2 Samuel 15
1 Samuel « 2 Samuel 14 ‹ 2 Samuel 15 › 2 Samuel 16 » 1 Kings
ԱԲԻՍՈՂՈՄ ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ԾՐԱԳՐԷ
1Ատկէ ետք Աբիսողոմ իրեն համար կառքեր եւ ձիեր պատրաստեց, նաեւ իր առջեւէն 1վազող յիսուն մարդ՝՝։
2Աբիսողոմ կանուխ կ’ելլէր ու դրան ճամբային քով կը կայնէր. ամէն անգամ որ մարդ մը դատ ունենար եւ դատաստանի համար թագաւորին գար, Աբիսողոմ զայն կը կանչէր ու կ’ըսէր. «Դուն ո՞ր քաղաքէն ես»։ Երբ ան ըսէր. “Ծառադ Իսրայէլի տոհմերէն մէկէն է”,
3Աբիսողոմ անոր կ’ըսէր. «Նայէ՛, քու խնդիրդ 2բանաւոր եւ իրաւացի է. բայց թագաւորին կողմէն քեզի մտիկ ընող չկայ»։
4Աբիսողոմ կ’ըսէր. «Երանի՜ թէ զիս այս երկրին վրայ դատաւոր դնէին, ամէն վէճ կամ դատ ունեցող մարդ ինծի գար, եւ անոր իրաւունքը պաշտպանէի»։
5Երբ մարդ մը մօտենար՝ իրեն երկրպագելու, ինք ձեռքը կ’երկարէր, զայն կը բռնէր ու կը համբուրէր։
6Դատաստանի համար թագաւորին եկող ամբողջ Իսրայէլի հետ այս կերպով վարուելով՝ Աբիսողոմ Իսրայէլի մարդոց սիրտը 3իրեն դարձուց՝՝։
74Քառասուն տարուան վախճանին՝ Աբիսողոմ թագաւորին ըսաւ. «Կ’աղերսե՛մ, երթամ ու Տէրոջ ըրած ուխտս կատարեմ Քեբրոնի մէջ։
8Որովհետեւ երբ Գեսուր կը բնակէի՝ Սուրիայի մէջ, ծառադ ուխտ ըրաւ եւ ըսաւ. “Եթէ Տէրը զիս Երուսաղէմ վերադարձնէ, Տէրոջ պաշտամունք պիտի կատարեմ”»։
9Թագաւորը իրեն ըսաւ. «Գնա՛ խաղաղութեամբ»։ Ինք ալ կանգնեցաւ ու Քեբրոն գնաց։
10Աբիսողոմ Իսրայէլի բոլոր տոհմերուն 5պատգամաւորներ ղրկեց եւ ըսաւ. «Երբ շեփորին ձայնը լսէք՝ ըսէ՛ք. “Աբիսողոմ Քեբրոնի մէջ թագաւոր եղաւ”»։
11Աբիսողոմի հետ Երուսաղէմէն երկու հարիւր մարդ գնաց՝ հրաւիրուած ըլլալով։ Անոնք 6պարզամտութեամբ գացին, ոչինչ գիտնալով։
12Մինչ Աբիսողոմ զոհ կը մատուցանէր, Դաւիթի խորհրդականը՝ Գեղոնացի Աքիտոփէլը՝ իր Գեղոն քաղաքէն կանչել տուաւ։ Դաւադրութիւնը զօրացաւ, ու ժողովուրդը հետզհետէ կը շատնար Աբիսողոմի քով։
ԴԱՒԻԹ ԿԸ ՓԱԽՉԻ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԷՆ
13Տեղեկաբեր մը Դաւիթի եկաւ եւ ըսաւ. «Իսրայելացիներուն սիրտը Աբիսողոմի 7դարձաւ՝՝»։
14Այն ատեն Դաւիթ Երուսաղէմի մէջ իրեն հետ եղող բոլոր ծառաներուն ըսաւ. «Կանգնեցէ՛ք ու փախչի՛նք, քանի որ Աբիսողոմի 8ձեռքէն մեզի ազատում չկայ։ Շտապելո՛վ գացէք, որ ան շուտով մեզի չհասնի, մեր վրայ չարիք 9չբերէ, ու քաղաքը սուրի բերանէ չանցընէ»։
15Թագաւորին ծառաները թագաւորին ըսին. «Մեր տէր թագաւորը ինչ որ ընտրէ, ահա՛ իր ծառաները պատրաստ են ընելու»։
16Թագաւորը դուրս ելաւ, եւ իր 10ետեւէն՝ իր ամբողջ տունը. սակայն թագաւորը իր հարճերէն տասը կին թողուց, որպէսզի տունը պահպանեն։
17Թագաւորը դուրս ելաւ, ու իր ետեւէն՝ ամբողջ ժողովուրդը. անոնք հեռաւոր 11տեղ մը կանգ առին։
18Իր բոլոր ծառաները, բոլոր Քերեթիները եւ բոլոր Փելեթիները իր քովէն 12կը քալէին՝՝։ Իր ետեւէն Գեթէն եկած բոլոր Գեթացիները, վեց հարիւր մարդ, թագաւորին առջեւէն 13կը քալէին՝՝։
