2 Samuel 20
1 Samuel « 2 Samuel 19 ‹ 2 Samuel 20 › 2 Samuel 21 » 1 Kings
ՍԱԲԷԷԻ ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԻՒՆԸ
1Հոն Բենիամինեան 1անօրէն մարդ մը 2գտնուեցաւ, Բոքորեան Սաբէէ անունով։ Ան շեփոր հնչեցուց եւ ըսաւ. «Մենք Դաւիթի քով բաժին չունինք, ո՛չ ալ Յեսսէի որդիին քով՝ ժառանգութիւն. ո՛վ Իսրայէլ, իւրաքանչիւրը իր վրանը թող վերադառնայ»։
2Ուստի բոլոր Իսրայելացիները Դաւիթէ զատուեցան ու Բոքորեան Սաբէէի հետեւեցան, բայց Յուդայեանները՝ Յորդանանէն մինչեւ Երուսաղէմ՝ իրենց թագաւորին յարեցան։
3Դաւիթ իր տունը եկաւ՝ Երուսաղէմ։ Թագաւորը իր տան պահպանութեան համար թողուցած տասը կիները՝ իր հարճերը առաւ, զանոնք պահպանուած տան մը մէջ դրաւ ու զանոնք կերակրեց, բայց անոնց չմտաւ։ Անոնք մինչեւ իրենց մեռնելու օրը արգելափակուեցան, եւ այրիի պէս ապրեցան։
4Թագաւորը Ամեսայիի ըսաւ. «Երեք օրուան մէջ Յուդայեանները ինծի՛ 3կանչէ, ու դո՛ւն ալ հոս 4ներկայացիր»։
5Ուստի Ամեսայի Յուդան կանչելու գնաց. բայց Դաւիթի իրեն որոշած ատենէն աւելի ուշացաւ։
6Այն ատեն Դաւիթ Աբեսսայի ըսաւ. «Հիմա Բոքորեան Սաբէէ՝ Աբիսողոմէ աւելի չարիք պիտի ընէ մեզի. ուրեմն քու տիրոջդ ծառաները ա՛ռ քեզի հետ ու հետապնդէ՛ զինք, որ իրեն համար պարսպապատ քաղաքներ չգտնէ եւ մեզմէ չխուսափի»։
7Այսպէս՝ Յովաբի մարդիկը, Քերեթիներն ու Փելեթիները եւ բոլոր զօրաւորները անոր ետեւէն դուրս ելան, ու Բոքորեան Սաբէէն հետապնդելու համար Երուսաղէմէն գացին։
8Երբ անոնք Գաբաւոնի մէջ եղող մեծ քարին քով էին, Ամեսայի անոնց առջեւ հասաւ։ Յովաբ իր հագած վերարկուն գօտեւորած էր, եւ անոր վրայէն ուրիշ գօտիով՝ մէջքը սուր մը կապած էր, իր պատեանին մէջ։ Երբ 5կ’երթար՝ սուրը պատեանէն ինկաւ։
9Յովաբ Ամեսայիի ըսաւ. «Եղբայրս, ողջ առո՞ղջ ես»։ Յովաբ Ամեսային համբուրելու համար՝ աջ ձեռքով անոր մօրուքէն բռնեց։
10Ամեսայի Յովաբի ձեռքը եղած սուրէն չզգուշացաւ. ուստի անով Յովաբ սնակուշտէն զարկաւ զայն, եւ անոր աղիքները գետինը թափեց։ Անոր երկու անգամ չզարկաւ, ու ան մեռաւ։ Ապա Յովաբ եւ իր եղբայրը՝ Աբեսսա Բոքորեան Սաբէէն հետապնդեցին։
11Այն ատեն Յովաբի մարդոցմէն մէկը 6Ամեսայիի քով կայնեցաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ որ Յովաբէ կ’ախորժի եւ ո՛վ որ Դաւիթի կողմէն է, Յովաբի՛ թող հետեւի»։
