Loading...

2 Samuel 11

1 Samuel  «  2 Samuel 10  ‹  2 Samuel 11  ›  2 Samuel 12  »  1 Kings


ԴԱՒԻԹ ԵՒ ԲԵԹՍԱԲԷ

1

Հետեւեալ տարին՝՝, թագաւորներուն 1պատերազմելու ատենը, Դաւիթ Յովաբը եւ անոր հետ իր ծառաներն ու ամբողջ Իսրայէլը ղրկեց, եւ անոնք Ամմոնի որդիները կոտորեցին ու Ռաբբան պաշարեցին. բայց Դաւիթ Երուսաղէմ մնաց։

2

Օր մը՝ իրիկուան դէմ՝ Դաւիթ իր անկողինէն ելլելով 2պալատին տանիքին վրայ կը պտըտէր։ Տանիքին վրայէն կին մը տեսաւ՝ որ կը լուացուէր. այդ կինը յոյժ վայելուչ տեսք ունէր։

3

Դաւիթ մարդ ղրկեց եւ այդ կնոջ մասին 3հարցուց։ Իրեն ըսին. «Ասիկա Բեթսաբէն է, 4Էլիամի աղջիկը, Քետացի Ուրիայի կինը»։

4

Դաւիթ պատգամաւորներ ղրկեց՝ զայն բերելու։ Երբ ան իր քով եկաւ, Դաւիթ անոր հետ պառկեցաւ. ան իր անմաքրութենէն դեռ նոր 5մաքրուած էր։ Յետոյ ան իր տունը վերադարձաւ։

5

Կինը յղացաւ, ու մարդ ղրկելով Դաւիթի իմացուց՝ ըսելով. «Յղի եմ»։

6

Դաւիթ մարդ ղրկեց Յովաբի՝ ըսելով. «Քետացի Ուրիան ինծի՛ ղրկէ»։ Յովաբ ալ Ուրիան Դաւիթի ղրկեց։

7

Երբ Ուրիա անոր եկաւ, Դաւիթ Յովաբի 6որպիսութիւնը, զօրքին որպիսութիւնը եւ պատերազմին 7վիճակը հարցուց։

8

Յետոյ Դաւիթ Ուրիայի ըսաւ. «Տո՛ւնդ իջիր ու ոտքե՛րդ լուա»։ Ուրիա թագաւորին տունէն ելաւ, եւ անոր ետեւէն թագաւորէն 8պարգեւ գնաց։

9

Բայց Ուրիա իր տիրոջ բոլոր ծառաներուն հետ՝ պալատին մուտքը պառկեցաւ, ու իր տունը չիջաւ։

10

Երբ Դաւիթի պատմեցին թէ “Ուրիա իր տունը չիջաւ”, Դաւիթ Ուրիայի ըսաւ. «Դուն ճամբորդութենէ եկած չե՞ս. ինչո՞ւ տունդ չես իջներ»։

11

Ուրիա Դաւիթի ըսաւ. «Տապանակը, Իսրայէլ ու Յուդա 9վրաններու մէջ կը կենան, իմ տէրս՝ Յովաբ եւ իմ տիրոջս ծառաները 10բաց դաշտի մէջ՝՝ կը բանակին, իսկ ես ուտելու, խմելու եւ կնոջս հետ պառկելու համար իմ տո՞ւնս երթամ։ Դուն կ’ապրի՛ս ու քու անձդ կ’ապրի՛. ես այս բանը չեմ ըներ»։

12

Դաւիթ Ուրիայի ըսաւ. «Այսօ՛ր ալ հոս մնացիր, եւ վաղը քեզ պիտի ղրկեմ»։ Ուրիա այդ օրն ու հետեւեալ օրը Երուսաղէմի մէջ մնաց։

13

Դաւիթ հրաւիրեց զայն, եւ ան իր առջեւ կերաւ ու խմեց. Դաւիթ զայն գինովցուց։ Ուրիա իրիկունը իր տիրոջ ծառաներուն քով՝ իր անկողինին մէջ պառկեցաւ, բայց իր տունը չիջաւ։

14

Առտուն Դաւիթ 11նամակ մը գրեց Յովաբի, եւ Ուրիայի ձեռքով ղրկեց։

15

Նամակին մէջ գրեց. «Ուրիան յոյժ սաստիկ պատերազմին 12ճակա՛տը դրէք ու դուք իրմէ ե՛տ քաշուեցէք, որպէսզի զարնուի եւ մեռնի»։

