2 Samuel 18
1 Samuel « 2 Samuel 17 ‹ 2 Samuel 18 › 2 Samuel 19 » 1 Kings
ԱԲԻՍՈՂՈՄ ԿԸ ՊԱՐՏՈՒԻ ԵՒ ԿԸ ՍՊԱՆՆՈՒԻ
1Դաւիթ իրեն հետ եղող 1զօրքը աչքէ անցուց, եւ անոնց վրայ հազարապետներ ու հարիւրապետներ նշանակեց։
2Դաւիթ զօրքին մէկ երրորդը Յովաբի 2ձեռքը յանձնեց՝՝, մէկ երրորդը Յովաբի եղբօր՝ Շարուհեան Աբեսսայի ձեռքը, եւ մէկ երրորդը Գեթացի Եթթիի ձեռքը։ Թագաւորը ժողովուրդին ըսաւ. «Անպատճառ ես ալ ձեզի հետ 3պատերազմի պիտի երթամ՝՝»։
3Բայց ժողովուրդը պատասխանեց. «4Մի՛ գար՝՝. արդարեւ եթէ մենք փախչինք, անոնք մեզի համար չեն մտահոգուիր։ Թէեւ մեր կէսը մեռնի, անոնք մեզի համար չեն մտահոգուիր. բայց դո՛ւն՝ մեր տասը հազարին չափ ես։ Ուստի հիմա աւելի լաւ է որ դուն քաղաքէ՛ն մեզի օգնութեան հասնիս»։
4Թագաւորն ալ անոնց ըսաւ. «5Ձեզի հաճելի՝՝ եղածը պիտի ընեմ»։ Թագաւորը դրան քով կայնեցաւ, մինչ ամբողջ զօրքը՝ հարիւրներով եւ հազարներով՝ դուրս կ’ելլէր։
5Թագաւորը Յովաբի, Աբեսսայի ու Եթթիի պատուիրեց. «Իմ սիրոյս համար երիտասարդ Աբիսողոմի հետ մե՛ղմօրէն վարուեցէք»։ Երբ թագաւորը Աբիսողոմի մասին բոլոր պետերուն պատուիրեց, ամբողջ զօրքը լսեց։
6Զօրքը դուրս ելաւ՝ դաշտը, Իսրայէլի դէմ. պատերազմը Եփրեմի անտառին մէջ եղաւ։
7Հոն Իսրայէլի զօրքը Դաւիթի ծառաներուն առջեւ պարտուեցաւ. այդ օրը մեծ կոտորած եղաւ հոն, ու քսան հազար մարդ ինկաւ։
8Հոն պատերազմը ամբողջ երկրին 6վրայ տարածուեցաւ, եւ այդ օրը անտառը սուրին սպառածէն աւելի ժողովուրդ սպառեց։
9Աբիսողոմ Դաւիթի ծառաներուն հանդիպեցաւ. Աբիսողոմ ջորիի մը վրայ հեծեր էր։ Ջորին մեծ բեւեկնիի մը թաւ ոստերուն տակ մտաւ։ Անոր գլուխը բեւեկնիէն բռնուեցաւ, ու երկինքի եւ երկրի միջեւ 7կախուած մնաց՝՝. իսկ տակը եղող ջորին անցաւ գնաց։
10Մարդ մը զայն տեսնելով՝ Յովաբի պատմեց. «Ահա՛ Աբիսողոմը բեւեկնիէ մը կախուած տեսայ»։
11Յովաբ իրեն իմացնող մարդուն ըսաւ. «Ահա՛ դուն զայն տեսար. ինչո՞ւ զայն հոն գետինը չզարկիր։ Այն ատեն քեզի տասը սիկղ արծաթ եւ գօտի մը կու տայի»։
12Այդ մարդը Յովաբի ըսաւ. «Եթէ ափիս մէջ հազար սիկղ արծաթ ալ 8դրուէր, թագաւորին որդիին վրայ ձեռքս չէի երկարեր. արդարեւ 9մենք լսեցինք թագաւորին պատուէրը՝՝ քեզի, Աբեսսայի ու Եթթիի, երբ ըսաւ. “10Ուշադի՛ր եղէք որ ո՛չ մէկը երիտասարդ Աբիսողոմի դպչի՝՝”։
1311Եթէ թագաւորին պատուէրը մտիկ չընէի, իմ կեանքս վտանգի մէջ պիտի դնէի՝՝. արդարեւ ոչինչ թագաւորէն կը պահուի, ու դուն ալ ինծի դէմ պիտի կենայիր»։
14Յովաբ ըսաւ. «Ես քու առջեւդ այսպէս պիտի չսպասեմ», եւ իր ձեռքը երեք գեղարդ առնելով՝ զանոնք Աբիսողոմի սիրտը խոթեց, երբ ան տակաւին ողջ էր բեւեկնիին 12վրայ։
15Յետոյ՝ տասը երիտասարդներ, Յովաբի զինակիրները, շրջապատելով Աբիսողոմը՝ զարկին ու զինք մեռցուցին։
16Յովաբ շեփոր հնչեցուց, եւ զօրքը Իսրայէլը հալածելէն վերադարձաւ, քանի որ Յովաբ զօրքը զսպեց։
17Աբիսողոմը առին, զայն անտառը՝ մեծ փոսի մը մէջ նետեցին, ու անոր վրայ յոյժ մեծ քարակոյտ մը դիզեցին։ Ամբողջ Իսրայէլը փախաւ, իւրաքանչիւրը իր վրանը։
