Loading...

2 Samuel 16

1 Samuel  «  2 Samuel 15  ‹  2 Samuel 16  ›  2 Samuel 17  »  1 Kings


ԴԱՒԻԹ ԵՒ ՍԻԲԱ

1

Երբ Դաւիթ լերան գագաթէն քիչ մը անցեր էր, ահա՛ Մեմփիբոսթէի սպասաւորը՝ Սիբա զինք դիմաւորեց, իրեն հետ զոյգ մը համետուած էշ ունենալով, որոնց վրայ երկու հարիւր հաց, հարիւր ողկոյզ չամիչ, հարիւր 1ամառնային պտուղ՝՝ ու տիկ մը գինի բեռցուցած էր։

2

Թագաւորը Սիբայի ըսաւ. «Ասոնք 2ի՞նչ պիտի ընես՝՝»։ Սիբա ըսաւ. «Էշերը թագաւորին տան համար են, որպէսզի անոնց վրայ հեծնեն. հացը եւ ամառնային պտուղները երիտասարդներուն համար են, որպէսզի ուտեն. գինին անապատին մէջ պարտասածներուն համար է, որպէսզի խմեն»։

3

Թագաւորը ըսաւ. «Իսկ ո՞ւր է քու տիրոջդ որդին»։ Սիբա թագաւորին ըսաւ. «Ահա՛ ան Երուսաղէմ մնաց, որովհետեւ ըսաւ. “Այսօր Իսրայէլի տունը իմ հօրս թագաւորութիւնը ինծի պիտի վերադարձնէ”»։

4

Այն ատեն թագաւորը Սիբայի ըսաւ. «Ահա՛ Մեմփիբոսթէի ամբողջ ունեցածը քեզի ըլլայ»։ Սիբա ըսաւ. «Ո՛վ թագաւոր, իմ տէ՛րս, 3շնորհակալ եմ՝՝. թող շնորհք գտնեմ քու 4առջեւդ»։


ԴԱՒԻԹ ԵՒ ՍԵՄԷԻ

5

Երբ Դաւիթ թագաւորը Բաւուրիմ հասաւ, ահա՛ անկէ մարդ մը ելաւ՝ Սաւուղի տան գերդաստանէն, Գերայի որդին՝ Սեմէի անունով. դուրս ելլելով՝ կ’անիծէր,

6

եւ Դաւիթի ու Դաւիթ թագաւորին բոլոր ծառաներուն քար կը նետէր։ Ամբողջ ժողովուրդը եւ բոլոր զօրաւոր մարդիկը թագաւորին աջ կողմէն ու ձախ կողմէն կ’երթային։

7

Սեմէի սա՛ կ’ըսէր՝ երբ զայն կ’անիծէր. «Դո՛ւրս ելիր, դո՛ւրս ելիր, ո՛վ արիւնահեղ մարդ, ո՛վ 5անօրէն մարդ։

8

Տէրը Սաւուղի տան ամբողջ արիւնը քեզի վերադարձուց, որուն տեղը թագաւոր եղար։ Տէրը թագաւորութիւնը քու որդիիդ՝ Աբիսողոմի ձեռքը տուաւ։ Ահա՛ քու չարիքդ քեզի հասաւ, քանի որ դուն արիւնահեղ մարդ մըն ես»։

9

Շարուհեայի որդին՝ Աբեսսա թագաւորին ըսաւ. «Ինչո՞ւ այս մեռած շունը իմ տէրս՝ թագաւորը անիծէ։ Կ’աղերսե՛մ, թոյլատրէ՛ որ անցնիմ եւ անոր գլուխը վերցնեմ»։

10

Բայց թագաւորը ըսաւ. «Ո՛վ Շարուհեայի որդիներ, դուք ինծի հետ ի՞նչ գործ ունիք։ Թող անիծէ, քանի որ Տէրը անոր ըսաւ. “Դաւի՛թը անիծէ”։ Ուստի ո՞վ կրնայ ըսել. “Ինչո՞ւ այդպէս ըրիր”»։

