Loading...

Deuteronomy 11

Numbers  «  Deuteronomy 10  ‹  Deuteronomy 11  ›  Deuteronomy 12  »  Joshua


ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄԵԾՈՒԹԻՒՆԸ

1

«Ուրեմն սիրէ՛ Տէրը՝ քու Աստուածդ, եւ ամէ՛ն օր պահէ անոր հրահանգները, կանոնները, 1դատավճիռներն ու պատուիրանները։

2

Այսօր գիտցէ՛ք թէ ձեր որդիներուն չէ իմ խօսքս, որովհետեւ անոնք չգիտցան եւ չտեսան Տէրոջ՝ ձեր Աստուծոյն պատիժը, անոր մեծութիւնը, ուժեղ ձեռքն ու երկարած բազուկը,

3

Եգիպտոսի մէջ՝ Եգիպտացիներու Փարաւոն թագաւորին եւ անոր ամբողջ երկրին վրայ ըրած նշաններն ու գործերը,

4

ի՛նչ որ ըրաւ Եգիպտացիներու զօրագունդերուն, ձիերուն եւ կառքերուն՝ երբ անոնք ձեզ հետապնդեցին — ի՛նչպէս Տէրը Կարմիր ծովուն ջուրերը անոնց վրայ 2դարձուց ու զանոնք կորսնցուց մինչեւ այսօր —,

5

ի՛նչ որ ըրաւ ձեզի անապատին մէջ՝ մինչեւ ձեր այս տեղը հասնիլը,

6

ի՛նչ որ Ռուբէնեան Եղիաբի որդիներուն՝ Դաթանի եւ Աբիրոնի ըրաւ — ի՛նչպէս երկիրը իր բերանը բացաւ ու ամբողջ Իսրայէլի մէջէն կլլեց զանոնք՝ իրենց ընտանիքներով, իրենց վրաններով եւ 3իրենց բոլոր հետեւորդներով՝՝.

7

սակայն ձեր աչքերը տեսա՛ն Տէրոջ ըրած բոլոր մեծ գործերը»։


ԽՈՍՏԱՑՈՒԱԾ ԵՐԿՐԻՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

8

«Ուրեմն պահեցէ՛ք այն բոլոր պատուիրանները՝ որ այսօր ձեզի կը հրամայեմ, որպէսզի ուժովնաք, մտնէք այն երկիրը, որուն մէջէն կ’անցնիք՝ անոր տիրանալու համար, ու տիրանաք անոր.

9

որպէսզի ձեր օրերը երկար ըլլան այն հողին վրայ, որուն համար Տէրը ձեր հայրերուն երդում ըրաւ՝ իրենց եւ իրենց զարմին տալու, այնպիսի երկիր մը՝ որ կաթ ու մեղր կը հոսեցնէ։

10

Արդարեւ այն երկիրը, ուր դուն կը մտնես անոր տիրանալու համար, Եգիպտոսի երկրին պէս չէ՝ ուրկէ ելաք, ուր սերմդ կը ցանէիր եւ ոտքովդ զայն կը ջրէիր՝ բանջարեղէնի պարտէզի պէս։

11

Իսկ այն երկիրը, ուր կը մտնէք՝ անոր տիրանալու համար, լեռներու եւ հովիտներու երկիր մըն է, ու երկինքի անձրեւին ջուրը կը խմէ։

12

Այնպիսի երկիր մըն է, որուն Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ 4հոգ կը տանի՝՝. Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ աչքերը շարունակ անոր վրայ են, տարուան սկիզբէն մինչեւ վախճանը։

13

Ուստի եթէ ուշադրութեամբ հնազանդիք իմ պատուիրաններուս՝ որ այսօր ձեզի կը հրամայեմ, եւ Տէրը՝ ձեր Աստուածը սիրէք ու զայն պաշտէք ձեր ամբողջ սիրտով եւ ձեր ամբողջ անձով,

14

ձեր երկրին անձրեւը՝ առաջին անձրեւն ու վերջին անձրեւը՝ իր ատենին պիտի տամ, եւ քու ցորենդ, քաղցուդ ու իւղդ պիտի ժողվես,

15

նաեւ քու արտիդ մէջ բոյս պիտի տամ անասուններուդ համար, որպէսզի ուտես եւ կշտանաս։

16

Զգուշացէ՛ք դուք ձեզի համար, որ ձեր սիրտը չհրապուրուի ու դուք շիտակ ճամբայէն շեղելով ուրիշ աստուածներ չպաշտէք եւ անոնց չերկրպագէք,

