2 Samuel 19
1 Samuel « 2 Samuel 18 ‹ 2 Samuel 19 › 2 Samuel 20 » 1 Kings
ՅՈՎԱԲ ԿԸ ՅԱՆԴԻՄԱՆԷ ԴԱՒԻԹԸ
1Յովաբի պատմուեցաւ. «Ահա՛ թագաւորը Աբիսողոմի համար կու լայ ու կը սգայ»։
2Այդ օրը 1յաղթանակը սուգի վերածուեցաւ ամբողջ 2զօրքին համար, քանի որ զօրքը այդ օրը լսեց թէ կ’ըսեն. «Թագաւորը իր որդիին համար կը սգայ»։
3Այդ օրը զօրքը գաղտագողի քաղաքը մտաւ, ինչպէս զօրք մը գաղտագողի պիտի մտնէր՝ պատերազմէն փախչելուն համար խպնելով։
4Թագաւորը իր երեսը ծածկած էր. թագաւորը բարձր ձայնով կ’աղաղակէր. «Որդեա՜կս Աբիսողոմ, Աբիսողո՜մ, որդեա՜կս, որդեա՜կս»։
5Յովաբ տունէն ներս մտաւ՝ թագաւորին քով, ու ըսաւ. «Այսօր բոլոր ծառաներուդ երեսը ամօթահար ըրիր, որոնք այսօր ազատեցին քու կեանքդ, որդիներուդ եւ աղջիկներուդ կեանքը, կիներուդ ու հարճերուդ կեանքը.
6որովհետեւ քեզ ատողները կը սիրես, իսկ քեզ սիրողները կ’ատես։ Արդարեւ այսօր ապացուցանեցիր թէ պետերդ եւ ծառաներդ ոչինչ են քեզի համար։ Այսօր լաւ հասկցայ թէ եթէ Աբիսողոմ ողջ ըլլար ու մենք բոլորս մեռած ըլլայինք այսօր, 3քեզի հաճելի պիտի թուէր՝՝։
7Հիմա կանգնէ՛, դո՛ւրս ելիր, եւ ծառաներուդ 4քաղցրութեա՛մբ խօսէ. արդարեւ Տէրոջմով երդում կ’ընեմ թէ եթէ դուրս չելլես, այս գիշեր ո՛չ մէկը քեզի հետ պիտի իջեւանի. ասիկա քեզի աւելի գէշ պիտի ըլլայ, քան մանկութենէդ մինչեւ հիմա վրադ հասած բոլոր չարիքները»։
8Ուստի թագաւորը կանգնեցաւ ու դուռը նստաւ։ Այն ատեն ամբողջ զօրքին իմացուցին. «Ահա՛ թագաւորը դուռը նստած է», եւ ամբողջ զօրքը թագաւորին առջեւ եկաւ. բայց Իսրայէլ փախեր էր, իւրաքանչիւրը իր վրանը։
ԴԱՒԻԹ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ
9Իսրայէլի բոլոր տոհմերուն մէջ ամբողջ ժողովուրդը կը 5վիճէր՝ ըսելով. «Մեր թշնամիներուն ձեռքէն մեզ ազատողը թագաւո՛րն է, Փղշտացիներուն ձեռքէն մեզ փրկողը անիկա՛ է. ու հիմա Աբիսողոմի պատճառով այս երկրէն փախեր է։
10Իսկ Աբիսողոմ, որ մեր վրայ թագաւոր օծեցինք, պատերազմի մէջ մեռաւ։ Ուստի հիմա ինչո՞ւ լուռ կը կենաք թագաւորը վերադարձնելու մասին»։
11Դաւիթ թագաւորը Սադովկ եւ Աբիաթար քահանաներուն մարդ ղրկեց՝ ըսելով. «Յուդայի երէցներուն հետ խօսեցէ՛ք ու ըսէ՛ք. “Ինչո՞ւ վերջինները կ’ըլլաք թագաւորը իր տունը վերադարձնելու, քանի որ ամբողջ Իսրայէլի խօսքը թագաւորին հասաւ՝ մինչեւ իր տունը։
12Դուք իմ եղբայրներս էք, ոսկորս եւ միսս. ուստի ինչո՞ւ վերջինները կ’ըլլաք թագաւորը իր տունը վերադարձնելու”։
13Ամեսայիի ալ ըսէ՛ք. “Դուն իմ ոսկորս ու միսս չե՞ս. Աստուած ինծի այսպէս եւ ասկէ աւելին ընէ, եթէ Յովաբի տեղ 6ընդմիշտ իմ առջեւս սպարապետ չըլլաս”»։
