2 Samuel 12
1 Samuel « 2 Samuel 11 ‹ 2 Samuel 12 › 2 Samuel 13 » 1 Kings
ՆԱԹԱՆԻ ՊԱՏԳԱՄԸ ԵՒ ԴԱՒԻԹԻ ԶՂՋՈՒՄԸ
1Տէրը Նաթանը Դաւիթի ղրկեց։ Ան ալ իր քով գնաց եւ իրեն ըսաւ. «Քաղաքի մը մէջ երկու մարդ կար, մէկը՝ հարուստ, ու միւսը՝ թշուառ։
2Հարուստը յոյժ շատ ոչխարներ եւ արջառներ ունէր.
3թշուառը ոչինչ ունէր, բացի պզտիկ էգ գառնուկէ մը, որ գներ էր ու 1կը սնուցանէր՝՝։ Գառնուկը անոր քով եւ անոր որդիներուն հետ մեծցաւ։ Անոր պատառէն կ’ուտէր, անոր բաժակէն կը խմէր, անոր ծոցը կը պառկէր, եւ աղջիկի մը պէս էր անոր։
4Ճամբորդ մը եկաւ այդ հարուստ մարդուն. ան ալ 2չուզեց իր ոչխարներէն ու արջառներէն առնել՝ իրեն եկող ուղեւորին կերակուր պատրաստելու, հապա գնաց այդ թշուառ մարդուն էգ գառնուկը առաւ, եւ զայն իրեն եկող մարդուն համար պատրաստեց»։
5Այն ատեն Դաւիթի բարկութիւնը այդ մարդուն դէմ չափազանց բորբոքեցաւ, ու Նաթանի ըսաւ. «Տէրը կ’ապրի՛. այդ բանը ընող մարդը մեռնելու արժանի է։
6Այդ էգ գառնուկը չորեքպատիկ պիտի հատուցանէ, քանի որ այս բանը ըրաւ եւ չարգահատեցաւ»։
7Այն ատեն Նաթան Դաւիթի ըսաւ. «Այդ մարդը դո՛ւն ես։ Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը սա՛ կը յայտարարէ. “Քեզ Իսրայէլի վրայ ե՛ս թագաւոր օծեցի, ու քեզ Սաւուղի ձեռքէն ե՛ս ազատեցի։
8Տիրոջդ տունը քեզի տուի, տիրոջդ կիները քու ծոցդ դրի, եւ Իսրայէլի ու Յուդայի տունը քեզի տուի. եթէ քիչ կ’երեւնար, քեզի 3ասոնցմէ աւելի բաներ կու տայի՝՝։
9Ինչո՞ւ Տէրոջ պատուիրանը արհամարհեցիր, անոր 4առջեւ չարիք գործելով. Քետացի Ուրիան սուրով զարկիր, անոր կինը քեզի առիր՝ իբր կին, ու զայն Ամմոնի որդիներուն սուրով սպաննեցիր։
10Հիմա քու տունէդ սուրը երբե՛ք պիտի չհեռանայ, քանի որ զիս արհամարհեցիր եւ Քետացի Ուրիայի կինը քեզի առիր իբր կին”։
11Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. “Ահա՛ ես քու տունէ՛դ քեզի դէմ չարիք մը պիտի հանեմ. աչքերո՛ւդ առջեւ քու կիներդ պիտի առնեմ ու զանոնք քու ընկերիդ պիտի տամ, եւ ան այս արեւի՛ն առջեւ քու կիներուդ հետ պիտի պառկի։
12Արդարեւ դուն ծածկաբար ըրիր, բայց ես այս բանը ամբողջ Իսրայէլի առջեւ ու արեւին առջեւ պիտի ընեմ”»։
13Դաւիթ Նաթանի ըսաւ. «Տէրոջ դէմ մեղանչեցի»։ Նաթան Դաւիթի ըսաւ. «Տէրն ալ քու մեղքդ 5ներեց. պիտի չմեռնիս։
14Բայց քանի որ այս արարքով Տէրոջ թշնամիներուն առիթ տուիր զինք անարգելու, այս քեզի ծնած որդին անշուշտ պիտի մեռնի»։
ԴԱՒԻԹԻ ՈՐԴԻՆ ԿԸ ՄԵՌՆԻ
15Նաթան իր տունը գնաց։ Տէրը զարկաւ այն զաւակը՝ որ Ուրիայի կինը Դաւիթի ծներ էր, եւ սաստիկ հիւանդացաւ։
