթի ծառաները բռնեց, անոնց մօրուքին կէսը ածիլել տուաւ, նաեւ անոնց հանդերձները կէսէն կտրել տուաւ՝ մինչեւ յետոյքը, եւ այդպէս զանոնք ղրկեց։

5

Երբ ասիկա Դաւիթի պատմուեցաւ, մարդ ղրկեց՝ զանոնք դիմաւորելու, քանի որ այդ մարդիկը յոյժ խայտառակուած էին։ Թագաւորը ըսաւ. «Երիքո՛վ կեցէք՝ մինչեւ որ ձեր մօրուքը աճի, ու յե՛տոյ վերադարձէք»։

6

Ամմոնի որդիները տեսան թէ Դաւիթի 4ատելի եղան։ Ուստի Ամմոնի որդիները մարդ ղրկեցին, եւ Բեթրոհոբի Ասորիներէն ու Սուբայի Ասորիներէն՝ քսան հազար հետեւակ, Մաաքայի թագաւորէն՝ հազար մարդ, եւ 5Իստովբէ տասներկու հազար մարդ վարձեցին։

7

Երբ Դաւիթ ասիկա լսեց, Յովաբն ու բոլոր զօրաւոր զօրքերը ղրկեց։

8

Ամմոնի որդիները դուրս ելան եւ քաղաքին դրան մուտքին առջեւ պատերազմի շարուեցան, բայց Սուբայի ու Րոհհոբի Ասորիները, 6Իստովբ եւ Մաաքա՝՝ դաշտին մէջ՝ զատ կայնած էին։

9

Երբ Յովաբ տեսաւ թէ պատերազմին ճակատը առջեւէն ու ետեւէն իր վրայ կը հասնի, Իսրայէլի ամբողջ ընտրանիէն մարդիկ ընտրեց եւ Ասորիներուն դէմ պատերազմի շարեց։

10

Մնացած ժողովուրդն ալ իր եղբօր՝ Աբեսսայի ձեռքը յանձնեց, որպէսզի Ամմոնի որդիներուն դիմաց շարէ։

11

Ապա ըսաւ. «Եթէ Ասորիները ինծի յաղթեն՝ 7ինծի օգնութեա՛ն հասիր՝՝. իսկ եթէ Ամմոնի որդիները քեզի յաղթեն, ե՛ս քեզի օգնութեան պիտի հասնիմ։

12

8Քաջասի՛րտ եղիր՝՝, ու մեր ժողովուրդին համար եւ մեր Աստուծոյն քաղաքներուն համար ուժովնա՛նք. ու Տէրը 9իրեն հաճելի՝՝ եղածը թող ընէ»։

13

Յովաբ իրեն հետ եղող ժողովուրդով Ասորիներուն մօտեցաւ՝ որպէսզի անոնց դէմ պատերազմի. բայց անոնք իր առջեւէն փախան։

14

Ամմոնի որդիները՝ Ասորիներուն փախչիլը տեսնելով՝ իրե՛նք ալ Աբեսսայի առջեւէն փախան, եւ քաղաքը մտան։ Յովաբ Ամմոնի որդիներէն վերադարձաւ ու Երուսաղէմ եկաւ։

15

Երբ Ասորիները տեսան թէ Իսրայէլի առջեւ պարտուեցան, հաւաքուեցան։

16

Ադրազար մարդ ղրկեց ու Գետին միւս կողմը եղող Ասորիները 10ոտքի հանեց, եւ Էլամ եկան. անոնց առջեւէն Ադրազարի զօրագլուխը՝ Սովբակ կ’երթար։

17

Երբ Դաւիթի պատմեցին, ամբողջ Իսրայէլը հաւաքելով՝ Յորդանանէն անցաւ ու Էլամ հասաւ։ Ասորիները Դաւիթի դիմաց շարուեցան, եւ անոր դէմ պատերազմեցան։

18

Բայց Ասորիները Իսրայէլի առջեւէն փախան. Դաւիթ Ասորիներէն եօթը հարիւր կառքի զօրք ու քառասուն հազար ձիաւոր ջարդեց, եւ անոնց զօրագլուխը՝ Սովբակը զարկաւ, որ հոն մեռաւ։

19

Ադրազարի հպատակ եղած բոլոր թագաւորները, երբ տեսան թէ Իսրայէլի առջեւ պարտուեցան, Իսրայէլի հետ խաղաղութիւն ըրին ու անոր հպատակեցան։ Ասորիները ատկէ ետք Ամմոնի որդիներուն օգնութեան հասնելու կը վախնային։



1 Եբր.՝ Տարուան վերադարձին
2 Եբր.՝ ղրկեց զայն մխիթարելու իր ծառաներուն ձեռքով՝ իր հօր համար
3 Եբր.՝ Քու աչքերուդ կը թուի՞
4 Եբր.՝ գարշահոտ
5 Կամ՝ Տովբի մարդոցմէն
6 Եբր.՝ Տովբի եւ Մաաքայի մարդիկը
7 Եբր.՝ զիս ազատէ՛
8 Եբր.՝ Ուժովցի՛ր
9 Եբր.՝ իր աչքերուն լաւ
10 Եբր.՝ դուրս