14Այսպէս՝ բոլոր Յուդայեաններուն սիրտը մէկ մարդու սիրտի պէս իրեն հակեցուց, ու անոնք թագաւորին պատգամաւորներ ղրկեցին՝ ըսելով. «Վերադարձի՛ր, թէ՛ դուն եւ թէ քու բոլոր ծառաներդ»։
15Այն ատեն թագաւորը վերադարձաւ ու մինչեւ Յորդանան եկաւ։ Յուդա ալ մինչեւ Գաղգաղա եկաւ, որպէսզի թագաւորը դիմաւորէ եւ թագաւորը Յորդանանէն անցընէ։
16Գերայի որդին՝ Բաւուրիմացի Բենիամինեան Սեմէի, արտորալով Յուդայեաններուն հետ իջաւ՝ Դաւիթ թագաւորը դիմաւորելու։
17Անոր հետ Բենիամինէ հազար մարդ կար, նաեւ Սաւուղի տան սպասաւորը՝ Սիբա, իր տասնհինգ որդիներով ու քսան ծառաներով։ Անոնք թագաւորին առջեւ 7Յորդանանէն անցան՝՝։
ԹԱԳԱՒՈՐԸ ԿԸ ՆԵՐԷ ՍԵՄԷԻԻ
18Գետանաւ մը անցաւ՝ թագաւորին տունը անցընելու եւ անոր 8հաճելի եղածը ընելու համար։ Երբ թագաւորը Յորդանանէն անցաւ, Գերայի որդին՝ Սեմէի թագաւորին առջեւ ինկաւ
19ու թագաւորին ըսաւ. «Իմ տէրս 9ինծի անօրէնութիւն թող չսեպէ՝՝, իմ տիրոջս՝ թագաւորին Երուսաղէմէն ելած օրը՝ ծառայիդ գործած անիրաւութիւնը մի՛ յիշեր, եւ թագաւորը զայն իր սիրտին մէջ թող 10չպահէ։
20Արդարեւ քու ծառադ գիտէ թէ մեղանչեց. ուստի ահա՛ այսօր եկայ՝ Յովսէփի ամբողջ տունէն առաջ, որպէսզի իմ տէրս՝ թագաւորը 11դիմաւորեմ»։
21Շարուհեայի որդին՝ Աբեսսա պատասխանեց. «Միթէ Սեմէի ասոր համար պիտի չմեռցուի՞, քանի ինք Տէրոջ օծեալը անիծեց»։
22Բայց Դաւիթ ըսաւ. «Դուք ինծի հետ ի՞նչ գործ ունիք, ո՛վ Շարուհեայի որդիներ, որ այսօր ինծի կ’ընդդիմանաք։ Միթէ այսօր Իսրայէլի մէջ մարդ մը պիտի մեռցուի՞. որովհետեւ 12գիտեմ թէ ես այսօր Իսրայէլի վրայ թագաւոր եմ»
23Թագաւորը Սեմէիի ըսաւ. «Պիտի չմեռնիս». ու թագաւորը անոր երդում ըրաւ։
ԴԱՒԻԹ ԿԸ ՆԵՐԷ ՄԵՄՓԻԲՈՍԹԷԻ
24Սաւուղի որդին՝ Մեմփիբոսթէ թագաւորը դիմաւորելու իջաւ։ Թագաւորին գացած օրէն մինչեւ անոր խաղաղութեամբ եկած օրը՝ ան ոտքերը դարմանած չէր, մօրուքը յարդարած չէր եւ հագուստները լուացած չէր։
25Երբ 13թագաւորը դիմաւորելու համար Երուսաղէմ եկաւ՝՝, թագաւորը անոր ըսաւ. «Ո՛վ Մեմփիբոսթէ, ինչո՞ւ ինծի հետ չգացիր»։
26Ան ալ պատասխանեց. «Ո՛վ թագաւոր, իմ տէ՛րս, ծառաս զիս խաբեց։ Արդարեւ քու ծառադ ըսաւ. “Էշը համետեմ, որպէսզի վրան հեծնեմ ու թագաւորին հետ երթամ. որովհետեւ ծառադ կաղ է”։
27Բայց անիկա քու ծառադ — զիս — զրպարտեց իմ տիրոջս՝ թագաւորին առջեւ. սակայն իմ տէրս՝ թագաւորը Աստուծոյ հրեշտակի մը պէս է։ Ուստի 14քեզի հաճելի՝՝ եղածը ըրէ՛։
28Թէպէտ իմ հօրս ամբողջ տունը իմ տիրոջս՝ թագաւորին առջեւ միայն մահուան արժանի մարդիկ էին, դուն քու ծառադ սեղանդ կերակուր ուտողներուն 15կարգը դրիր. ուստի ա՛լ ասկէ ետք ի՞նչ իրաւունք ունիմ թագաւորին 16բողոքելու»։
29Թագաւորը անոր ըսաւ. «Ինչո՞ւ տակաւին քու խնդիրներուդ մասին կը խօսիս։ Ես ըսի. “Դուն եւ Սիբա՝ բաժնեցէ՛ք արտերը ձեր միջեւ”»։
