Loading...

2 Samuel 13

1 Samuel  «  2 Samuel 12  ‹  2 Samuel 13  ›  2 Samuel 14  »  1 Kings


ԱՄՆՈՆ ԵՒ ԹԱՄԱՐ

1

Ատկէ ետք՝ սա՛ պատահեցաւ։ Դաւիթի որդին՝ Աբիսողոմ գեղեցիկ քոյր մը ունէր, որուն անունը Թամար էր. Դաւիթի որդին՝ Ամնոն զայն սիրեց։

2

Ամնոն իր քրոջ՝ Թամարի սիրոյն համար հիւանդանալու չափ տագնապեցաւ. արդարեւ ան կոյս մըն էր, եւ անոր որեւէ բան ընել՝ Ամնոնի 1խրթին կը թուէր՝՝։

3

Ամնոն Յովնադաբ անունով բարեկամ մը ունէր, որ Դաւիթի եղբօր՝ Սամաայի որդին էր։ Յովնադաբ շատ 2խորագէտ մարդ մըն էր,

4

եւ անոր ըսաւ. «Ո՛վ թագաւորի որդի, դուն ինչո՞ւ այդպէս առտուընէ առտու 3կը հալիս՝՝. պատճառը ինծի չե՞ս իմացներ»։ Ամնոն անոր ըսաւ. «Ես իմ եղբօրս՝ Աբիսողոմի քրոջ Թամարի սիրահարած եմ»։

5

Յովնադաբ անոր ըսաւ. «Անկողինիդ մէջ պառկէ՛ ու քեզ հիւա՛նդ ձեւացուր. ու երբ հայրդ քեզ տեսնելու գայ, անոր ըսէ՛. “Կ’աղերսե՛մ, իմ քոյրս՝ Թամար ինծի թող գայ ու ինծի հաց կերցնէ. իմ աչքերուս առջեւ կերակուր թող պատրաստէ, որպէսզի տեսնեմ եւ անոր ձեռքէն ուտեմ”»։

6

Ամնոն պառկեցաւ ու զինք հիւանդ ձեւացուց. երբ թագաւորը զինք տեսնելու եկաւ, Ամնոն թագաւորին ըսաւ. «Կ’աղերսե՛մ, իմ քոյրս՝ Թամար թող գայ, իմ աչքերուս առջեւ երկու բլիթ պատրաստէ, եւ անոր ձեռքէն ուտեմ»։

7

Դաւիթ տունը մարդ ղրկեց՝ Թամարի, ըսելով. «Այժմ եղբօրդ՝ Ամնոնի տո՛ւնը գնա ու անոր կերակո՛ւր պատրաստէ»։

8

Թամար իր եղբօր՝ Ամնոնի տունը գնաց. ան պառկած էր։ Խմորի զանգուած առաւ, շաղեց եւ անոր աչքերուն առջեւ բլիթներ պատրաստեց, ու եփեց։

9

Յետոյ տապակը առաւ եւ անոր առջեւ պարպեց, բայց ան մերժեց ուտել։ Ամնոն ըսաւ. «Քովէս ամէն մարդ դո՛ւրս հանեցէք»։ Ամէն մարդ անոր քովէն դուրս ելաւ։

10

Ամնոն Թամարի ըսաւ. «Ներքի՛ն սենեակը բեր կերակուրը, որպէսզի ձեռքէդ ուտեմ»։ Թամար պատրաստած բլիթները առաւ ու իր եղբօր՝ Ամնոնի տարաւ, ներքին սենեակը, եւ անոր մօտեցուց՝ որպէսզի ուտէ։

11

Իսկ Ամնոն զինք բռնեց եւ իրեն ըսաւ. «Եկո՛ւր, քոյրս, ինծի՛ հետ պառկէ»։

12

Ինք անոր պատասխանեց. «Ո՛չ, եղբայրս, զիս մի՛ բռնաբարեր. արդարեւ Իսրայէլի մէջ այդպիսի բան չ’ըլլար։ Այդ անզգամութիւնը մի՛ ըներ։

