Loading...

Deuteronomy 10

Numbers  «  Deuteronomy 9  ‹  Deuteronomy 10  ›  Deuteronomy 11  »  Joshua


ՄՈՎՍԷՍ ՎԵՐՍՏԻՆ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ ՏԱՍԸ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆՆԵՐԸ (Ելք. 34. 1-10)

1

«Այդ ատեն Տէրը ինծի ըսաւ. “Քեզի երկո՛ւ քարէ տախտակ կոփէ՝ առաջիններուն պէս, եւ լե՛ռը բարձրացիր՝ իմ քովս. նաեւ քեզի փայտէ տապանա՛կ մը շինէ։

2

Քու կոտրտած առաջին տախտակներուդ վրայի խօսքերը պիտի գրեմ այդ տախտակներուն վրայ. զանոնք տապանակի՛ն մէջ դիր”։

3

Ուստի սատիմի փայտէ տապանակ մը շինեցի, երկու քարէ տախտակ կոփեցի՝ առաջիններուն պէս, ու լեռը բարձրացայ՝ այդ երկու տախտակները ձեռքս առնելով։

4

Եւ տախտակներուն վրայ գրեց՝ առաջին գրուածին համաձայն՝ այն տասը պատուիրանները, որ Տէրը ձեզի հաղորդեց համախմբումին օրը, լերան վրայ, կրակին մէջէն. ու Տէրը զանոնք ինծի տուաւ։

5

Յետոյ դառնալով լեռնէն իջայ, եւ տախտակները շինած տապանակիս մէջ դրի, որպէսզի հոն ըլլան՝ ինչպէս Տէրը ինծի պատուիրեց»։

6

(Իսրայէլի որդիները Բերոթ-Բանէ-Յականէն Մոսերա մեկնեցան. հոն մեռաւ Ահարոն ու հոն թաղուեցաւ, եւ անոր որդին՝ Եղիազար անոր տեղ քահանայ եղաւ։

7

Անկէ Գադգադ մեկնեցան, ու Գադգադէն ջուրի վտակներու երկիրը՝ Ետեբաթա։

8

Այդ ատեն Տէրը Ղեւիի տոհմը զատեց, որպէսզի Տէրոջ ուխտին տապանակը կրէ, Տէրոջ առջեւ կայնի՝ անոր պաշտօն կատարելու համար, եւ անոր անունով օրհնէ՝ մինչեւ այսօր։

9

Հետեւաբար Ղեւի իր եղբայրներուն հետ բաժին ու ժառանգութիւն չունի. Տէ՛րն է անոր ժառանգութիւնը, ինչպէս Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ անոր ըսաւ։)

10

«Ես՝ նախկին օրերուն պէս՝ քառասուն օր ու քառասուն գիշեր լերան վրայ կեցայ, եւ Տէրը այս անգամ ալ ինծի մտիկ ընելով չուզեց քեզ բնաջնջել։

11

Տէրը ինծի ըսաւ. “Կանգնէ՛ ու մեկնէ՛ ժողովուրդին առջեւէն, որպէսզի մտնեն այն երկիրը՝ որուն համար անոնց հայրերուն երդում ըրի՝ անոնց տալու, եւ տիրանան անոր”»։


ԱՍՏՈՒԱԾ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ

12

«Ուրեմն հիմա, ո՛վ Իսրայէլ, Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ քեզմէ ի՞նչ կը պահանջէ.— միայն Տէրոջմէն՝ քու Աստուծմէդ վախնալ, իր բոլոր ճամբաներէն ընթանալով ու զինք սիրելով. նաեւ Տէրը՝ քու Աստուածդ պաշտել ամբողջ սիրտովդ եւ ամբողջ անձովդ,

13

պահելով Տէրոջ պատուիրաններն ու կանոնները, որ այսօր քեզի կը պատուիրեմ՝ քու բարիքիդ համար։

14

Ահա՛ Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ կը պատկանին երկինքն ու երկինքներուն երկինքը, նաեւ երկիրը եւ ամէն ինչ որ անոր մէջ է։

15

Սակայն Տէրը միայն քու հայրերդ հաւնեցաւ ու զանոնք սիրեց, եւ անոնցմէ ետք անոնց զարմը՝ այսինքն ձեզ ընտրեց բոլոր ժողովուրդներուն մէջէն, ինչպէս այսօր կը տեսնէք։

16

Ուստի ձեր սիրտե՛րը թլփատեցէք ու ձեր պարանոցները ա՛լ մի՛ խստացնէք,

17

քանի որ Տէրը՝ ձեր Աստուածը՝ աստուածներուն Աստուածը եւ տէրերուն Տէրն է, մեծ, զօրաւոր ու ահեղ Աստուածը՝ որ աչառութիւն չ’ըներ եւ կաշառք չի ստանար։

18

Ան որբին ու այրիին իրաւունքը կը պաշտպանէ, գաղթականը կը սիրէ եւ անոր հաց ու հանդերձ կու տայ։

19

Ուրեմն սիրեցէ՛ք գաղթականը, քանի որ դո՛ւք ալ պանդուխտ էիք Եգիպտոսի երկրին մէջ։

20

Տէրոջմէն՝ քու Աստուծմէ՛դ վախցիր ու զա՛յն պաշտէ, անո՛ր յարէ եւ անո՛ր անունով երդում ըրէ։

21

Ա՛ն է քու գովաբանութեանդ առարկան եւ ա՛ն է քու Աստուածդ, որ քեզի համար այս մեծ ու ահաւոր բաներն ըրաւ, որ աչքերովդ տեսար։

22

Քու հայրերդ եօթանասուն անձ էին՝ երբ Եգիպտոս իջան. իսկ հիմա Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ քեզ երկինքի աստղերուն պէս շատցուց»։