Loading...

Deuteronomy 7

Numbers  «  Deuteronomy 6  ‹  Deuteronomy 7  ›  Deuteronomy 8  »  Joshua


ՏԷՐՈՋ ՍԵՓԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ (Ելք. 34. 11-16)

1

«Երբ Տէրը, քու Աստուածդ, քեզ տանի այն երկիրը՝ ուր կը մտնես անոր տիրանալու համար, եւ առջեւէդ շատ ազգեր վանէ, այսինքն՝ Քետացիները, Գերգեսացիները, Ամորհացիները, Քանանացիները, Փերեզացիները, Խեւացիներն ու Յեբուսացիները — այս եօթը ազգերը, որ քեզմէ բազմաթիւ եւ հզօր են —,

2

ու երբ Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ զանոնք քու ձեռքդ մատնէ, զանոնք զա՛րկ եւ անճիտէ՛. անոնց հետ ուխտ մի՛ կնքեր ու անոնց մի՛ ողորմիր։

3

Անոնց խնամի մի՛ ըլլաք. քու աղջիկդ անոր որդիին մի՛ տար, եւ անոր աղջիկը քու որդիիդ մի՛ առներ.

4

որովհետեւ քու որդիդ 1ինձմէ պիտի հեռացնեն՝ որպէսզի ուրիշ աստուածներ պաշտէ, ուստի Տէրոջ բարկութիւնը ձեզի դէմ պիտի բորբոքի ու ձեզ շուտով պիտի բնաջնջէ։

5

Հապա անոնց հետ սա՛պէս վարուեցէք.— անոնց բագինները փլցուցէ՛ք, արձանները կոտրտեցէ՛ք, աստարովթները կտրեցէ՛ք, եւ 2կուռքերը կրակո՛վ այրեցէք։

6

Արդարեւ դուն Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ՝ սուրբ ժողովուրդն ես. Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ երկրագունդի մակերեսին վրայ եղող բոլոր ժողովուրդներուն մէջէն քե՛զ ընտրեց, որպէսզի անոր սեփական ժողովուրդ ըլլաս։

7

Տէրը ձեզ հաւնեցաւ եւ ընտրեց՝ ո՛չ թէ որովհետեւ բոլոր ժողովուրդներէն բազմաթիւ էիք, քանի որ դուք բոլորէն փոքրաթիւ էիք.

8

այլ Տէրը ձեզ սիրելուն համար, ու ձեր հայրերուն ըրած երդումը պահելու համար, Տէրը ձեզ ուժեղ ձեռքով ստրկութեան տունէն հանեց եւ Եգիպտացիներու Փարաւոն թագաւորին ձեռքէն ազատեց։

9

Ուրեմն գիտցի՛ր թէ Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ ի՛նքն է Աստուած, հաւատարիմ Աստուածը, որ զինք սիրողներուն եւ իր պատուիրանները պահողներուն մինչեւ հազար սերունդին ուխտ ու կարեկցութիւն կը պահէ,

10

իսկ զինք ատողներուն 3ուղղակի կը հատուցանէ՝ որ զանոնք կորսնցնէ. զինք ատողին պատիժը չ’ուշացներ, անոր ուղղակի կը հատուցանէ։

11

Ուրեմն պահէ՛ այն պատուիրանները, կանոններն ու 4դատավճիռները, որ այսօր քեզի կը պատուիրեմ, որպէսզի զանոնք գործադրես»։


ՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ (Բ. Օր. 28. 1-14)

12

«Ուստի եթէ այս դատավճիռները մտիկ ընելով զանոնք պահես եւ գործադրես, Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ քեզի համար պիտի պահէ հայրերուդ երդումով խոստացած ուխտն ու կարեկցութիւնը.