11

Դաւիթ Աբեսսայի եւ իր բոլոր ծառաներուն ըսաւ. «Ահա՛ իմ ընդերքէս ելլող որդիս իմ հոգիս կը փնտռէ. հապա ո՞րչափ աւելի՝ այս Բենիամինեանը։ Ձգեցէ՛ք զայն՝ որ անիծէ, որովհետեւ Տէ՛րը ըսաւ անոր։

12

Թերեւս Տէրը իմ տառապանքիս նայի, եւ այսօրուան անոր տուած անէծքին փոխարէն ինծի բարիք հատուցանէ»։

13

Դաւիթ իր մարդոց հետ ճամբան կ’երթար. իսկ Սեմէի լերան կողմէն կ’երթար՝ անոր դիմացէն, անիծելով, քարեր նետելով ու հող ցանելով։

14

Թագաւորը եւ անոր հետ եղող ամբողջ ժողովուրդը պարտասած հասան ու հոն 6հանգստացան։


ԱԲԻՍՈՂՈՄ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ

15

Աբիսողոմ եւ ամբողջ ժողովուրդը՝ Իսրայելացիները՝ Երուսաղէմ մտան. Աքիտոփէլ ալ անոր հետ էր։

16

Երբ Դաւիթի բարեկամը՝ Արաքացի Քուսի՝ Աբիսողոմի քով գնաց, Քուսի Աբիսողոմի ըսաւ. «Ապրի՜ թագաւորը, ապրի՜ թագաւորը»։

17

Աբիսողոմ Քուսիի ըսաւ. «Բարեկամիդ վրայ ունեցած կարեկցութիւնդ ասիկա՞ է. ինչո՞ւ բարեկամիդ հետ չգացիր»։

18

Քուսի Աբիսողոմի ըսաւ. «Ո՛չ, հապա Տէրը, այս ժողովուրդը եւ բոլոր Իսրայելացիները ո՛վ որ ընտրեն, ես անորը պիտի ըլլամ ու անոր հետ պիտի կենամ։

19

7Ասկէ զատ՝՝, ես որո՞ւ պիտի ծառայեմ. անոր որդիին առջեւ չէ՞։ Ինչպէս հօրդ առջեւ ծառայեցի, այնպէս ալ քու առջեւդ պիտի ըլլամ»։

20

Աբիսողոմ Աքիտոփէլի ըսաւ. «Խորհո՛ւրդ տուէք թէ ի՛նչ ընելու ենք»։

21

Աքիտոփէլ Աբիսողոմի ըսաւ. «Քու հօրդ հարճերո՛ւն մտիր, որոնք տունը պահպանելու համար թողուց. երբ ամբողջ Իսրայէլը լսէ թէ դուն հօրդ 8ատելի եղար, այն ատեն բոլոր քեզի հետ եղողներուն ձեռքերը պիտի ուժովնան»։

22

Ուստի տանիքին վրայ Աբիսողոմի համար վրան մը լարեցին, եւ Աբիսողոմ ամբողջ Իսրայէլի աչքերուն առջեւ իր հօր հարճերուն մտաւ։

23

Այդ օրերը Աքիտոփէլի տուած խորհուրդը ա՛յնպէս էր, որպէս թէ մէկը Աստուծոյ խօսքը կը հարցնէր։ Ա՛յդպէս էր Աքիտոփէլի ամէն խորհուրդը, թէ՛ Դաւիթի քով եւ թէ Աբիսողոմի քով։



1 Կամ՝ շարոց չոր թուզ
2 Եբր.՝ ի՞նչ են քեզի
3 Եբր.՝ կ’երկրպագեմ
4 Եբր.՝ աչքերուդ
5 Եբր.՝ Բելիարի
6 Եբր.՝ շունչ առին
7 Եբր.՝ Երկրորդ
8 Եբր.՝ գարշահոտ