Loading...

2 Samuel 17

1 Samuel  «  2 Samuel 16  ‹  2 Samuel 17  ›  2 Samuel 18  »  1 Kings


ՔՈՒՍԻ ԿԸ ՄՈԼՈՐԵՑՆԷ ԱԲԻՍՈՂՈՄԸ

1

Աքիտոփէլ Աբիսողոմի ըսաւ. «Այժմ տասներկու հազար մարդ ընտրեմ, կանգնիմ, եւ այս գիշեր Դաւիթը հետապնդեմ։

2

Քանի ան յոգնած է ու ձեռքերը թուլցած են, անոր վրայ հասնիմ եւ զայն դողացնեմ, որպէսզի անոր հետ եղող ժողովուրդը փախչի, ու միայն թագաւորը զարնեմ։

3

Այսպէս՝ ամբողջ ժողովուրդը քեզի պիտի վերադարձնեմ. որովհետեւ եթէ 1քու փնտռած մարդդ զարնուի, բոլորն ալ կը վերադառնան՝՝, եւ ամբողջ ժողովուրդը խաղաղութեան մէջ կ’ըլլայ»։

4

Այս խօսքը 2հաճելի եղաւ Աբիսողոմի ու Իսրայէլի բոլոր երէցներուն՝՝։

5

Աբիսողոմ ըսաւ. «Այժմ Արաքացի Քուսի՛ն ալ կանչեցէք, որպէսզի 3անոր խորհուրդն ալ՝՝ լսենք»։

6

Երբ Քուսի Աբիսողոմի քով եկաւ, Աբիսողոմ անոր ըսաւ. «Աքիտոփէլ սա՛ խօսքը ըսաւ. արդեօք անոր ըսածը 4ընե՞նք՝ թէ ոչ. դո՛ւն խօսէ՝՝»։

7

Քուսի Աբիսողոմի ըսաւ. «Աքիտոփէլի տուած խորհուրդը այս անգամ լաւ չէ»։

8

Ապա Քուսի ըսաւ. «Դուն կը ճանչնաս հայրդ եւ անոր մարդիկը. անոնք զօրաւոր են, ու դառնասիրտ՝ դաշտի մէջ ձագերը յափշտակուած արջի պէս։ Քու հայրդ պատերազմիկ մըն է, եւ ժողովուրդին հետ չի գիշերեր։

9

Հիմա ան կա՛մ փոսի մը մէջ, կա՛մ ուրիշ տեղ մը պահուըտած է։ Եթէ ոմանք առաջին անգամէն իյնան, ամէն լսող պիտի ըսէ. “Աբիսողոմի հետեւող ժողովուրդը կոտորուեր է”։

10

Այն ատեն առիւծի սիրտի պէս սիրտ ունեցող 5կտրիճը անգամ բոլորովին պիտի հալի. արդարեւ ամբողջ Իսրայէլը գիտէ թէ հայրդ զօրաւոր է, ու անոր հետ եղողները կտրիճներ են։

11

Հետեւաբար քեզի խորհուրդ կու տամ որ ամբողջ Իսրայէլը, Դանէ մինչեւ Բերսաբէ, ծովեզերքը եղող աւազին պէս՝ բազմութեամբ քու քովդ հաւաքուի։ Դո՛ւն ալ 6անձամբ անոնց հետ պատերազմի գնա։

12

Այսպէս, անոր վրայ կը հասնինք՝ ո՛ւր տեղ որ գտնուի, անոր վրայ կ’իջնենք՝ ինչպէս ցօղը գետինին վրայ կ’իյնայ, եւ անկէ ու անոր հետ եղող բոլոր մարդոցմէն մէ՛կն ալ ողջ չի մնար։

13

Եթէ քաղաքի մը մէջ 7փակուի, ամբողջ Իսրայէլը պարաններ կը 8տանի այդ քաղաքը եւ զայն մինչեւ վտակը կը քաշենք, այնպէս որ հոն խճաքար մըն ալ չի գտնուիր»։

14

Աբիսողոմ ու բոլոր Իսրայելացիները ըսին. «Արաքացի Քուսիի խորհուրդը Աքիտոփէլի խորհուրդէն լաւ է»։ Արդարեւ Տէրը Աքիտոփէլի լաւ խորհուրդը ձախողեցնել հրամայած էր, որպէսզի Տէրը Աբիսողոմի վրայ չարիք հասցնէ։


ԴԱՒԻԹ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒԻ ՈՒ ԿԸ ՓԱԽՉԻ

15

Քուսի Սադովկ եւ Աբիաթար քահանաներուն ըսաւ. «Աքիտոփէլ Աբիսողոմի ու Իսրայէլի երէցներուն այսինչ խորհուրդը տուաւ, ես ալ այնինչ խորհուրդը տուի։

