Loading...

Deuteronomy 9

Numbers  «  Deuteronomy 8  ‹  Deuteronomy 9  ›  Deuteronomy 10  »  Joshua


ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԱՆՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ (Ելք. 32. 1-14)

1

«Մտի՛կ ըրէ, ո՛վ Իսրայէլ։ Դուն այսօր Յորդանանէն կ’անցնիս, որպէսզի երթաս եւ տիրանաս քեզմէ մեծ ու հզօր ազգերու, մեծ եւ մինչեւ երկինք պարսպապատ քաղաքներու,

2

այն մեծ ու բարձրահասակ ժողովուրդին՝ Ենակիմներու որդիներուն, որ դուն կը ճանչնաս եւ անոնց համար լսեր ես թէ “Ենակի որդիներուն առջեւ ո՞վ կրնայ կայնիլ”։

3

Ուստի այսօր գիտցի՛ր թէ Տէրը, քու Աստուածդ, ի՛նք առջեւէդ կ’անցնի իբր սպառող կրակ. ի՛նք զանոնք պիտի բնաջնջէ, ի՛նք առջեւէդ զանոնք պիտի ընկճէ, ու դուն զանոնք պիտի վտարես եւ շուտով կորսնցնես, ինչպէս Տէրը քեզի ըսաւ։

4

Երբ Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ զանոնք առջեւէդ քշէ, սիրտիդ մէջ մի՛ ըսեր թէ “Տէրը իմ արդարութեանս համար զիս այս երկիրը բերաւ՝ որ անոր տիրանամ”. քանի որ Տէրը այս ազգերը իրենց անօրէնութեա՛ն համար կը վտարէ առջեւէդ։

5

Ո՛չ թէ քու արդարութեանդ ու սիրտիդ ուղիղ ըլլալուն համար կը մտնես անոնց երկիրը՝ որ անոր տիրանաս. հապա Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ այս ազգերուն անօրէնութեան համար զանոնք կը վտարէ առջեւէդ, նաեւ որպէսզի իրագործէ այն խօսքը՝ որուն համար երդում ըրաւ հայրերուդ՝ Աբրահամի, Իսահակի ու Յակոբի։

6

Ուստի գիտցի՛ր թէ քու արդարութեանդ համար չէ, որ Տէրը, քու Աստուածդ, այս լաւ երկիրը քեզի կու տայ՝ որպէսզի անոր տիրանաս. քանի որ դուն խստապարանոց ժողովուրդ մըն ես։

7

Յիշէ՛ եւ մի՛ մոռնար թէ Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ անապատին մէջ զայրացուցիր. Եգիպտոսի երկրէն ելած օրէդ մինչեւ այս տեղը հասած օրդ՝ Տէրոջ անհնազանդ եղաք։

8

Քորեբի մէջ ալ Տէրը զայրացուցիք, ու Տէրը ձեզի դէմ բարկացաւ՝ ձեզ բնաջնջելու չափ։

9

Երբ ես լեռը ելայ՝ որ քարէ տախտակները ստանամ, այսինքն՝ Տէրոջ ձեզի հետ կնքած ուխտին տախտակները, քառասուն օր ու քառասուն գիշեր լեռը կեցայ. ո՛չ հաց կերայ եւ ո՛չ ջուր խմեցի։

10

Այն ատեն Տէրը ինծի յանձնեց Աստուծոյ մատով գրուած երկու քարէ տախտակները, որոնց վրայ գրուած էին այն բոլոր խօսքերը՝ որ Տէրը ձեզի ըսաւ համախմբումին օրը, լերան վրայ, կրակին մէջէն։

11

Քառասուն օրուան ու քառասուն գիշերուան վախճանին՝ Տէրը ինծի տուաւ երկու քարէ տախտակները, այսինքն՝ ուխտին տախտակները,

12

եւ Տէրը ինծի ըսաւ. “Կանգնէ՛ ու շուտո՛վ ասկէ իջիր, որովհետեւ ապականեցաւ քու ժողովուրդդ՝ որ Եգիպտոսէն հանեցիր. անոնք շուտով շեղեցան այն ճամբայէն՝ որ իրենց պատուիրեցի, իրենց 1ձուլածոյ կուռք՝՝ շինեցին”։

13

Նաեւ Տէրը ինծի խօսեցաւ՝ ըսելով. “Ես այս ժողովուրդը տեսայ, եւ ահա՛ ան խստապարանոց ժողովուրդ մըն է։

