Loading...

2 Samuel 24

1 Samuel  «  2 Samuel 23  ‹  2 Samuel 24  ›  1 Kings 1  »  1 Kings


ԴԱՒԻԹ ՄԱՐԴԱՀԱՄԱՐ ԿԸ ԿԱՏԱՐԷ (Ա. Մնաց. 21. 1-27)

1

Տէրոջ բարկութիւնը վերստին Իսրայէլի դէմ բորբոքեցաւ, ու Դաւիթը անոնց դէմ դրդեց՝ ըսելով. «Գնա՛, Իսրայէ՛լը եւ Յուդա՛ն համրէ»։

2

Թագաւորը իր քով եղող Յովաբ զօրապետին ըսաւ. «Այժմ շրջագայէ՛ Իսրայէլի բոլոր տոհմերուն մէջ՝ Դանէն մինչեւ Բերսաբէ, ու ժողովուրդը թուարկեցէ՛ք, որպէսզի ժողովուրդին թիւը գիտնամ»։

3

Յովաբ թագաւորին ըսաւ. «Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ թող հարիւրապատիկ աւելցնէ ժողովուրդը՝ քան այնչափ որ է, եւ իմ տիրոջս՝ թագաւորին աչքերը տեսնեն. բայց իմ տէրս՝ թագաւորը ինչո՞ւ այս բանին կը բաղձայ»։

4

Բայց երբ թագաւորին խօսքը Յովաբի ու զօրապետներուն պարտադրուեցաւ, Յովաբ զօրապետներուն հետ թագաւորին առջեւէն դուրս ելաւ, որպէսզի Իսրայէլի ժողովուրդը թուարկէ։

5

Յորդանանէն անցան, եւ Գադի ձորին մէջ եղող քաղաքին աջ կողմը՝ Արոէր բանակեցան։ Յետոյ Յազեր,

6

Գաղաադ ու Թաքթիմադասի երկիրը հասան. անկէ՝ 1Դանեաան եւ Սիդոնի շրջակայքը հասան։

7

Անկէ Տիւրոսի ամրոցը, եւ Խեւացիներուն ու Քանանացիներուն բոլոր քաղաքները գացին, ապա Յուդայի հարաւային կողմէն՝ Բերսաբէէն դուրս ելան։

8

Ամբողջ երկիրը շրջագայեցան, եւ ինը ամիս ու քսան օր ետք Երուսաղէմ հասան։

9

Յովաբ ժողովուրդին մարդահամարին թիւը թագաւորին տուաւ. Իսրայէլի մէջ ութ հարիւր հազար սուր քաշող կտրիճ մարդ կար, իսկ Յուդայեանները հինգ հարիւր հազար մարդ էին։

10

Դաւիթի 2խիղճը զինք խայթեց՝՝ ժողովուրդը հաշուելէն ետք։ Դաւիթ Տէրոջ ըսաւ. «Ասիկա ընելով մեծապէս մեղանչեցի. հիմա կ’աղերսե՛մ, ո՛վ Տէր, 3ներէ՛ քու ծառայիդ անօրէնութիւնը, որովհետեւ յոյժ անմտութեամբ վարուեցայ»։

11

Երբ Դաւիթ առտուն ելաւ, 4Տէրը խօսեցաւ՝՝ Դաւիթի տեսանողին՝ Գադ մարգարէին, ըսելով.

12

«Գնա՛ ու Դաւիթի ըսէ՛. “Տէրը սա՛ կ’ըսէ. "Ես քեզի երեք բան կ’առաջարկեմ. անոնցմէ մէ՛կը ընտրէ՝ որ քեզի ընեմ"”»։

13

Գադ Դաւիթի եկաւ, անոր հաղորդեց եւ անոր ըսաւ. «Եօթը տարի քու վրադ սո՞վ գայ՝ երկրիդ մէջ, կամ երեք ամիս թշնամիներուդ 5առջեւէն փախչի՞ս ու անոնք քե՞զ հալածեն, կամ թէ երեք օր երկրիդ մէջ ժանտախտ ըլլայ։ Հիմա 6մտածէ՛ եւ ըսէ՛՝՝ թէ ի՛նչ 7պիտի պատասխանեմ՝՝ զիս ղրկողին»։

14

Դաւիթ Գադի ըսաւ. «Չափազանց կը տագնապիմ. այժմ Տէրո՛ջ ձեռքը իյնանք, որովհետեւ անոր գթութիւնը շատ է. մարդու ձեռքը չիյնամ»։

