Deuteronomy 8
Numbers « Deuteronomy 7 ‹ Deuteronomy 8 › Deuteronomy 9 » Joshua
ԼԱՒ ԵՐԿԻՐ ՄԸ ՊԻՏԻ ՍՏԱՑՈՒԻ
1«Զգուշութեա՛մբ գործադրեցէք բոլոր պատուիրանները՝ որ այսօր կը հրամայեմ ձեզի, որպէսզի ապրիք, բազմանաք, մտնէք այն երկիրը՝ որ Տէրը երդումով խոստացաւ ձեր հայրերուն, եւ անոր տիրանաք։
2Ու յիշէ՛ այն ամբողջ ճամբան, որ Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ այս քառասուն տարիները անապատին մէջ քեզի քալել տուաւ, քեզ խոնարհեցնելու, քեզ փորձարկելու եւ սիրտիդ մէջինը գիտնալու համար, թէ արդեօք դուն իր պատուիրանները պիտի պահե՛ս՝ թէ ոչ։
3Տէրը քեզ խոնարհեցուց, անօթեցուց, ու քեզի մանանայ կերցուց, որ դուն չէիր ճանչնար, ո՛չ ալ քու հայրերդ կը ճանչնային, քեզի գիտցնելու համար թէ մարդը միայն հացով չ’ապրիր, հապա մարդը կ’ապրի ամէն խօսքով՝ որ Տէրոջ բերանէն կ’ելլէ։
4Այս քառասուն տարիներու ընթացքին քու վրայէդ հանդերձներդ չմաշեցան եւ ոտքերդ չուռեցան։
5Նաեւ սիրտիդ մէջ գիտցի՛ր թէ ինչպէս մարդ մը իր որդին կը խրատէ, նոյնպէս Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ քեզ կը խրատէ։
6Ուրեմն Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ պատուիրաննե՛րը պահէ, որպէսզի անոր ճամբաներէն ընթանաս ու անկէ վախնաս։
7Արդարեւ Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ լաւ երկիր մը կը տանի քեզ, հովիտներէ եւ լեռներէ 1բխող վտակներով, ակերով ու 2խորունկ ջուրերով երկիր մը.
8ցորենի, գարիի, որթատունկերու, թզենիներու եւ նռնենիներու երկիր մը, ձէթի ու մեղրի երկիր մը.
9այնպիսի երկիր մը՝ ուր 3կուշտ հաց պիտի ուտես եւ անոր մէջ ոչինչ պիտի պակսի քեզի. երկիր մը՝ որուն քարերը երկաթ են, ու անոր լեռներէն պղինձ պիտի 4հանես։
10Ուստի, երբ ուտես եւ կշտանաս, օրհնէ՛ Տէրը, քու Աստուածդ, այն լաւ երկրին համար՝ որ քեզի տուաւ»։
ՏԷՐԸ ՄՈՌՆԱԼՈՒՆ ԴԷՄ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ
11«Զգուշացի՛ր որ Տէրը, քու Աստուածդ, չմոռնաս՝ չպահելով անոր պատուիրանները, 5դատավճիռներն ու կանոնները, որ այսօր քեզի կը պատուիրեմ։
12Երբ ուտես ու կշտանաս, վայելչագեղ տուներ կառուցանես եւ բնակիս անոնց մէջ,
13ու երբ արջառներդ եւ ոչխարներդ բազմանան, նաեւ արծաթդ ու ոսկիդ շատնան եւ ամբողջ ունեցածդ շատնայ,
14սիրտդ թող չգոռոզանայ ու մի՛ մոռնար Տէրը՝ քու Աստուածդ, որ Եգիպտոսի երկրէն՝ ստրկութեան տունէն՝ քեզ հանեց,
15եւ այդ մեծ ու ահաւոր, խայթող օձերով ու կարիճներով լեցուն, ծարաւուտ եւ անջուր երկրին մէջ քեզի քալել տուաւ, ապառաժէն քեզի ջուր հանեց,
16եւ անապատին մէջ քու հայրերուդ չճանչցած մանանան քեզի կերցուց, որպէսզի քեզ խոնարհեցնէ ու փորձարկէ, եւ վերջաւորութեան քեզի բարիք ընէ։
17Սիրտիդ մէջ մի՛ ըսեր թէ “այս հարստութիւնը իմ կարողութեամբս ու ձեռքիս 6ոյժով վաստկեցայ”։
18Հապա յիշէ՛ Տէրը՝ քու Աստուածդ — քանի որ հարստութիւն վաստկելու համար քեզի կարողութիւն տուողը ա՛ն է —, որպէսզի հաստատէ իր ուխտը՝ որուն համար երդում ըրած էր հայրերուդ, ինչպէս այսօր կը տեսնես։
19Իսկ եթէ Տէրը՝ քու Աստուածդ մոռնալով ուրիշ աստուածներու հետեւիս, զանոնք պաշտես ու անոնց երկրպագես, այսօր ձեզի կը վկայեմ թէ դուք ա՛նպատճառ պիտի կորսուիք.
20ինչպէս այն ազգերը՝ որ Տէրը ձեր առջեւէն պիտի կորսնցնէ, ա՛յնպէս պիտի կորսուիք, որովհետեւ Տէրոջ՝ ձեր Աստուծոյն խօսքը մտիկ չըրիք»։