14

Թո՛ղ զիս՝ որ զանոնք բնաջնջեմ ու անոնց անունը երկինքի տակէն ջնջեմ, եւ քեզ անոնցմէ հզօր ու բազմաթիւ ազգ մը պիտի ընեմ”։

15

Այն ատեն դարձայ ու լեռնէն իջայ. լեռը կրակով կը վառէր եւ ուխտին երկու տախտակները երկու ձեռքերուս մէջ էին։

16

Նայեցայ, եւ ահա՛ Տէրոջ՝ ձեր Աստուծոյն դէմ մեղանչելով՝ ձեզի ձուլածոյ հորթ շիներ էիք. Տէրոջ ձեզի պատուիրած ճամբայէն շուտով շեղեր էիք։

17

Ուստի երկու տախտակները բռնեցի, իմ երկու ձեռքերուս վրայէն վար նետեցի ու ձեր աչքերուն առջեւ զանոնք կոտրտեցի։

18

Յետոյ նախկինին պէս Տէրոջ առջեւ 2աղաչեցի՝ քառասուն օր եւ քառասուն գիշեր. ո՛չ հաց կերայ, ո՛չ ալ ջուր խմեցի, ձեր գործած բոլոր մեղքերուն համար, որովհետեւ Տէրոջ 3առջեւ չարիք գործելով զայն գրգռեր էիք։

19

Արդարեւ վախցայ այն բարկութենէն ու ցասումէն, որով Տէրը ձեզի դէմ զայրացաւ՝ ձեզ բնաջնջելու չափ։ Սակայն Տէրը այդ անգամ ալ ինծի մտիկ ըրաւ։

20

Տէրը Ահարոնի դէմ ալ չափազանց բարկացաւ՝ զայն բնաջնջելու չափ, եւ այդ ատեն Ահարոնի համար ալ աղօթեցի։

21

Ձեր մեղքը, այսինքն հորթը՝ որ շինած էիք, առի ու զայն կրակով այրեցի։ Յետոյ զայն ծեծեցի, լա՛ւ աղացի՝ մինչեւ որ մանր փոշի եղաւ, եւ անոր փոշին լեռնէն իջնող վտակին մէջ նետեցի։

22

Նաեւ Տաբերայի, Մասսայի ու Կիբրոթ-Հաթթաւայի մէջ Տէրը զայրացուցիք։

23

Ու երբ Տէրը ձեզ Կադէս-Բառնեայէն ղրկեց՝ ըսելով. “Բարձրացէ՛ք եւ տիրացէ՛ք ձեզի տուած երկրիս”, Տէրոջ՝ ձեր Աստուծոյն հրամանին դէմ ընդվզեցաք, ու անոր չհաւատալով՝ անոր խօսքը մտիկ չըրիք։

24

Տէրոջ անհնազանդ եղաք այն օրէն ի վեր՝ երբ ձեզ ճանչցայ։

25

Ուրեմն ես քառասուն օր եւ քառասուն գիշեր աղաչեցի Տէրոջ առջեւ. նախկինին պէս աղաչեցի, որովհետեւ Տէրը ըսած էր թէ ձեզ պիտի բնաջնջէ։

26

Տէրոջ աղօթելով ըսի. “Ո՛վ Տէր Եհովա, մի՛ բնաջնջեր քու ժողովուրդդ ու ժառանգութիւնդ, որ քու մեծութեամբդ ազատեցիր եւ ուժեղ ձեռքով Եգիպտոսէն հանեցիր։

27

Յիշէ՛ քու ծառաներդ՝ Աբրահամը, Իսահակն ու Յակոբը, եւ մի՛ նայիր այս ժողովուրդին խստութեան, ամբարշտութեան ու մեղքին,

28

որ այն երկրին մէջ՝ ուրկէ մեզ հանեցիր՝ չըսուի. "Տէրը չկարենալով զանոնք տանիլ այն երկիրը՝ որ անոնց խոստացած էր, կամ զանոնք ատելով՝ դուրս հանեց զանոնք որպէսզի անապատին մէջ մեռցնէ"։

29

Որովհետեւ անոնք քու ժողովուրդդ եւ ժառանգութիւնդ են. զանոնք քու մեծ կարողութեամբդ ու երկարած բազուկովդ Եգիպտոսէն հանեցիր”»։



1 Եբր.՝ ձուլածոյ պատկեր
2 Եբր.՝ ինկայ
3 Եբր.՝ աչքերուն