13

Ես իմ նախատինքս ո՞ւր պիտի տանիմ. դուն ալ Իսրայէլի մէջ անզգամներէն մէկուն պէս պիտի ըլլաս։ Հիմա կ’աղերսե՛մ, թագաւորի՛ն խօսէ. ան պիտի չմերժէ զիս քեզի տալ»։

14

Բայց Ամնոն անոր խօսքը չուզեց մտիկ ընել. հապա անկէ զօրաւոր ըլլալով՝ զայն բռնաբարեց եւ անոր հետ պառկեցաւ։

15

Յետոյ Ամնոն զայն 4չափազանց ատեց, այնպէս որ անոր հանդէպ ունեցած ատելութիւնը աւելի մեծ էր՝ քան անոր հանդէպ ունեցած սէրը։ Ամնոն անոր ըսաւ. «Կանգնէ՛ եւ գնա՛»։

16

Ան ալ իրեն ըսաւ. «5Պատճառ չկայ՝՝։ Զիս վտարելով այս ըրած չարիքդ՝ աւելի մեծ է, քան միւսը՝ որ ինծի ըրիր»։ Բայց Ամնոն անոր մտիկ ընել չուզեց.

17

հապա իրեն 6ծառայող իր սպասարկուն կանչեց եւ ըսաւ. «Այժմ ասիկա քովէս դո՛ւրս 7հանէ, ու ետեւէն դո՛ւռը կղպէ»։

18

(Թամար վրան բազմագոյն պատմուճան մը ունէր, քանի որ թագաւորին կոյս աղջիկները այսպիսի պարեգօտ կը հագնէին։) Ուստի իր սպասարկուն զայն դուրս հանեց ու ետեւէն դուռը կղպեց։

19

Թամար մոխիր առաւ եւ իր գլուխին վրայ ցանեց, իր վրայի բազմագոյն պատմուճանը պատռեց, ձեռքը գլուխին վրայ դրաւ ու աղաղակելով գնաց։

20

Անոր եղբայրը՝ Աբիսողոմ անոր ըսաւ. «Արդեօք եղբայրդ՝ Ամնոն քեզի հե՞տ եղաւ։ Հիմա, քո՛յրս, լո՛ւռ կեցիր. անիկա քու եղբայրդ է, այս բանին 8ուշադրութիւն մի՛ դարձներ՝՝»։ Ուստի Թամար 9ընկճուած մնաց իր եղբօր՝ Աբիսողոմի տունը։

21

Դաւիթ թագաւորը այս բոլոր բաները լսելով՝ շատ 10բորբոքեցաւ։

22

Իսկ Աբիսողոմ Ամնոնի հետ ո՛չ լաւ, ո՛չ ալ գէշ կերպով խօսեցաւ, քանի որ Աբիսողոմ Ամնոնը կ’ատէր, իր քոյրը՝ Թամարը լլկելուն համար։


ԱԲԻՍՈՂՈՄԻ ՎՐԷԺԸ

23

Լման երկու տարի անցնելէն ետք, երբ Աբիսողոմի ոչխարները Եփրեմի մօտ եղող Բահաղ-Ասորի մէջ կը խուզէին, Աբիսողոմ թագաւորին բոլոր որդիները հրաւիրեց։

24

Նաեւ Աբիսողոմ թագաւորին գնաց եւ անոր ըսաւ. «Ահա՛ այժմ քու ծառայիդ ոչխարները կը խուզեն։ Կ’աղերսե՛մ, թագաւորն ու անոր ծառաները քու ծառայիդ հետ թող երթան»։

25

Թագաւորը Աբիսողոմի ըսաւ. «Ո՛չ, որդիս, այժմ բոլորս չերթանք, որպէսզի քու վրադ ծանրութիւն չըլլանք»։ Աբիսողոմ ստիպեց. բայց Դաւիթ երթալ չուզեց, ու զինք օրհնեց։

26

Աբիսողոմ ըսաւ. «Եթէ ոչ՝ կ’աղերսե՛մ, իմ եղբայրս՝ Ամնոն մեզի հետ թող գայ»։ Թագաւորը անոր ըսաւ. «Անիկա ինչո՞ւ քեզի հետ երթայ»։

27

Բայց Աբիսողոմ զայն ստիպեց, ուստի Ամնոնը եւ թագաւորին բոլոր որդիները իրեն հետ ղրկեց։