13

նաեւ քեզ պիտի սիրէ, քեզ պիտի օրհնէ, քեզ պիտի բազմացնէ, եւ քու 5որովայնիդ պտուղը, հողիդ պտուղը, ցորենդ, քաղցուդ, իւղդ, կովերուդ ծնունդն ու ոչխարներուդ բազմացումը պիտի օրհնէ այն հողին վրայ, որուն համար Տէրը հայրերուդ երդում ըրաւ՝ քեզի տալու։

14

Դուն բոլոր ժողովուրդներէն աւելի օրհնեալ պիտի ըլլաս, եւ ձեր մէջ ու ձեր անասուններուն մէջ՝ թէ՛ արուներէն եւ թէ էգերէն՝ ամուլ պիտի չըլլայ։

15

Տէրը բոլոր հիւանդութիւնները քեզմէ պիտի հեռացնէ, ու քու վրադ ո՛չ մէկը պիտի 6բերէ Եգիպտացիներուն այն գէշ ախտերէն՝ որ դուն գիտես, այլ զանոնք բոլոր 7ոսոխներուդ վրայ պիտի 8ղրկէ։

16

Դուն պիտի սպառես այն բոլոր ժողովուրդները, որ Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ քու ձեռքդ պիտի մատնէ։ Աչքդ անոնց վրայ թող չխղճայ եւ անոնց աստուածները մի՛ պաշտեր, որովհետեւ ատիկա քեզի որոգայթ պիտի ըլլայ։

17

Եթէ սիրտիդ մէջ ըսես. “Այդ ազգերը ինձմէ բազմաթիւ են, ես ի՞նչպէս կրնամ զանոնք վտարել”,

18

անոնցմէ մի՛ վախնար, այլ մի՛շտ յիշէ ինչ որ Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ ըրաւ Փարաւոնի ու բոլոր Եգիպտացիներուն,

19

այն մեծ փորձութիւնները՝ որ աչքերդ տեսան, այն նշաններն ու հրաշքները, այն ուժեղ ձեռքն ու երկարած բազուկը՝ որոնցմով Տէրը, քու Աստուածդ, քեզ դուրս հանեց։ Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ նոյնպէս պիտի ընէ այն բոլոր ժողովուրդներուն, որոնցմէ դուն կը վախնաս։

20

Նաեւ Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ անոնց վրայ իշամեղու պիտի ղրկէ, որպէսզի մնացածներն ու քեզմէ պահուըտողները կորսուին։

21

Ուրեմն անոնցմէ մի՛ ահաբեկիր, քանի որ Տէրը՝ քու Աստուածդ, այն մեծ եւ ահեղ Աստուածը, ձեր մէջ է։

22

Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ այդ ազգերը առջեւէդ քիչ-քիչ պիտի վանէ. զանոնք չես կրնար անմիջապէս սպառել, որպէսզի դաշտին գազանները քեզի դէմ չշատնան։

23

Հապա Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ զանոնք քու ձեռքդ պիտի մատնէ, ու զանոնք մեծ խուճապի մէջ պիտի ձգէ, մինչեւ որ բոլորովին բնաջնջուին։

24

Անոնց թագաւորները քու ձեռքդ պիտի մատնէ, եւ անոնց անունները երկինքի տակէն պիտի ջնջես. ո՛չ մէկը պիտի կարենայ առջեւդ կայնիլ, մինչեւ որ զանոնք բնաջնջես։

25

Անոնց աստուածներուն կուռքերը կրակո՛վ այրէ. անոնց վրայ եղող ոսկիին ու արծաթին մի՛ ցանկար եւ զանոնք քեզի մի՛ առներ, որպէսզի անոնցմով որոգայթի մէջ չիյնաս. որովհետեւ անոնք Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ առջեւ գարշելի են։

26

Ուստի գարշելի բան մը տունդ մի՛ տանիր, որպէսզի դուն ալ անոր նման չնզովուիս. զայն բոլորովին պի՛ղծ սեպէ ու անկէ բոլորովին գարշէ՛, քանի որ ան նզովուած է»։



1 Եբր.՝ իմ ետեւէս
2 Եբր.՝ քանդակուած պատկերները
3 Եբր.՝ իրենց երեսին դէմ
4 Կամ՝ սովորութիւնները
5 Եբր.՝ փորիդ
6 Եբր.՝ դնէ
7 Եբր.՝ քեզ ատողներուն
8 Եբր.՝ դնէ