Loading...

2 Samuel 22

1 Samuel  «  2 Samuel 21  ‹  2 Samuel 22  ›  2 Samuel 23  »  1 Kings


ԴԱՒԻԹԻ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ԵՐԳԸ (Սաղմոս 18)

1

Դաւիթ, այն օրը երբ Տէրը զինք իր բոլոր թշնամիներուն ձեռքէն ու Սաւուղի ձեռքէն ազատեց, սա՛ երգին խօսքերը Տէրոջ ուղղեց։

2

Ան ըսաւ. «Տէրը իմ ժայռս, բերդս ու փրկիչս է.

3

1Աստուածս իմ ժայռս՝՝ է, ես անոր կ’ապաւինիմ։ Ան է իմ վահանս եւ փրկութեանս եղջիւրը, Իմ միջնաբերդս, ապաստանարանս ու փրկիչս։ Դո՛ւն կ’ազատես զիս բռնութենէն։

4

Տէրը կը կանչեմ՝ որ գովելի է, Եւ իմ թշնամիներէս կ’ազատիմ։

5

Արդարեւ մահուան կոհակները զիս պատեցին, 2Անօրէնութեան վտակները զիս զարհուրեցուցին.

6

3Դժոխքին լարերը զիս շրջապատեցին, Ու մահուան որոգայթները իմ առջեւս եկան։

7

Իմ տագնապիս մէջ Տէրը կանչեցի Եւ Աստուծոյս աղաղակեցի. Ան իր տաճարէն իմ ձայնս լսեց, Ու աղաղակս անոր ականջներուն հասաւ։

8

Այն ատեն երկիրը խախտեցաւ եւ շարժեցաւ, Երկինքի հիմերը սարսեցան ու խախտեցան, Քանի որ անիկա բորբոքեցաւ։

9

Անոր քիթէն ծուխ բարձրացաւ, Ու բերանէն՝ սպառող կրակ. Անկէ կայծեր բռնկեցան։

10

Անիկա երկինքը հակեցուց եւ իջաւ. Անոր ոտքերուն տակ մառախուղ կար։

11

Քերովբէի վրայ 4ելաւ ու թռաւ, Եւ հովին թեւերուն վրայ երեւցաւ։

12

Խաւարը, 5կուտակուած ջուրերը, Նօսր ամպերն ու թանձր ամպերը իր շուրջը դրաւ իբր տաղաւար։

13

Անոր առջեւ եղող պայծառութենէն Կրակի կայծեր բռնկեցան։

14

Տէրը երկինքէն որոտաց, Եւ Ամենաբարձրը իր ձայնը լսել տուաւ։

15

Նետեր արձակեց ու զանոնք ցրուեց, Փայլակներով զանոնք խուճապի մատնեց։

16

Տէրոջ սաստով, Անոր ռունգերու հովին արտաշնչումով՝ Ծովուն հունը երեւցաւ, Եւ երկրագունդին հիմերը յայտնուեցան։

17

Բարձրէն 6հասաւ, զիս բռնեց, Ու յորդառատ ջուրերէն զիս հանեց։

18

Իմ զօրեղ թշնամիէս եւ զիս ատողներէն ազատեց զիս, 7Որոնք ինձմէ հզօր էին։

19

Ձախորդութեանս օրը իմ առջեւս եկան, Բայց Տէրը ինծի նեցուկ եղաւ։

20

Զիս դուրս հանեց՝ ընդարձակ տեղ մը, Ու զիս ազատեց՝ որովհետեւ ինծի հաճեցաւ։

21

Տէրը իմ արդարութեանս համեմատ կը վարձատրէ զիս, Ձեռքերուս մաքրութեան համեմատ կը հատուցանէ ինծի.

22

Որովհետեւ Տէրոջ ճամբաները պահեցի, Իմ Աստուծոյս հանդէպ ամբարիշտ չեղայ։

23

Արդարեւ անոր բոլոր դատավճիռները իմ առջեւս էին, Եւ անոր կանոններէն չհեռացայ.

24

Անոր առջեւ պարկեշտ եղայ, Եւ անօրէնութենէս զգուշացայ։

25

Տէրը ինծի հատուցանեց արդարութեանս համեմատ, Ձեռքերուս մաքրութեան համեմատ, որ անոր աչքերուն առջեւ է։

26

Կարեկիցին հետ կարեկից կ’ըլլաս, Պարկեշտ 8մարդուն հետ պարկեշտ կ’ըլլաս,

27

Մաքուրին հետ մաքուր կ’ըլլաս, Ու ծուռին հետ կը 9ծռիս.