15

Ուստի Տէրը Իսրայէլի վրայ ժանտախտ 8ղրկեց, այդ առտուընէ մինչեւ որոշուած ժամանակը։ Դանէն մինչեւ Բերսաբէ՝ ժողովուրդէն եօթանասուն հազար մարդ մեռաւ։

16

Աստուծոյ հրեշտակը ձեռքը Երուսաղէմի վրայ երկարեց՝ որպէսզի զայն կործանէ. բայց Տէրը այս չարիքէն հրաժարեցաւ, ու ժողովուրդը կոտորող հրեշտակին ըսաւ. «Բաւակա՛ն է, հիմա ձեռքդ քաշէ՛»։ Տէրոջ հրեշտակը Յեբուսացի Ոռնայի կալին քով էր։

17

Դաւիթ ժողովուրդը զարնող հրեշտակը տեսնելով՝ Տէրոջ ըսաւ. «Ահա՛ ե՛ս մեղանչեցի, ե՛ս անօրէնութիւն գործեցի, բայց այս ոչխարները ի՞նչ ըրին. կ’աղերսե՛մ, քու ձեռքդ ի՛մ վրաս ու հօ՛րս տան վրայ ըլլայ»։

18

Նոյն օրը Գադ Դաւիթի եկաւ եւ անոր ըսաւ. «Բարձրացի՛ր, Յեբուսացի Ոռնայի կալին մէջ Տէրոջ զոհասեղա՛ն մը կանգնեցուր»։

19

Դաւիթ Գադի խօսքին համաձայն բարձրացաւ, ինչպէս Տէրը պատուիրեր էր։

20

Ոռնա նայեցաւ ու տեսաւ թէ թագաւորը եւ անոր ծառաները իրեն կու գան. ուստի Ոռնա դուրս ելաւ, ու դէմքը մինչեւ գետին խոնարհեցնելով՝ թագաւորին երկրպագեց։

21

Ոռնա ըսաւ. «Արդեօք ի՞նչ պատճառով իմ տէրս՝ թագաւորը իր ծառային եկաւ»։ Դաւիթ ըսաւ. «Այս կալը քեզմէ գնելու եւ Տէրոջ զոհասեղան մը կառուցանելու համար, որպէսզի ժողովուրդին մէջէն պատուհասը դադրի»։

22

Ոռնա Դաւիթի ըսաւ. «Իմ տէրս՝ թագաւորը զայն թող առնէ, եւ ինչպէս որ իրեն 9հաճելի է՝ թող զոհէ։ Ահա՛ եզները՝ ողջակէզի համար թող ըլլան, իսկ ցաքաններն ու եզներուն կազմածները՝ փայտի համար։

23

Այս բոլորը, 10ո՛վ թագաւոր, Ոռնա՝՝ թագաւորին կու տայ»։ Նաեւ Ոռնա թագաւորին ըսաւ. «Տէրը՝ քու Աստուածդ քեզի հաճի»։

24

Բայց թագաւորը Ոռնայի ըսաւ. «Ո՛չ. հապա ես զանոնք քեզմէ ա՛նպայման 11դրամով պիտի գնեմ. Տէրոջ՝ իմ Աստուծոյս ողջակէզ պիտի չմատուցանեմ առանց վճարումի»։ Ուստի Դաւիթ կալն ու եզները յիսուն սիկղ արծաթի գնեց։

25

Դաւիթ հոն Տէրոջ զոհասեղան կառուցանեց, եւ անոր վրայ ողջակէզներ ու խաղաղութեան զոհեր մատուցանեց։ Տէրն ալ երկրին համար եղած թախանձանքը ընդունեց, եւ Իսրայէլի մէջէն պատուհասը դադրեցաւ։



1 Կամ՝ Դանի անտառը
2 Եբր.՝ սիրտը զինք ծեծեց
3 Եբր.՝ անտեսէ՛
4 Եբր.՝ Տէրոջ խօսքը եղաւ
5 Եբր.՝ երեսէն
6 Եբր.՝ գիտցի՛ր եւ տե՛ս
7 Եբր.՝ խօսք պիտի վերադարձնեմ
8 Եբր.՝ տուաւ
9 Եբր.՝ լաւ
10 Եբր.՝ Ոռնա թագաւորը
11 Եբր.՝ գինով