30Մեմփիբոսթէ թագաւորին ըսաւ. «Ան նոյնիսկ բոլո՛րը թող առնէ, որովհետեւ իմ տէրս՝ թագաւորը խաղաղութեամբ իր տունը վերադարձաւ»։
ԴԱՒԻԹ ԿԸ ՀԱՏՈՒՑԱՆԷ ԲԵՐԶԵԼԻԻ
31Գաղաադացի Բերզելի Ռովգելիմէն իջաւ, ու թագաւորին հետ Յորդանանէն անցաւ, որպէսզի անոր ուղեկցի Յորդանանէն անդին։
32Բերզելի յոյժ ծեր մարդ մըն էր, ութսուն տարեկան. այնքան ժամանակ որ թագաւորը Մանայիմի մէջ կեցաւ, ի՛նք զայն կերակրեց, որովհետեւ յոյժ մեծ մարդ մըն էր։
33Թագաւորը Բերզելիի ըսաւ. «Ինծի՛ հետ անցիր, որ քեզ իմ քովս՝ Երուսաղէմի մէջ կերակրեմ»։
34Իսկ Բերզելի թագաւորին ըսաւ. «17Տակաւին քանի՞ տարի պիտի ապրիմ՝՝, որ թագաւորին հետ Երուսաղէմ բարձրանամ։
35Ես այսօր ութսուն տարեկան եմ. միթէ լաւն ու գէշը կրնա՞մ 18զատորոշել. միթէ ծառադ իր կերածին ու խմածին համը կրնա՞յ առնել։ Տակաւին երգիչներուն կամ երգչուհիներուն ձայնը կրնա՞մ լսել. ուստի քու ծառադ իմ տիրոջս՝ թագաւորին ա՛լ ինչո՞ւ բեռ ըլլայ։
36Քու ծառադ թագաւորին հետ քիչ մը Յորդանանէն անդին պիտի անցնի. թագաւորը ինչո՞ւ այդպիսի փոխարէն հատուցանէ ինծի։
37Կ’աղերսե՛մ, ծառադ թող վերադառնայ, որ իմ քաղաքիս մէջ մեռնիմ՝ իմ հօրս ու մօրս գերեզմանին քով։ Ահա՛ քու ծառադ՝ Քամաամ. ի՛նք թող անցնի իմ տիրոջս՝ թագաւորին հետ, եւ 19քեզի հաճելի՝՝ եղածը ըրէ՛ անոր»։
38Թագաւորը պատասխանեց. «Քամաամ ինծի հետ թող անցնի, ու ես քեզի հաճելի եղածը պիտի ընեմ անոր. ինձմէ ինչ որ 20խնդրես՝ քեզի պիտի ընեմ»։
39Ամբողջ ժողովուրդը Յորդանանէն անցաւ. թագաւորն ալ անցաւ։ Թագաւորը Բերզելին համբուրեց եւ զայն օրհնեց. ան ալ իր տեղը վերադարձաւ։
ՅՈՒԴԱ ԵՒ ԻՍՐԱՅԵԼ ԿԸ ՎԻՃԻՆ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ՀԱՄԱՐ
40Թագաւորը Գաղգաղա անցաւ, ու Քամաամ անոր հետ անցաւ։ Այսպէս՝ Յուդայի ամբողջ ժողովուրդը, եւ Իսրայէլի ալ կէս ժողովուրդը թագաւորը անցուցին։
41Եւ ահա՛ բոլոր Իսրայելացիները թագաւորին եկան ու թագաւորին ըսին. «Ինչո՞ւ մեր եղբայրները՝ Յուդայեանները քեզ գողցան, ու թագաւորը, անոր տունը եւ անոր հետ Դաւիթի բոլոր մարդիկը Յորդանանէն անցուցին»։
42Բոլոր Յուդայեանները Իսրայելացիներուն պատասխանեցին. «Որովհետեւ թագաւորը մեզի մերձաւոր է։ Այս խնդիրին համար ինչո՞ւ այսպէս կը բորբոքիք. միթէ թագաւորէն բան մը կերա՞նք, կամ թէ ան մեզի պարգեւ մը տուա՞ւ»։
43Իսրայելացիները Յուդայեաններուն պատասխանեցին. «Մենք թագաւորին քով տասը բաժին ունինք. նաեւ Դաւիթի վրայ ձեզմէ աւելի իրաւունք ունինք։ Ինչո՞ւ մեզ անարգեցիք, ու մեր թագաւորը վերադարձնելու համար՝ 21առաջ մեզմէ խորհուրդ չհարցուցիք՝՝»։ Բայց Յուդայեաններուն խօսքը Իսրայելացիներուն խօսքէն աւելի խիստ եղաւ։