16

Հիմա շուտո՛վ մարդ ղրկեցէք, Դաւիթի իմացուցէ՛ք եւ ըսէ՛ք. “Գիշերը անապատին դաշտերուն մէջ մի՛ իջեւանիր, հապա շուտո՛վ անցիր, որ թագաւորն ու անոր հետ եղող ամբողջ ժողովուրդը 9չբնաջնջուին”»։

17

Յովնաթան եւ Աքիմաաս Ռովգէլի աղբիւրին քով կայնած էին, քանի չէին կրնար քաղաքը մտնելով երեւնալ։ 10Աղախին մը գնաց եւ անոնց պատմեց. անոնք ալ գացին ու Դաւիթ թագաւորին իմացուցին։

18

Պատանի մը զանոնք տեսաւ եւ Աբիսողոմի պատմեց. բայց անոնք՝ երկուքն ալ շուտով գացին ու Բաւուրիմ հասան՝ մարդու մը տունը։ Ան իր բակին մէջ ջրհոր մը ունէր. անոնք հոն իջան։

19

Կինը ծածկոց մը առաւ, ջրհորին բերանին վրայ փռեց եւ անոր վրայ ձաւար տարածեց. ուստի ոչինչ գիտցուեցաւ։

20

Աբիսողոմի ծառաները այդ կնոջ տունը մտան ու ըսին. «Աքիմաաս եւ Յովնաթան ո՞ւր են»։ Կինը անոնց ըսաւ. «11Ջուրին միւս կողմը անցան»։ Երբ զանոնք փնտռեցին ու չգտան՝ Երուսաղէմ վերադարձան։

21

Անոնց երթալէն ետք՝ ջրհորէն բարձրացան, գացին Դաւիթ թագաւորին իմացուցին, եւ Դաւիթի ըսին. «Կանգնեցէ՛ք ու շուտո՛վ ջուրէն անցէք, քանի Աքիտոփէլ ձեզի դէմ այսպիսի խորհուրդ մը տուաւ»։

22

Դաւիթ եւ անոր հետ եղող ամբողջ ժողովուրդը կանգնեցան ու Յորդանանէն անցան. մինչեւ 12արշալոյսը՝ Յորդանանէն չանցնող ո՛չ մէկը կը պակսէր անոնց մէջէն։

23

Երբ Աքիտոփէլ տեսաւ թէ իր ծրագիրը չգործադրուեցաւ, իր էշը համետեց, կանգնեցաւ, եւ իր քաղաքն ու տունը գնաց։ Իր ընտանիքին պատուէր տալէ ետք ինքզինք խեղդեց, մեռաւ, եւ իր հօր գերեզմանը թաղուեցաւ։

24

Դաւիթ Մանայիմ հասաւ։ Աբիսողոմ ալ բոլոր Իսրայելացիներուն հետ Յորդանանէն անցաւ։

25

Աբիսողոմ Յովաբի տեղը Ամեսային նշանակեց զօրքին վրայ։ Ամեսայի որդին էր Յեթեր անունով 13Իսրայելացիի մը, որ Յովաբի մօր՝ Շարուհեայի քոյրը, Նահասի աղջիկը՝ 14Աբիգեան առեր էր՝՝։

26

Իսրայէլ Աբիսողոմի հետ Գաղաադի երկիրը բանակեցաւ։

27

Երբ Դաւիթ Մանայիմ հասաւ, Ամմոնի որդիներուն Ռաբբայէն՝ Նաասի որդին՝ Սոբի, Լադաբարէ՝ Ամիէլի որդին՝ Մաքիր, եւ Ռովգելիմէ՝ Գաղաադացի Բերզելի,

28

անկողիններ, կոնքեր, հողէ անօթներ, ցորեն, գարի, ալիւր ու բոհրած ցորեն, բակլայ, ոսպ եւ բոհրած սիսեռ,

29

նաեւ մեղր, կոգի, ոչխարներ ու կովի պանիր բերին Դաւիթի եւ անոր հետ եղող ժողովուրդին, որպէսզի ուտեն. արդարեւ ըսին. «Ժողովուրդը անապատին մէջ անօթեցած, պարտասած ու ծարաւցած է»։



1 Եբր.՝ քու փնտռած մարդդ՝ բոլորին վերադարձին պէս է
2 Եբր.՝ ուղիղ եղաւ Աբիսողոմի աչքին ու Իսրայէլի բոլոր ծերերուն աչքին
3 Եբր.՝ ինչ որ կայ անոր բերանը
4 Կամ՝ ընե՞նք. թէ ոչ՝ դո՛ւն ալ խօսէ
5 Եբր.՝ կտրիճի որդին
6 Եբր.՝ երեսովդ
7 Եբր.՝ հաւաքուի
8 Եբր.՝ կրէ
9 Եբր.՝ չկլլուին
10 Եբր.՝ Ստրկուհի
11 Եբր.՝ Ջուրի առուակին
12 Եբր.՝ առտուան լոյսը
13 Կամ՝ Իսմայելացիի
14 Եբր.՝ Աբիգիայի մտեր էր