19Թագաւորը Գեթացի Եթթիի ըսաւ. «Ինչո՞ւ դուն ալ մեզի հետ պիտի երթաս. վերադարձի՛ր ու թագաւորի՛ն հետ կեցիր, քանի որ դուն օտարազգի մըն ես, նաեւ եղած տեղդ տարագրուած ես։
20Դուն երէկ եկար, եւ այսօր ես քեզ թափառեցնե՞մ մեզի հետ։ Քանի ես կ’երթամ ո՛ւր որ կրնամ երթալ, դուն վերադարձի՛ր, ու եղբայրնե՛րդ ալ վերադարձուր. ողորմութիւնն ու ճշմարտութիւնը քեզի հետ ըլլան»։
21Եթթի թագաւորին պատասխանեց. «Տէրը կ’ապրի՛, եւ իմ տէրս՝ թագաւորն ալ կ’ապրի՛. իմ տէրս՝ թագաւորը ո՛ւր որ ըլլայ, մահուան մէջ թէ կեանքի մէջ, քու ծառադ ալ հոն պիտի ըլլայ»։
22Դաւիթ Եթթիի ըսաւ. «Ուրեմն գնա՛, անցի՛ր»։ Գեթացի Եթթի իրեն հետ եղող բոլոր մարդոցմով ու բոլոր մանուկներով անցաւ։
23Ամբողջ երկիրը բարձր ձայնով կու լար, մինչ ամբողջ ժողովուրդը կ’անցնէր։ Թագաւորը Կեդրոն վտակէն անցաւ, ու ամբողջ ժողովուրդը դէպի անապատին ճամբան անցաւ։
24Ահա՛ Սադովկ ալ, եւ անոր հետ բոլոր Ղեւտացիները՝ Աստուծոյ ուխտին տապանակը կը կրէին։ Աստուծոյ տապանակը զետեղեցին, ու Աբիաթար 14զոհ կը մատուցանէր՝՝ մինչեւ որ քաղաքէն դուրս ելլող ամբողջ ժողովուրդին անցնիլը լրացաւ։
25Թագաւորը Սադովկի ըսաւ. «Աստուծոյ տապանակը քաղա՛քը վերադարձուր։ Եթէ Տէրոջ 15առջեւ շնորհք գտնեմ, զիս պիտի վերադարձնէ եւ ինծի ցուցնէ զայն ու անոր բնակարանը։
26Բայց եթէ ինծի սա՛ ըսէ. “Քեզմէ չեմ ախորժիր”, ահա՛ հոս եմ, ինծի թող ընէ ինչ որ 16իրեն հաճելի՝՝ է»։
27Թագաւորը Սադովկ քահանային ըսաւ. «Դուն տեսանող չե՞ս։ Խաղաղութեամբ քաղա՛քը վերադարձիր. քու որդիդ՝ Աքիմաաս, եւ Աբիաթարի որդին՝ Յովնաթան, ձեր երկու որդիները՝ ձեզի հետ։
28Ահա՛ ես անապատին դաշտերուն մէջ պիտի սպասեմ, մինչեւ որ ձեզմէ 17լուր մը ստանամ՝՝»։
29Ուստի Սադովկ եւ Աբիաթար Աստուծոյ տապանակը Երուսաղէմ վերադարձուցին, ու հոն մնացին։
30Դաւիթ Ձիթենեաց լերան զառիվերէն կը բարձրանար. մինչ կը բարձրանար՝ կու լար։ Գլուխը ծածկած էր, եւ բոկոտն կը քալէր։ Անոր հետ եղող ամբողջ ժողովուրդն ալ կը բարձրանար. իւրաքանչիւրը իր գլուխը ծածկած էր, ու լալով կը բարձրանային։
31Դաւիթի պատմեցին. «Աքիտոփէլ Աբիսողոմի հետ դաւադրողներուն մէջ է»։ Դաւիթ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, կ’աղերսե՛մ, Աքիտոփէլի ծրագիրը 18ձախողեցո՛ւր»։
32Երբ Դաւիթ լերան գագաթը հասաւ, ուր Աստուծոյ երկրպագեց, ահա՛ Արաքացի Քուսի՝ հանդերձները պատռած ու գլուխին վրայ հող ցանած՝ զինք դիմաւորեց։
33Դաւիթ անոր ըսաւ. «Եթէ ինծի հետ 19գաս, ինծի բեռ կ’ըլլաս։
34Բայց եթէ քաղաքը վերադառնաս եւ Աբիսողոմի ըսես. “Ո՛վ թագաւոր, ես քու ծառադ պիտի ըլլամ. առաջ քու հօրդ ծառան էի, ու հիմա քու ծառադ եմ”, այն ատեն Աքիտոփէլի ծրագիրը կրնաս ձախողեցնել ինծի համար։
35Միթէ Սադովկ եւ Աբիաթար քահանաները հոն քեզի հետ չե՞ն. թագաւորին տունէն ինչ որ լսես, Սադովկ ու Աբիաթար քահանաներո՛ւն պատմէ։
36Ահա՛ հոն անոնց երկու որդիները, Սադովկի որդին՝ Աքիմաաս ու Աբիաթարի որդին՝ Յովնաթան, իրենց հետ են։ Ձեր լսած բոլոր խօսքերը ինծի իմացուցէ՛ք անոնց 20միջոցով»։
37Ուստի Դաւիթի բարեկամը՝ Քուսի քաղաքը մտաւ. Աբիսողոմ ալ Երուսաղէմ հասաւ։