2 Samuel 14
1 Samuel « 2 Samuel 13 ‹ 2 Samuel 14 › 2 Samuel 15 » 1 Kings
ՅՈՎԱԲ ԿԸ ԿԱՐԳԱԴՐԷ ԱԲԻՍՈՂՈՄԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ
1Շարուհեայի որդին՝ Յովաբ հասկցաւ թէ թագաւորին սիրտը դէպի Աբիսողոմը դարձած է։
2Ուստի Յովաբ Թեկուէ մարդ ղրկեց, անկէ իմաստուն կին մը բերել տուաւ, եւ անոր ըսաւ. «Կ’աղերսե՛մ, քեզ սգաւո՛ր ձեւացուր, սուգի հանդերձնե՛ր հագիր, հոտաւէտ իւղով մի՛ օծուիր, հապա մեռելի մը համար երկար ժամանակէ ի վեր սգացող կնոջ մը պէս եղիր,
3ու թագաւորի՛ն մտիր եւ անոր սա՛ կերպով խօսէ». ու Յովաբ անոր 1պատուիրեց իր ըսելիք խօսքերը՝՝։
4Երբ այդ թեկուացի կինը թագաւորին 2մտաւ խօսելու համար՝՝, դէմքի վրայ գետինը իյնալով անոր երկրպագեց եւ ըսաւ. «Ո՛վ թագաւոր, 3օգնութեա՛ն հասիր ինծի՝՝»։
5Թագաւորը անոր ըսաւ. «Քեզի ի՞նչ եղաւ»։ Կինը պատասխանեց. «Իրա՛ւ ես այրի կին մըն եմ, եւ ամուսինս մեռած է։
6Քու 4աղախինդ երկու որդի ունէր. երկուքը դաշտի մէջ իրարու հետ կռուեցան, եւ զանոնք 5հաշտեցնող մը չկար. ուստի մէկը միւսը զարկաւ ու զայն մեռցուց։
7Եւ ահա՛ ամբողջ գերդաստանը քու աղախինիդ դէմ կանգնեցաւ, ու ըսին. “Յանձնէ՛ իր եղբայրը զարնողը, որպէսզի զինք մեռցնենք՝ իր մեռցուցած եղբօր կեանքին համար, եւ ժառանգորդն ալ բնաջնջենք”։ Ինծի մնացած կայծը պիտի մարեն, երկրագունդին վրայ ամուսինիս ո՛չ անուն, ո՛չ ալ մնացորդ 6պահելով»։
8Թագաւորը կնոջ ըսաւ. «Տո՛ւնդ գնա, ու ես քեզի համար պատուէր կու տամ»։
9Թեկուացի կինը թագաւորին ըսաւ. «Ո՛վ թագաւոր, իմ տէ՛րս. անօրէնութիւնը ի՛մ վրաս եւ հօ՛րս տան վրայ ըլլայ, բայց թագաւորն ու անոր գահը անպարտ ըլլան»։
10Թագաւորը ըսաւ. «Ո՛վ որ քեզի բան մը ըսէ, զայն ինծի՛ բեր, եւ անգա՛մ մըն ալ քեզի պիտի չդպչի»։
11Ինք ըսաւ. «Կ’աղերսե՛մ, թագաւորը թող յիշէ Տէրը՝ իր Աստուածը, ու չթողու որ արիւնի վրէժխնդիրները կոտորածը շատցնեն եւ որդիս բնաջնջեն»։ Ան ալ ըսաւ. «Տէրը կ’ապրի՛. որդիիդ գլուխէն մա՛զ մը գետինը պիտի չիյնայ»։
12Այն ատեն կինը ըսաւ. «Կ’աղերսե՛մ, քու աղախինդ իմ տիրոջս՝ թագաւորին խօսք մը թող ըսէ»։ Ան ալ ըսաւ. «Խօսէ՛»։
13Կինը ըսաւ. «Ուրեմն ինչո՞ւ Աստուծոյ ժողովուրդին դէմ այդպիսի բան կը մտածես. որովհետեւ թագաւորը այս խօսքերը ըսելով յանցաւորի պէս կ’ըլլայ, այնքան ատեն որ իր աքսորածը չվերադարձնէ։
14Արդարեւ մենք անշուշտ պիտի մեռնինք, ու գետինը թափուած ջուրին կը նմանինք, որ կարելի չէ հաւաքել։ Աստուած մարդու մը 7կեանքը չ’առներ, հապա միջոցներ կը հնարէ, որպէսզի աքսորականը իրմէ աքսորուած չմնայ։
15Հիմա իմ տիրոջս՝ թագաւորին այս խօսքը ըսելու եկայ, քանի որ ժողովուրդը զիս վախցուց ու քու աղախինդ ըսաւ. “Այժմ թագաւորին հետ խօսիմ, թերեւս թագաւորը իր աղախինին խօսքը կատարէ.