18Աբիսողոմ ողջ եղած ատենը արձան մը առեր էր, եւ զայն իրեն համար Թագաւորի հովիտին մէջ կանգնեցուցեր էր՝ ըսելով. «Որդի չունիմ որ իմ անունիս յիշատակը պահէ»։ Ուստի այդ արձանը իր անունով կոչեր էր. ան մինչեւ այսօր “Աբիսողոմի 13յուշարձանը” կը կոչուի։
ԱԲԻՍՈՂՈՄԻ ՄԱՀԸ Կ’ԻՄԱՑՈՒԻ ԴԱՒԻԹԻ
19Սադովկի որդին՝ Աքիմաաս ըսաւ. «Այժմ վազեմ ու թագաւորին աւետիս տանիմ թէ Տէրը իր դատը պաշտպանեց, ու զինք իր թշնամիներուն ձեռքէն ազատեց»։
20Յովաբ անոր ըսաւ. «Դուն այսօր աւետաբեր պիտի չըլլաս. ուրիշ օր մը աւետիս տար, բայց այսօր աւետիս պիտի չտանիս, որովհետեւ թագաւորին որդին մեռաւ»։
21Ապա Յովաբ Քուսիի ըսաւ. «Գնա՛, տեսածդ թագաւորի՛ն պատմէ»։ Քուսի Յովաբի երկրպագեց, եւ վազելով գնաց։
22Սադովկի որդին՝ Աքիմաաս դարձեալ Յովաբի ըսաւ. «Ինչ որ ալ ըլլայ, կ’աղերսե՛մ, ե՛ս ալ Քուսիի ետեւէն վազեմ»։ Յովաբ ըսաւ. «Ինչո՞ւ վազես, որդի՛ս, քանի տանելիք աւետիս մը չունիս»։
23Ան ըսաւ. «Ինչ որ ալ ըլլայ, վազեմ»։ Ինք ալ անոր ըսաւ. «Վազէ՛»։ Աքիմաաս դաշտին ճամբայով վազեց, ու Քուսիէն անցաւ։
24Դաւիթ երկու դռներուն մէջտեղ նստած էր. դէտը դրան տանիքին վրայ՝ դէպի պարիսպը գնաց, եւ աչքերը վերցնելով տեսաւ թէ ահա՛ մարդ մը մինակ կը վազէր։
25Այն ատեն դէտը գոչելով թագաւորին իմացուց, ու թագաւորը ըսաւ. «Եթէ մինակ է, անոր բերանը աւետիս կայ»։ Մինչ ան կու գար եւ կը մօտենար,
26դէտը ուրիշ վազող մարդ մըն ալ տեսաւ։ Դէտը դռնապանին գոչելով ըսաւ. «Ահա՛ ուրիշ մարդ մըն ալ մինակ կը վազէ»։ Թագաւորը ըսաւ. «Ա՛ն ալ աւետաբեր է»։
27Դէտը ըսաւ. «Առաջինին վազքը Սադովկի որդիին՝ Աքիմաասի վազքին պէս կ’երեւնայ ինծի»։ Թագաւորը ըսաւ. «Անիկա բարի մարդ է, ու բարի աւետիսով կու գայ»։
28Աքիմաաս գոչելով թագաւորին ըսաւ. «14Ողջո՜յն». ու դէմքի վրայ գետինը իյնալով՝ թագաւորին երկրպագեց, եւ ըսաւ. «Օրհնեա՜լ ըլլայ Տէրը՝ քու Աստուածդ, որ իմ տիրոջս՝ թագաւորին դէմ ձեռք բարձրացնողները քու ձեռքդ մատնեց»։
29Թագաւորը ըսաւ. «Երիտասարդ Աբիսողոմը ողջ առո՞ղջ է»։ Աքիմաաս պատասխանեց. «Երբ Յովաբ թագաւորին ծառան ու զիս՝ քու ծառադ ղրկեց, մեծ բազմութիւն մը տեսայ, բայց ի՛նչ ըլլալը չհասկցայ»։
30Թագաւորը ըսաւ. «Դարձի՛ր եւ հո՛ս կայնէ»։ Ան ալ դարձաւ ու կայնեցաւ։
31Եւ ահա՛ Քուսի եկաւ, ու Քուսի ըսաւ. «Իմ տիրոջս՝ թագաւորին աւետիս կու տամ, թէ բոլոր քեզի դէմ կանգնողներուն ձեռքէն Տէրը այսօր քեզ ազատեց, եւ դատդ պաշտպանեց»։
32Թագաւորը Քուսիի ըսաւ. «Երիտասարդ Աբիսողոմը ողջ առո՞ղջ է»։ Այն ատեն Քուսի պատասխանեց. «Իմ տիրոջս՝ թագաւորին թշնամիները, ու չարութեան համար բոլոր քեզի դէմ կանգնողները այդ երիտասարդին պէս ըլլան»։
33Թագաւորը վրդովեցաւ, դրան վերնատունը ելաւ ու լացաւ. եւ քալելով սա՛ կ’ըսէր. «Որդեա՜կս Աբիսողոմ, որդեա՜կս, որդեա՜կս Աբիսողոմ. երանի՜ թէ քու տեղդ ես մեռնէի. Աբիսողո՜մ, որդեա՜կս, որդեա՜կս»։