2 Samuel 21
1 Samuel « 2 Samuel 20 ‹ 2 Samuel 21 › 2 Samuel 22 » 1 Kings
ՍԱՒՈՒՂԻ ԶԱՐՄԸ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԻ ՄԱՀՈՒԱՆ
1Դաւիթի օրերը՝ 1յաջորդաբար երեք տարի սով եղաւ։ Դաւիթ Տէրոջ 2հարցուց. Տէրն ալ պատասխանեց. «Ասիկա Սաւուղի եւ անոր արիւնահեղ տան համար է, քանի որ ան Գաբաւոնացիները մեռցուց»։
2Ուստի թագաւորը Գաբաւոնացիները կանչեց եւ անոնց խօսեցաւ։ (Գաբաւոնացիները Իսրայէլի որդիներէն չէին, հապա՝ Ամորհացիներու մնացորդէն։ Իսրայէլի որդիները անոնց երդում ըրեր էին. բայց Սաւուղ՝ Իսրայէլի ու Յուդայի որդիներուն հանդէպ նախանձախնդիր ըլլալով՝ 3ջանացեր էր զանոնք զարնել։)
3Դաւիթ Գաբաւոնացիներուն ըսաւ. «Ձեզի ի՞նչ ընեմ. ինչո՞վ քաւութիւն ընեմ, որպէսզի Տէրոջ ժառանգութիւնը օրհնէք»։
4Գաբաւոնացիները անոր պատասխանեցին. «Սաւուղի եւ անոր տան հետ արծաթի կամ ոսկիի խնդիր չունինք, ո՛չ ալ Իսրայէլէ մարդ մը թող մեռցուի մեզի համար»։ Ան ըսաւ. «Դուք ինչ որ ըսէք՝ ձեզի պիտի ընեմ»։
5Անոնք ալ թագաւորին պատասխանեցին. «Այն մարդը՝ որ ջանաց մեզ 4անհետացնել, ու 5մտածեց մեզ բնաջնջել, որպէսզի Իսրայէլի ամբողջ հողամասին մէջ 6չգտնուինք,
6անոր որդիներէն եօ՛թը մարդ մեզի թող յանձնուին, որպէսզի զանոնք Տէրոջ ընտրեալ Սաւուղի Գաբաային մէջ՝ Տէրոջ համար կախենք»։ Թագաւորը ըսաւ. «Կը յանձնեմ»։
7Թագաւորը Սաւուղեան Յովնաթանի որդիին՝ Մեմփիբոսթէի խնայեց, Սաւուղի որդիին՝ Յովնաթանի եւ Դաւիթի միջեւ եղած Տէրոջ երդումին համար։
8Բայց թագաւորը Այիայի աղջիկին՝ Ռեսփայի երկու որդիները, որոնք Սաւուղի ծներ էր, այսինքն՝ Արմոնին ու Մեմփիբոսթէն, եւ Սաւուղի աղջիկին՝ 7Մեղքողի հինգ որդիները, որոնք Մաուլացի Բերզելիի որդիին՝ Եդրիէլի ծներ էր, բռնեց
9ու զանոնք Գաբաւոնացիներուն ձեռքը յանձնեց։ Անոնք ալ զանոնք Տէրոջ առջեւ կախեցին՝ լերան վրայ. եօթն ալ միասին 8մեռան։ Անոնք հունձքի առաջին օրերը մեռցուեցան, գարիի հունձքին սկիզբը։
10Այիայի աղջիկը՝ Ռեսփա քուրձ մը առաւ ու զայն իրեն համար վէմին վրայ տարածեց, հունձքի սկիզբէն մինչեւ անոնց վրայ երկինքէն անձրեւ տեղալը։ Ցերեկը՝ երկինքի թռչուններուն չէր թոյլատրեր որ անոնց վրայ իջնեն, ո՛չ ալ գիշերը՝ դաշտի գազաններուն։
11Սաւուղի հարճին՝ Այիայի աղջիկին Ռեսփայի ըրածը Դաւիթի պատմեցին։
12Դաւիթ գնաց ու Սաւուղի եւ անոր որդիին՝ Յովնաթանի ոսկորները առաւ Գաղաադի Յաբիսի 9բնակիչներէն, որոնք Բեթսանի հրապարակէն զանոնք գողցեր էին, որովհետեւ Փղշտացիները զանոնք հոն կախեր էին այն օրը, երբ Փղշտացիները Գեղբուէ լերան վրայ Սաւուղը զարկեր էին։
13Սաւուղի ոսկորներն ու անոր որդիին՝ Յովնաթանի ոսկորները անկէ 10տարաւ, եւ կախուածներուն ոսկորներն ալ հաւաքեցին։
14Սաւուղի եւ անոր որդիին՝ Յովնաթանի ոսկորները Բենիամինի երկիրը՝ Սելայի մէջ, անոր հօր՝ Կիսի գերեզմանը թաղեցին, ու թագաւորին ամբողջ պատուիրածը գործադրեցին։ Անկէ ետք Աստուած երկրին համար եղած թախանձանքը ընդունեց։
ՊԱՏԵՐԱԶՄ ՓՂՇՏԱՑԻ ՀՍԿԱՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ (Ա. Մնաց. 20. 4-8)
15Դարձեալ պատերազմ եղաւ Փղշտացիներուն եւ Իսրայէլի միջեւ։ Դաւիթ ու իր ծառաները իրեն հետ իջան, եւ Փղշտացիներուն դէմ պատերազմեցան։ Դաւիթ պարտասեցաւ։
16Յեսբիբենոբ, որ 11Ռափայի զաւակներէն էր, ու երեք հարիւր սիկղ կշռող պղինձէ նիզակ մը ունէր եւ մէջքը նոր սուր մը կապած էր, 12մտադրեց Դաւիթը զարնել։
17Բայց Շարուհեայի որդին՝ Աբեսսա անոր օգնութեան հասաւ, ու Փղշտացին զարկաւ եւ զայն մեռցուց։ Այն ատեն Դաւիթի մարդիկը անոր երդում ըրին ու ըսին. «Ասկէ ետք դուն մեզի հետ դուրս պիտի չելլես՝ պատերազմի համար, որպէսզի Իսրայէլի ճրագը չմարես»։
18Անկէ ետք դարձեալ Փղշտացիներուն դէմ պատերազմ եղաւ՝ Գովբի մէջ։ Այն ատեն Ովսացի Սովբաք Ռափայի զաւակներէն եղող Սեփիան մեռցուց։
19Դարձեալ Փղշտացիներուն դէմ պատերազմ եղաւ՝ Գովբի մէջ, ու Բեթլեհեմացի Արիովրըգիմի որդին՝ Ելէանան Գեթացի Գողիաթի եղբայրը զարկաւ, որուն նիզակին բունը ոստայնանկներու գլանին պէս էր։
20Դարձեալ պատերազմ եղաւ՝ Գէթի մէջ։ Երկայնահասակ մարդ մը կար, որ իւրաքանչիւր ձեռքի վրայ վեց մատ ունէր, եւ իւրաքանչիւր ոտքի վրայ՝ վեց մատ, 13բոլորը՝ քսանչորս մատ. ա՛ն ալ Ռափայի որդիներէն էր։
21Ան Իսրայէլի մարտահրաւէր ուղղեց. բայց Դաւիթի եղբօր՝ Սամաայի որդին՝ Յովնաթան զայն զարկաւ։
22Այս չորսը Գէթի մէջ Ռափայէն ծներ էին, ու Դաւիթի ձեռքով եւ անոր ծառաներուն ձեռքով ինկան։