28

Աբիսողոմ իր սպասաւորներուն պատուիրեց. «Այժմ նայեցէ՛ք. երբ Ամնոնի սիրտը գինիէն զուարթանայ, ու ես ձեզի ըսեմ. “Ամնոնը զարկէ՛ք”, զայն մեռցուցէ՛ք։ Մի՛ վախնաք. ես չե՞մ որ ձեզի պատուիրեցի։ Ուժովցէ՛ք եւ 11կտրի՛ճ եղէք»։

29

Աբիսողոմի սպասաւորները Աբիսողոմի պատուիրածին համաձայն ըրին Ամնոնի։ Թագաւորին բոլոր որդիները ոտքի ելան ու փախան, իւրաքանչիւրը իր ջորին հեծնելով։

30

Մինչ անոնք ճամբան էին, Դաւիթի լուր բերուեցաւ՝ ըսելով. «Աբիսողոմ թագաւորին բոլոր որդիները մեռցուց, եւ անոնցմէ ո՛չ մէկը մնաց»։

31

Թագաւորը ոտքի ելաւ, իր հագուստները պատռեց ու գետինը պառկեցաւ. անոր բոլոր ծառաները անոր շուրջը կայնեցան՝ իրենց հանդերձները պատռած։

32

Յովնադաբ, Դաւիթի եղբօր՝ Սամաայի որդին, ըսաւ. «Իմ տէրս թող 12չկարծէ թէ բոլոր երիտասարդները՝ թագաւորին որդիները՝ մեռցուցին, քանի որ միայն Ամնոն մեռած է. արդարեւ ասիկա Աբիսողոմի հրամանով 13որոշուած էր, այն օրէն ի վեր՝ երբ ան իր քոյրը՝ Թամարը լլկեց։

33

Ուստի հիմա իմ տէրս՝ թագաւորը 14թող չտագնապի՝՝, կարծելով թէ թագաւորին բոլոր որդիները մեռան. արդարեւ միայն Ամնոն մեռած է»։

34

Աբիսողոմ փախաւ։ Երբ Դաւիթի դէտը եղող երիտասարդը աչքերը վերցուց ու նայեցաւ, ահա՛ իր ետեւէն՝ լերան քովէն՝ յոյժ շատ ժողովուրդ կու գար։

35

Այն ատեն Յովնադաբ թագաւորին ըսաւ. «Ահա՛ թագաւորին որդիները կու գան. ի՛նչպէս ծառադ ըսաւ, ա՛յնպէս եղաւ»։

36

Մինչ ան իր խօսքը կ’աւարտէր, ահա՛ թագաւորին որդիները եկան, եւ իրենց ձայնը բարձրացնելով լացին։ Թագաւորն ալ ու իր բոլոր ծառաները 15դառնապէս լացին։

37

Աբիսողոմ փախաւ, ու Գեսուրի թագաւորին՝ Ամիուդի որդիին՝ Թոլմիի գնաց. իսկ Դաւիթ ամէն օր իր որդիին համար կը սգար։

38

Երբ Աբիսողոմ փախաւ եւ Գեսուր գնաց, հոն երեք տարի մնաց։ Դաւիթ թագաւորը կը փափաքէր դուրս ելլել՝ Աբիսողոմի մօտ, որովհետեւ Ամնոնի մասին մխիթարուած էր, քանի ան մեռած էր։



1 Եբր.՝ աչքերուն խրթին էր
2 Եբր.՝ իմաստուն
3 Եբր.՝ վտիտ կ’ըլլաս
4 Եբր.՝ շատ մեծ ատելութեամբ
5 Կամ՝ Մի՛ ըներ այդ բանը
6 Եբր.՝ սպասարկող
7 Եբր.՝ հանեցէք
8 Եբր.՝ սիրտիդ մէջ մի՛ դներ
9 Եբր.՝ ամայացած
10 Կամ՝ տրտմեցաւ
11 Եբր.՝ կտրիճի որդի՛
12 Եբր.՝ չըսէ
13 Եբր.՝ դրուած
14 Եբր.՝ այս բանը իր սիրտին մէջ թող չդնէ
15 Եբր.՝ շատ մեծ լացով