17

ու Տէրոջ բարկութիւնը ձեզի դէմ բորբոքելով՝ երկինքը չգոցէ, որպէսզի անձրեւ 5չգայ, հողը իր արգասիքը չտայ, եւ Տէրոջ ձեզի տուած լաւ երկրէն շուտով չկորսուիք։

18

Այս խօսքերս ձեր սիրտի՛ն եւ անձի՛ն մէջ դրէք, ու զանոնք իբր նշան ձեր ձեռքերո՛ւն վրայ կապեցէք, որ իբր ճակատանոց ըլլան ձեր աչքերուն մէջտեղ։

19

Զանոնք ձեր որդիներո՛ւն սորվեցուցէք, անոնց մասին խօսելով երբ տունդ նստած ես, երբ ճամբան կը քալես, երբ կը պառկիս կամ կ’ելլես։

20

Զանոնք գրէ՛ տանդ դրանդիներուն վրայ եւ դռներուդ վրայ,

21

որպէսզի այն 6երկրին վրայ, որուն համար Տէրը ձեր հայրերուն երդում ըրաւ՝ անոնց տալու, ձեր օրերն ու ձեր որդիներուն օրերը շատնան՝ երկրի վրայ եղող երկինքի օրերուն նման։

22

Արդարեւ եթէ այս ձեզի հրամայած բոլոր պատուիրաններս զգուշութեամբ պահէք եւ գործադրէք, Տէրը՝ ձեր Աստուածը սիրելով, անոր բոլոր ճամբաներէն ընթանալով ու անոր յարելով,

23

Տէրն ալ այս բոլոր ազգերը ձեր առջեւէն պիտի վտարէ, եւ դուք ձեզմէ մեծ ու հզօր ազգերու պիտի տիրանաք։

24

Ձեր ոտքի ներբանին կոխած ամէն տեղը՝ ձերը պիտի ըլլայ. ձեր հողամասը անապատէն ու Լիբանանէն, գետէն՝ այսինքն Եփրատ գետէն մինչեւ 7արեւմտեան ծովը պիտի ըլլայ։

25

Ո՛չ մէկը պիտի կարենայ ձեր առջեւ կայնիլ. Տէրը՝ ձեր Աստուածը ձեր կոխած ամբողջ երկրին վրայ ձեր երկիւղը եւ արհաւիրքը պիտի 8բերէ, ինչպէս ձեզի ըսաւ»։


ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՆ ՈՒ ԱՆԷԾՔՆԵՐԸ

26

«Ահա՛ այսօր ձեր առջեւ օրհնութիւն եւ անէծք կը դնեմ.

27

օրհնութիւն՝ եթէ հնազանդիք Տէրոջ՝ ձեր Աստուծոյն պատուիրաններուն, որ այսօր ձեզի կը հրամայեմ,

28

իսկ անէծք՝ եթէ Տէրոջ՝ ձեր Աստուծոյն պատուիրաններուն չհնազանդիք, ու շեղիք այն ճամբայէն՝ որ այսօր ձեզի կը պատուիրեմ, ուրիշ աստուածներու հետեւելու համար՝ որ ճանչցած չէք։

29

Ուստի երբ Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ քեզ տարած ըլլայ այն երկիրը, ուր կը մտնես անոր տիրանալու համար, օրհնութիւնը Գարիզի՛ն լերան վրայ դիր, եւ անէծքը՝ Գեբաղ լերան վրայ։

30

(Միթէ ասոնք Յորդանանի միւս կողմը, արեւմտեան ճամբային վրայ, Մորէի կաղնիներուն մօտ, Գաղգաղայի դիմացի դաշտին մէջ բնակող Քանանացիներու երկրին մէջ չե՞ն։)

31

Որովհետեւ դուք Յորդանանէն պիտի անցնիք, որպէսզի մտնէք այն երկիրը, որ Տէրը՝ ձեր Աստուածը ձեզի կու տայ՝ անոր տիրանալու համար. անոր պիտի տիրանաք եւ անոր մէջ պիտի բնակիք։

32

Ուրեմն զգուշութեա՛մբ գործադրեցէք այն բոլոր կանոններն ու դատավճիռները, որ այսօր ձեր առջեւ կը դնեմ»։



1 Կամ՝ սովորութիւններն
2 Եբր.՝ յորդիլ տուաւ
3 Եբր.՝ իրենց ոտքին եղող բոլոր արարածներով
4 Եբր.՝ ետեւէն կը փնտռէ
5 Եբր.՝ չըլլայ
6 Եբր.՝ հողին
7 Եբր.՝ ետեւի
8 Եբր.՝ դնէ