16Որովհետեւ թագաւորը մտիկ ընելով՝ իր աղախինը պիտի ազատէ այն մարդուն ձեռքէն, որ զիս ու իմ որդիս միասին Աստուծոյ ժառանգութենէն բնաջնջել կ’ուզէ”։
17Եւ աղախինդ ըսաւ. “Իմ տիրոջս՝ թագաւորին խօսքը այժմ մխիթարութիւն պիտի ըլլայ”. արդարեւ իմ տէրս՝ թագաւորը Աստուծոյ հրեշտակի մը պէս է, ու բարին ու չարը կը 8հասկնայ։ Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ քեզի հետ 9ըլլայ»։
18Թագաւորը կնոջ պատասխանեց. «Այժմ քեզի հարցնելիք բանս ինձմէ մի՛ պահեր»։ Կինը ըսաւ. «Իմ տէրս՝ թագաւորը թող խօսի»։
19Թագաւորը ըսաւ. «Արդեօք այս բոլորին մէջ Յովաբի ձեռքը քեզի հե՞տ է»։ Կինը պատասխանեց. «Ո՛վ թագաւոր, իմ տէ՛րս, քու անձդ կ’ապրի՛. ո՛չ մէկը իմ տիրոջս՝ թագաւորին բոլոր ըսածներէն աջ կողմ կամ ձախ կողմ կրնայ շեղիլ. արդարեւ քու ծառադ Յովա՛բն է ինծի պատուիրողը, եւ այս բոլոր խօսքերը քու աղախինիդ բերանը դնողը անիկա՛ է։
20Այս խնդիրին 10ուրիշ երեւոյթ տալու՝՝ համար է որ քու ծառադ Յովաբ այս բանը ըրաւ. իմ տէրս իմաստուն է՝ Աստուծոյ հրեշտակի մը իմաստութեան համեմատ, ու երկրի վրայ պատահող ամէն ինչ գիտէ»։
21Թագաւորը Յովաբի ըսաւ. «Ահա՛ այժմ այս բանը ըրի. գնա՛, երիտասարդ Աբիսողոմը վերադարձո՛ւր»։
22Այն ատեն Յովաբ երեսին վրայ գետին ինկաւ, անոր երկրպագեց, թագաւորը օրհնեց եւ ըսաւ. «Քու ծառադ այսօր գիտցաւ թէ քու 11առջեւդ շնորհք գտայ, ո՛վ թագաւոր, իմ տէ՛րս, քանի որ թագաւորը իր ծառային խօսքը գործադրեց»։
23Ուստի Յովաբ կանգնեցաւ, Գեսուր գնաց, եւ Աբիսողոմը Երուսաղէմ բերաւ։
24Թագաւորը ըսաւ. «Թող 12մեկուսանայ իր տունը, բայց իմ երեսս չտեսնէ»։ Աբիսողոմ իր տունը մեկուսացաւ, սակայն թագաւորին երեսը չտեսաւ։
ԱԲԻՍՈՂՈՄ ԿԸ ՀԱՇՏՈՒԻ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ՀԵՏ
25Ամբողջ Իսրայէլի մէջ Աբիսողոմի պէս գեղեցիկ ու գովելի մարդ մը չկար. իր ոտքին ներբանէն մինչեւ գլուխին գագաթը արատ մը չունէր։
26Երբ իր գլուխը կ’ածիլէր, (արդարեւ ամէն տարուան վախճանին զայն կ’ածիլէր, քանի մազերը իր վրայ ծանրութիւն կ’ըլլային. ուստի զայն կ’ածիլէր,) գլուխին մազերը կը կշռէր.— թագաւորական կշռաքարով՝ երկու հարիւր սիկղ։
27Աբիսողոմի երեք որդի ու Թամար անունով աղջիկ մը ծնան. ան գեղեցիկ տեսքով կին մըն էր։
28Աբիսողոմ Երուսաղէմի մէջ լման երկու տարի բնակեցաւ, բայց թագաւորին երեսը չտեսաւ։
29Աբիսողոմ Յովաբի մարդ ղրկեց՝ որպէսզի զինք թագաւորին ղրկէ. բայց ինք անոր երթալ չուզեց։ Դարձեալ երկրորդ անգամ մարդ ղրկեց, սակայն ան չուզեց երթալ։
30Այն ատեն Աբիսողոմ իր ծառաներուն ըսաւ. «Տեսէ՛ք, Յովաբի արտը՝ իմ արտիս մօտ է. ան հոն գարի ունի։ Գացէ՛ք զայն կրակո՛վ վառեցէք»։ Աբիսողոմի ծառաներն ալ այդ արտը կրակով վառեցին։
31Յովաբ կանգնեցաւ, Աբիսողոմի տունը գնաց եւ անոր ըսաւ. «Ինչո՞ւ քու ծառաներդ իմ արտս կրակով վառեցին»։
32Աբիսողոմ Յովաբի պատասխանեց. «Ահա՛ քեզի մարդ ղրկեցի ու ըսի. “Հո՛ս եկուր, քեզ թագաւորին ղրկեմ, որպէսզի ըսես. "Գեսուրէն ինչո՞ւ եկայ. ինծի համար աւելի լաւ էր հոն մնալ։ Հիմա կ’ուզեմ թագաւորին երեսը տեսնել. եթէ իմ վրաս անօրէնութիւն մը կայ, զիս թող մեռցնէ"”»։
33Յովաբ թագաւորին գնաց եւ այս բանը անոր իմացուց։ Թագաւորը Աբիսողոմը կանչեց. ան ալ թագաւորին քով գնաց, ու թագաւորին առջեւ դէմքին վրայ գետին իյնալով՝ երկրպագեց. իսկ թագաւորը Աբիսողոմը համբուրեց։