16Դաւիթ տղեկին համար Աստուծոյ թախանձեց. Դաւիթ ծոմ պահեց, ու գնաց 6ամբողջ գիշերը գետինի վրայ պառկեցաւ՝՝։
17Անոր տան երէցները կանգնեցան եւ իր քով գացին, որպէսզի զինք գետինէն վերցնեն. բայց ինք չուզեց, ու անոնց հետ հաց չկերաւ։
18Եօթներորդ օրը զաւակը մեռաւ։ Դաւիթի ծառաները վախցան զաւակին մեռնիլը անոր իմացնել, քանի որ ըսին. «Ահա՛ երբ զաւակը ողջ էր՝ անոր խօսեցանք, սակայն մեր խօսքը մտիկ չըրաւ։ Ուստի ի՞նչպէս անոր ըսենք. “Զաւակը մեռաւ”։ Գէշ բան մը պիտի ընէ»։
19Բայց Դաւիթ տեսաւ թէ իր ծառաները կը փսփսան, եւ Դաւիթ հասկցաւ թէ զաւակը մեռեր է։ Ուստի Դաւիթ իր ծառաներուն ըսաւ. «Զաւակը մեռա՞ւ»։ Անոնք ալ ըսին. «Մեռաւ»։
20Այն ատեն Դաւիթ գետինէն ելաւ, լուացուեցաւ, օծուեցաւ, հանդերձները փոխեց, ու Տէրոջ տունը մտնելով՝ երկրպագեց։ Յետոյ իր տունը վերադարձաւ, պահանջեց որ իր առջեւ հաց դնեն, եւ կերաւ։
21Անոր ծառաները իրեն ըսին. «Այս ի՞նչ բան է՝ որ ըրիր. մինչ զաւակը ողջ էր, անոր համար ծոմ պահեցիր ու լացիր. իսկ երբ զաւակը մեռաւ, կանգնեցար եւ հաց կերար»։
22Ան ալ ըսաւ. «Մինչ զաւակը տակաւին ողջ էր՝ ծոմ պահեցի ու լացի, քանի որ ըսի. “Ո՞վ գիտէ, թերեւս Աստուած ինծի ողորմի, եւ զաւակը ապրի”։
23Բայց հիմա ան մեռած է, ինչո՞ւ ծոմ պահեմ. միթէ կրնա՞մ զայն վերադարձնել։ Ես անոր պիտի երթամ, բայց ան ինծի պիտի չվերադառնայ»։
ՍՈՂՈՄՈՆ ԿԸ ԾՆԻ
24Դաւիթ իր կինը՝ Բեթսաբէն մխիթարեց, անոր քով մտաւ ու անոր հետ պառկեցաւ. ան ալ որդի մը ծնաւ, եւ անոր անունը Սողոմոն կոչեց։ Տէրը զայն սիրեց,
25ու Նաթան մարգարէին 7միջոցով պատգամ ղրկեց, եւ անոր անունը 8Յեդիդիա կոչեց՝ Տէրոջ համար։
ԴԱՒԻԹ ԿԸ ԳՐԱՒԷ ՌԱԲԲԱՆ (Ա. Մնաց. 20. 1-3)
26Յովաբ Ամմոնի որդիներուն Ռաբբային դէմ պատերազմեցաւ, ու թագաւորանիստ քաղաքը գրաւեց։
27Յովաբ Դաւիթի պատգամաւորներ ղրկեց եւ ըսաւ. «Ռաբբայի դէմ պատերազմեցայ ու ջուրերուն քաղաքը գրաւեցի։
28Հիմա մնացած ժողովուրդը հաւաքէ՛, քաղաքին դէմ բանակէ՛ եւ զայն գրաւէ, որ քաղաքը ես չգրաւեմ ու անոր վրայ իմ անունս չկոչուի»։
29Ուստի Դաւիթ ամբողջ ժողովուրդը հաւաքեց, Ռաբբա գնաց եւ անոր դէմ պատերազմելով՝ զայն գրաւեց։
30Անոնց թագաւորին թագը իր գլուխէն առաւ. ան տաղանդ մը ոսկիի կշիռ ունէր՝ պատուական քարերով զարդարուած, ու Դաւիթի գլուխը դրուեցաւ։ Դաւիթ քաղաքէն յոյժ շատ աւար 9բերաւ,
31իսկ անոր մէջ եղած ժողովուրդը դուրս հանելով՝ սղոցներու, երկաթէ ցաքաններու եւ երկաթէ կացիններու 10տակ դրաւ՝՝, ու զանոնք աղիւսի 11փուռէ անցուց՝՝։ Ամմոնի որդիներուն բոլոր քաղաքներուն այսպէս ըրաւ։ Յետոյ Դաւիթ ամբողջ ժողովուրդով Երուսաղէմ վերադարձաւ։