Loading...

2 Samuel 23

1 Samuel  «  2 Samuel 22  ‹  2 Samuel 23  ›  2 Samuel 24  »  1 Kings


ԴԱՒԻԹԻ ՎԵՐՋԻՆ ԽՕՍՔԵՐԸ

1

Ահա՛ւասիկ Դաւիթի վերջին խօսքերը. «Յեսսէի որդին՝ Դաւիթ կը պատգամէ, Այն 1մարդը՝ որ բարձրացաւ, Յակոբի Աստուծոյն օծեալը Եւ Իսրայէլի հաճելի սաղմոսերգուն՝ կը պատգամէ.

2

“Տէրոջ Հոգին ինձմով խօսեցաւ, Ու անոր խօսքը իմ լեզուիս վրայ էր։

3

Իսրայէլի Աստուածը խօսեցաւ, Եւ Իսրայէլի Վէմը ինծի ըսաւ. "Մարդիկ կառավարողը թող արդար ըլլայ Ու Աստուծոյ վախով կառավարէ.

4

Այն ատեն ան պիտի նմանի առտուան լոյսին, Որ արեւին ծագած ատենը կ’երեւնայ՝ Առանց թանձր ամպի առտու մը, Եւ արեւի պայծառութեան՝ Որ անձրեւէն ետք գետինէն դալար կը բուսցնէ"։

5

Միթէ իմ տունս Աստուծոյ քով այսպէս չէ՞, Քանի ինծի հետ յաւիտենական ուխտ մը 2հաստատեց, Որ ամէն կերպով 3կարգադրուած ու պահպանուած է. Միթէ պիտի չբուսցնէ՞ Իմ ամբողջ փրկութիւնս եւ ամբողջ բաղձանքս։

6

Իսկ բոլոր 4անօրէնները՝ Դուրս նետուած փուշերու պէս պիտի ըլլան, Որոնք ձեռքով չեն բռնուիր։

7

Անոնց դպչող մարդը՝ Երկաթով ու նիզակի բունով 5կը զինուի՝՝, Եւ իրենց կեցած տեղը Բոլո՛րովին պիտի այրուին կրակով”»։


ԴԱՒԻԹԻ ՀՌՉԱԿԱՒՈՐ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐԸ (Ա. Մնաց. 11. 10-41)

8

Ահա՛ւասիկ Դաւիթի զօրաւոր մարդոց անունները.— 6Յոսէբ-Բասեբէթ Թահքեմոնացին, որ զօրավարներուն գլխաւորն էր. ան 7իր նիզակը վերցուց ութ հարիւր մարդոց վրայ, ու զանոնք մէկ անգամէն մեռցուց՝՝։

9

Իրմէ ետք, Աքուքացի Դովդայի որդին՝ Եղիազար, որ Դաւիթի հետ եղող երեք զօրաւորներէն մէկն էր, երբ անոնք պատերազմելու համար հոն հաւաքուած Փղշտացիները դիմագրաւեցին։ Մինչ Իսրայելացիները 8փախան,

10

ան կանգնեցաւ եւ Փղշտացիները զարկաւ, մինչեւ որ ձեռքը յոգնեցաւ, ու ձեռքը իր սուրին վրայ փակաւ։ Տէրը այդ օրը մեծ 9յաղթանակ տարաւ՝՝, եւ ժողովուրդը անոր ետեւէն վերադարձաւ՝ միայն աւարը առնելու համար։

11

Իրմէ ետք, Արարացի Ագէի որդին՝ Սամմա էր։ Փղշտացիները 10զօրագունդ մը կազմած՝՝ էին. հոն ոսպով լեցուն 11արտ մը կար։ Ժողովուրդը Փղշտացիներուն առջեւէն փախաւ.

12

բայց ինք 12արտին մէջտեղը կայնեցաւ, զայն պաշտպանեց ու Փղշտացիները զարկաւ, եւ Տէրը մեծ 13յաղթանակ տարաւ՝՝։

13

Երեսուն 14զօրագլուխներէն երեքը իջան, ու հունձքի ատեն Ոդողոմի քարայրը՝ Դաւիթի եկան։ Փղշտացիներուն մէկ գունդը Ռափայիններու հովիտին մէջ բանակած էր։

14

Այն ատեն Դաւիթ բերդին մէջ էր, իսկ Փղշտացիները այն ատեն պահակազօրք ունէին Բեթլեհէմի մէջ։

15

Դաւիթ փափաքելով՝ ըսաւ. «Բեթլեհէմի դուռը եղող ջրհորէն ո՞վ ինծի ջուր պիտի խմցնէ»։

16

Ուստի այս երեք զօրաւորները Փղշտացիներուն բանակավայրը ճեղքեցին անցան, Բեթլեհէմի դուռը եղող ջրհորէն ջուր քաշեցին, զայն կրեցին ու Դաւիթի բերին. բայց ան չուզեց անկէ խմել, հապա զայն թափելով՝ Տէրոջ նուիրեց