16

Մինչ Յովաբ քաղաքին վրայ կը հսկէր, Ուրիան դրաւ այնպիսի տեղ մը՝ ուր գիտէր թէ կտրիճ մարդիկ կային։

17

Քաղաքին մարդիկը դուրս ելան ու Յովաբի դէմ պատերազմեցան, եւ ժողովուրդէն՝ Դաւիթի ծառաներէն՝ ոմանք ինկան. Քետացի Ուրիան ալ մեռաւ։

18

Յովաբ պատգամաւոր մը ղրկեց ու պատերազմին բոլոր 13եղելութիւնները Դաւիթի իմացուց։

19

Պատգամաւորին պատուիրեց. «Երբ պատերազմին բոլոր եղելութիւնները թագաւորին պատմելը աւարտես,

20

եթէ թագաւորին ցասումը 14բորբոքի եւ քեզի ըսէ. “Ինչո՞ւ պատերազմելու համար քաղաքին մօտեցաք. չէի՞ք գիտեր թէ պարիսպէն նետ կը նետեն։

21

15Յերոբահաղի որդին՝ Աբիմելէքը ո՞վ մեռցուց. կին մը չէ՞ր, որ պարիսպին վրայէն երկանաքարի կտոր մը նետեց անոր վրայ, եւ ան Թեբէսի մէջ մեռաւ։ Ինչո՞ւ պարիսպին մօտեցաք”, այն ատեն ըսէ՛. “Քու ծառադ՝ Քետացի Ուրիան ալ մեռաւ”»։

22

Պատգամաւորը գնաց, ու Յովաբի բոլոր իրեն պատուիրածը Դաւիթի պատմեց։

23

Պատգամաւորը Դաւիթի ըսաւ. «Ի՛րապէս այդ մարդիկը մեզմէ զօրաւոր էին. մեզի դէմ դուրս ելան՝ դաշտը, բայց մենք մինչեւ քաղաքին դուռը 16զանոնք հալածեցինք՝՝։

24

17Աղեղնաւորները պարիսպին վրայէն քու ծառաներուդ նետեր նետեցին, եւ թագաւորին ծառաներէն ոմանք մեռան. քու ծառադ՝ Քետացի Ուրիան ալ մեռաւ»։

25

Այն ատեն Դաւիթ պատգամաւորին ըսաւ. «Յովաբի սա՛ ըսէ. “Այս բանը 18քեզի անհաճոյ՝՝ թող չըլլայ. արդարեւ սուրը երբեմն ասիկա կը սպառէ, ու երբեմն՝ անիկա։ Քաղաքին դէմ պատերազմը սաստկացո՛ւր եւ զայն փլցո՛ւր”։ Դո՛ւն ալ 19քաջալերէ զինք»։

26

Ուրիայի կինը՝ իր ամուսինին մեռնիլը լսելով՝ ամուսինին համար հեծեծեց։

27

Երբ սուգը անցաւ, Դաւիթ մարդ ղրկեց ու զայն իր տունը 20ընդունեց. ան իր կինը եղաւ եւ իրեն որդի մը ծնաւ։ Բայց Դաւիթի ըրած բանը Տէրոջ 21անհաճոյ եղաւ։



1 Եբր.՝ դուրս ելլելու
2 Եբր.՝ թագաւորին տան
3 Եբր.՝ որոնեց
4 Կամ՝ Ամիէլի
5 Եբր.՝ սրբացուած
6 Եբր.՝ խաղաղութիւնը
7 Եբր.՝ խաղաղութիւնը
8 Կամ՝ կերակուրի բաժին
9 Եբր.՝ տաղաւարներու
10 Եբր.՝ դաշտին մակերեսը
11 գրութիւն
12 Եբր.՝ առջեւի՛ կողմը
13 Եբր.՝ գործերը
14 Եբր.՝ բարձրանայ
15 Եբր.՝ Յերոբեսէթ, այսինքն՝ Ամօթալի բանը թող ջատագովէ
16 Եբր.՝ անոնց վրայ էինք
17 Եբր.՝ Նետաձիգները
18 Եբր.՝ աչքերուդ գէշ
19 Եբր.՝ ուժովցուր
20 Եբր.՝ հաւաքեց
21 Եբր.՝ աչքերուն գէշ