28

Դո՛ւն կ’ազատես տառապեալ ժողովուրդը, Եւ աչքերդ գոռոզներուն վրայ են՝ որպէսզի զանոնք ցածցնես։

29

Արդարեւ դո՛ւն ես իմ ճրագս, ո՛վ Տէր. Իմ խաւարիս վրայ Տէ՛րը կը ճառագայթէ։

30

Քեզմով գունդի մը դէմ կը վազեմ, Եւ իմ Աստուծմովս պարիսպին վրայէն կ’ոստնում։

31

Աստուծոյ ճամբան անթերի է. Տէրոջ խօսքերը փորձարկուած են. Ան վահան է բոլոր իրեն ապաւինողներուն։

32

Արդարեւ ո՞վ է Աստուած՝ Տէրոջմէն զատ, Կամ ո՞վ է վէմ՝ մեր Աստուծմէն զատ։

33

Աստուա՛ծ է իմ զօրաւոր ամրոցս. Ա՛ն անթերի կ’ընէ իմ ճամբաս։

34

Ոտքերս եղնիկի ոտքերուն 10նման կ’ընէ՝՝, Ու բարձունքներուս վրայ զիս կը կայնեցնէ։

35

Ձեռքերս պայքարի կը վարժեցնէ, Եւ 11բազուկներս պղինձէ աղեղ կը լարեն՝՝։

36

Նաեւ քու փրկութեանդ վահանը տուիր ինծի, Ու քու հեզութիւնդ զիս մեծցուց։

37

Քայլերս իմ ներքեւս լայնցուցիր, Եւ ոտքերուս կոճերը չտատանեցան։

38

Թշնամիներս հալածեցի ու զանոնք բնաջնջեցի. Չվերադարձայ՝ մինչեւ որ զանոնք սպառեցի։

39

Զանոնք սպառեցի եւ 12խոցեցի՝ որպէսզի չկանգնին. Անոնք ոտքերուս տակ ինկան։

40

Պատերազմի համար զիս ոյժով գօտեւորեցիր, Եւ իմ վրաս ելլողները տակս ձգեցիր։

41

Թշնամիներուս 13կռնակը ինծի դարձնել տուիր՝՝, Որպէսզի զիս ատողները բնաջնջեմ։

42

14Աղաղակեցին, բայց ազատարար չկար. Տէրոջ աղաղակեցին, բայց անոնց չպատասխանեց։

43

Այն ատեն զանոնք ծեծեցի՝ երկրի 15հողին պէս մանր, Զանոնք մանրեցի ու կոխկռտեցի՝ փողոցներու ցեխին պէս։

44

Զիս ազատեցիր ժողովուրդին կռիւներէն. Զիս պահեցիր՝ որպէսզի 16հեթանոսներուն գլխաւոր ըլլամ. Իմ չճանչցած ժողովուրդս ինծի կը հպատակի։

45

Օտարազգիները 17իմ առջեւս կը քծնին՝՝, Ինծի կը հնազանդին՝ երբ իրենց ականջներով լսեն։

46

Օտարազգիները կը կթոտին, Ու իրենց ամրափակ տեղերէն դուրս՝ 18կը դողան՝՝։

47

Տէրը կ’ապրի՛. օրհնեա՜լ ըլլայ իմ Վէմս. Թող բարձրանայ Աստուած՝ իմ փրկութեանս վէմը։

48

Աստուա՛ծ է որ իմ վրէժս կ’առնէ, Ժողովուրդները ինծի կ’ենթարկէ։

49

Թշնամիներուս մէջէն զիս դուրս հանելով՝ Ինծի դէմ կանգնողներէն աւելի բարձրացուցիր զիս, Ու բռնաւոր մարդէն ազատեցիր։

50

Ասոր համար հեթանոսներուն մէջ քեզ պիտի ներբողեմ, ո՛վ Տէր, Եւ քու անունիդ սաղմոս պիտի երգեմ։

51

Ի՛նք է իր թագաւորին 19մեծ փրկութիւններ տուողը՝՝, Ու իր օծեալին՝ Դաւիթի եւ անոր զարմին հետ Կարեկցութեամբ վարուողը՝ յաւիտեան»։



1 Եբր.՝ Իմ ժայռիս Աստուածը
2 Եբր.՝ Բելիարի
3 Այսինքն՝ Մեռած անձերու կայանին
4 Եբր.՝ հեծաւ
5 Եբր.՝ խաւար
6 Եբր.՝ ձեռքը երկարեց
7 Կամ՝ Որովհետեւ
8 Եբր.՝ զօրաւոր մարդուն
9 Եբր.՝ խոտորիս
10 Եբր.՝ կը հաւասարեցնէ
11 Կամ՝ բազուկներովս պղնձէ աղեղ մը կը կոտրուի
12 Կամ՝ կոտրեցի
13 Կամ՝ ծոծրակը ինծի տուիր
14 Եբր.՝ Նայեցան
15 Կամ՝ փոշիին
16 Եբր.՝ ազգերուն
17 Կամ՝ ինծի կը ստեն
18 Կամ՝ գօտիով կը կապուին
19 Եբր.՝ փրկութեան աշտարակը