17

եւ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, հեռո՛ւ ինձմէ՝ որ ասիկա ընեմ. իրենց 15կեանքը վտանգելով՝՝ գացող մարդոց արի՞ւնը խմեմ». ուստի անկէ խմել չուզեց։ Ասիկա՛ ըրին այդ երեք զօրաւորները։

18

Շարուհեան Յովաբի եղբայրը՝ Աբեսսա այդ երեքին գլխաւորն էր։ Ան իր նիզակը երեք հարիւր մարդոց դէմ վերցնելով՝ զանոնք մեռցուց։ Ան երեքին մէջ անուանի էր.

19

այդ երեքէն ամենէն պատուաւորն էր, ուստի անոնց պետը եղաւ. բայց առաջին երեքին աստիճանին չհասաւ։

20

Բազմաթիւ քաջագործութիւններ կատարող կաբեսէելացի կտրիճ մարդու մը որդիին՝ Յովիադայի որդին՝ Բանեա, Մովաբի երկու 16առիւծները զարկաւ. նաեւ ձիւնի ժամանակ իջաւ ու գուբին մէջ առիւծը զարկաւ։

21

Ան ահարկու տեսքով եգիպտացի մարդ մըն ալ զարկաւ։ Եգիպտացիին ձեռքը նիզակ մը կար, բայց Բանեա ցուպով մը անոր քով իջաւ, Եգիպտացիին ձեռքէն նիզակը յափշտակեց, եւ անոր նիզակով զայն մեռցուց։

22

Ա՛յս քաջագործութիւնները կատարեց Յովիադայի որդին՝ Բանեա, ու երեք զօրաւորներուն մէջ անուանի եղաւ։

23

Երեսունէն աւելի պատուաւոր էր, բայց առաջին երեքին աստիճանին չհասաւ։ Դաւիթ զայն իր 17պահակախումբին վրայ նշանակեց։

24

Յովաբի եղբայրը՝ Ասայէլ երեսունէն էր. նաեւ Բեթլեհեմացի Դովդայի որդին՝ Ելէանան,

25

Հարոդացի Սամմա, Հարոդացի Եղիկա,

26

18Փելլատացի Քեղղէս, Թեկուացի Եկգէսի որդին՝ Իրաս,

27

Անաթովթացի Աբիեզեր, Ովսացի Մեբունայ,

28

Աքուքացի Սելմոն, Նետոփաթացի Մաարայ,

29

Նետոփաթացի Բաանայի որդին՝ Ալաբ, Բենիամինի որդիներուն Գաբաայէն՝ Ռիբայի որդին՝ Եթթի,

30

Փարաթոնացի Բանեա, Գաասի ձորերէն՝ Ադդայի,

31

Արաբաթացի Աբիելբոն, Բարումացի Ազամօթ,

32

Սաղաբինացի Եղիաբա, Յասէնի որդիներէն՝ Յովնաթան,

33

Արարացի Սամմա, Արարացի Սարարի որդին՝ Աքիամ,

34

Մաքաթիի որդիին՝ Ահասբայի որդին՝ Եղիփաղէտ, Գեղոնացի Աքիտոփէլի որդին՝ Եղիամ,

35

Կարմելացի Ասարէ, Արբացի Փաարայ,

36

Սուբացի Նաթանի որդին՝ Իգաղ, Գադացի Բանի,

37

Ամմոնացի Սելեկ, Շարուհեան Յովաբի զինակիրը՝ Բերովթացի Նաարա,

38

Յեթերացի Իրաս, Յեթերացի Գարէբ,

39

Քետացի Ուրիա. բոլորը երեսունեօթն էին։



1 Եբր.՝ զօրաւոր մարդը
2 Եբր.՝ ըրաւ
3 Եբր.՝ շարուած
4 Եբր.՝ Բելիարի որդիները
5 Եբր.՝ ձեռքը կը լեցնէ
6 Կամ՝ աթոռը նստող
7 Կամ՝ է Ասոնացի Ադինօն, որ ութ հարիւր մարդ մէկ անգամէն մեռցուց
8 Կամ՝ բարձրացան
9 Եբր.՝ փրկութիւն ըրաւ
10 Եբր.՝ Քայայի մէջ հաւաքուած
11 Եբր.՝ արտի բաժին
12 Եբր.՝ բաժինին
13 Եբր.՝ փրկութիւն ըրաւ
14 Կամ՝ գլխաւորներէն
15 Եբր.՝ կեանքով
16 Եբր.՝ Աստուծոյ առիւծները
17 Կամ՝ ատեանին
18 Կամ՝ Փելոնացի