12Ամեսայի իր արիւնին մէջ կը թաւալէր՝ պողոտային վրայ։ Երբ այդ մարդը տեսաւ թէ ամբողջ զօրքը կանգ առաւ, Ամեսային պողոտայէն փոխադրեց արտի մը մէջ, եւ զայն հագուստով մը ծածկեց. արդարեւ տեսաւ թէ անոր քով հասնող ամէն մարդ կանգ կ’առնէ։
13Երբ զայն պողոտայէն վերցուց, ամէն մարդ անցաւ ու Յովաբի ետեւէն գնաց՝ Բոքորեան Սաբէէն հետապնդելու համար։
14(Բայց ան Իսրայէլի բոլոր տոհմերուն մէջէն անցեր էր — մինչեւ Աբէլ եւ Բեթմաաքա — բոլոր Բերացիներուն հետ, որոնք իր քով հաւաքուելով՝ իրեն հետեւեր էին։)
15Անոնք հասան ու Բեթմաաքայի Աբէլին մէջ զինք պաշարեցին. քաղաքին առջեւ հողաբլուր մը բարձրացուցին, որ պատուարին մօտ կանգնուեցաւ, եւ Յովաբի հետ եղող ամբողջ զօրքը պարիսպը կը քանդէր՝ զայն տապալելու համար։
16Իմաստուն կին մը քաղաքէն պոռաց. «Լսեցէ՛ք, լսեցէ՛ք. կ’աղերսե՛մ, Յովաբի ըսէ՛ք. “Հո՛ս մօտեցիր, որպէսզի քեզի հետ խօսիմ”»։
17Յովաբ անոր մօտեցաւ, ու կինը ըսաւ. «Յովաբը դո՞ւն ես»։ Ան ալ պատասխանեց. «Ես եմ»։ Ուստի կինը անոր ըսաւ. «Քու աղախինիդ խօսքերը մտի՛կ ըրէ»։ Ան ալ պատասխանեց. «Ահա՛ մտիկ կ’ընեմ»։
18Կինը խօսեցաւ՝ ըսելով. «Նախապէս 7սովորութիւն ունէին ըսելու՝՝. “Թող Աբէլի 8երթան հարցնեն՝՝, եւ այնպէս լմնցնեն”։
19Ես Իսրայէլի մէջ խաղաղարար ու հաւատարիմ քաղաք մըն եմ. բայց դուն կը 9ջանաս 10աւերել այնպիսի 11քաղաք մը, որ Իսրայէլի մէջ մայրաքաղաք է՝՝։ Տէրոջ ժառանգութիւնը ինչո՞ւ կը 12կործանես»։
20Յովաբ պատասխանեց. «Հեռո՛ւ ինձմէ, հեռո՛ւ ինձմէ, որ ես կործանեմ կամ կոտորեմ։
21Խնդիրը այդպէս չէ. հապա Եփրեմի լեռնէն՝ Բոքորեան Սաբէէ անունով մարդ մը իր ձեռքը Դաւիթ թագաւորին դէմ բարձրացուց. միա՛յն զինք յանձնեցէք, եւ այս քաղաքէն կ’երթամ»։ Կինը Յովաբի ըսաւ. «Ահա՛ անոր գլուխը պարիսպին վրայէն քեզի պիտի նետուի»։
22Ուստի կինը ամբողջ ժողովուրդին գնաց, իր իմաստութեամբ խօսեցաւ, եւ Բոքորեան Սաբէէի գլուխը կտրեցին ու Յովաբի նետեցին։ Այն ատեն ան շեփոր հնչեցուց, եւ այդ քաղաքէն քաշուելով ցրուեցան՝ իւրաքանչիւրը իր վրանը։ Յովաբ ալ թագաւորին վերադարձաւ՝ Երուսաղէմ։
ԴԱՒԻԹԻ ԶՕՐԱՎԱՐՆԵՐԸ
23Յովաբ Իսրայէլի բոլոր զօրքերուն վրայ նշանակուած էր, Յովիադայի որդին՝ Բանեա Քերեթիներուն ու Փելեթիներուն վրայ,
24եւ Ադորամ՝ հարկերուն վրայ։ Աքիղուդի որդին՝ Յովսափատ դիւանադպիր էր,
25Սուսա՝ ատենադպիր, Սադովկ ու Աբիաթար՝ քահանաներ.
26իսկ Յայիրացի Իրաս ալ Դաւիթի նախարարն էր։