Loading...

Deuteronomy 12

Numbers  «  Deuteronomy 11  ‹  Deuteronomy 12  ›  Deuteronomy 13  »  Joshua


ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ԸՆՏՐՈՒԱԾ ՏԵՂԸ

1

«Ահա՛ւասիկ այն կանոններն ու 1դատավճիռները, որ դուք զգուշութեամբ պիտի գործադրէք այն երկրին մէջ, որ Տէրը՝ ձեր հայրերուն Աստուածը ձեզի պիտի տայ՝ անոր տիրանալու համար, երկրագունդի վրայ ձեր ապրած բոլոր օրերուն մէջ։

2

Բոլո՛րովին կործանեցէք այն բոլոր տեղերը, ուր այն ազգերը՝ որոնց պիտի տիրանաք՝ իրենց աստուածները պաշտեր են բարձր լեռներու վրայ, բլուրներու վրայ եւ ամէն կանաչազարդ ծառի տակ։

3

Նաեւ անոնց բագինները փլցուցէ՛ք, արձանները կոտրտեցէ՛ք, աստարովթները կրակո՛վ այրեցէք, աստուածներուն 2կուռքերը փշրեցէ՛ք եւ անոնց անունները այդ տեղէն ջնջեցէ՛ք։

4

«Իսկ Տէրոջ՝ ձեր Աստուծոյն այսպէս մի՛ ընէք։

5

Հապա փնտռեցէ՛ք այն տեղը, որ Տէրը՝ ձեր Աստուածը ձեր բոլոր տոհմերուն մէջէն պիտի ընտրէ՝ հոն իր անունը դնելու եւ բնակելու համար, ու հո՛ն գացէք.

6

ձեր ողջակէզները, զոհերը, տասանորդները, 3ձեր բարձրացնելիք ընծաները, ձեր ուխտերուն ընծաները, յօժարակամ ընծաները, եւ ձեր արջառներուն ու ոչխարներուն առջինեկները հո՛ն տարէք,

7

հո՛ն կերէք Տէրոջ՝ ձեր Աստուծոյն առջեւ, դուք ու ձեր ընտանիքները, եւ ուրախացէ՛ք ձեր բոլոր ձեռնարկներուն համար, որոնց մէջ Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ քեզ օրհնած է։

8

Մի՛ ընէք այնպէս՝ ինչպէս մենք այսօր հոս կ’ընենք, այսինքն ամէն մարդ՝ իր աչքերուն ուղիղ եղածին համաձայն.

9

արդարեւ մինչեւ հիմա հասած չէք այն 4հանգստավայրին ու ժառանգութեան, որ Տէրը՝ ձեր Աստուածը ձեզի կու տայ։

10

Բայց դուք Յորդանանէն պիտի անցնիք եւ պիտի բնակիք այն երկրին մէջ, որ Տէրը՝ ձեր Աստուածը ձեզի ժառանգել կու տայ, ու ձեր բոլոր շրջակայ թշնամիներէն ձեզ պիտի հանգստացնէ, եւ ապահովութեամբ պիտի բնակիք։

11

Այն ատեն Տէրը՝ ձեր Աստուածը տեղ մը պիտի ընտրէ՝ իր անունին բնակութեան համար. հո՛ն տարէք բոլոր ձեզի պատուիրածներս.— ձեր ողջակէզները, զոհերը, տասանորդները, ձեր բարձրացնելիք ընծաներն ու բոլոր ուխտերուն ընտիր ընծաները, որ Տէրոջ պիտի 5նուիրէք,

12

եւ ուրախացէ՛ք Տէրոջ՝ ձեր Աստուծոյն առջեւ, թէ՛ դուք, թէ՛ ձեր որդիներն ու աղջիկները, ձեր ծառաներն ու աղախինները, եւ թէ ձեր 6քաղաքներուն մէջ եղող Ղեւտացին, որովհետեւ ան ո՛չ բաժին, ո՛չ ալ ժառանգութիւն ունի ձեզի հետ։

13

Զգուշացի՛ր դուն քեզի, որ ողջակէզներդ չմատուցանես ամէն տեսած տեղդ.

14

Այլ ողջակէզներդ ա՛յն տեղը մատուցանէ, որ Տէրը քու տոհմերէդ մէկուն մէջ պիտի ընտրէ. հո՛ն գործադրէ ամէն ինչ որ քեզի կը պատուիրեմ։

15

Սակայն բոլոր քաղաքներուդ մէջ՝ 7սիրտիդ ամբողջ փափաքին համաձայն անասուննե՛ր մորթէ եւ անոնց մի՛սը կեր, Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ քեզի տուած օրհնութեան համեմատ. զայն անմաքուր մարդը եւ մաքուր մարդը թող ուտեն՝ այծեամի ու եղջերուի պէս։

16

Միայն թէ արիւնը մի՛ ուտէք. զայն ջուրի՛ պէս գետին թափեցէք։

17

Քու քաղաքներուդ մէջ չես կրնար ուտել ցորենիդ, քաղցուիդ եւ իւղիդ տասանորդները, արջառներուդ ու ոչխարներուդ առջինեկները, բոլոր ուխտած 8ընծաներդ եւ յօժարակամ ու բարձրացնելիք ընծաներդ.

18

այլ զանոնք Տէրոջ՝ քու Աստուծո՛յդ առջեւ կեր, Տէրոջ՝ Աստուծոյդ ընտրած տեղը, թէ՛ դուն, թէ՛ որդիդ ու աղջիկդ, թէ՛ ծառադ ու աղախինդ, եւ թէ քաղաքներուդ մէջ եղող Ղեւտացին, ու Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ առջեւ ուրախացի՛ր քու բոլոր ձեռնարկներուդ համար։

19

Զգուշացի՛ր դուն քեզի, որ Ղեւտացին չլքես, որքան ժամանակ որ ապրիս 9երկրիդ վրայ։

20

Երբ Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ հողամասդ ընդարձակէ, ինչպէս քեզի խոստացաւ, եւ ըսես. “Միս ուտեմ”, քանի որ 10սիրտդ կը փափաքի միս ուտել, 11սիրտիդ ամբողջ փափաքին համաձայն մի՛ս կեր։

21

Եթէ քեզմէ հեռու ըլլայ այն տեղը, որ Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ պիտի ընտրէ իր անունը հոն դնելու համար, քեզի պատուիրածիս համաձայն մորթէ՛ քու արջառներէդ ու ոչխարներէդ՝ որ Տէրը քեզի պիտի տայ, եւ 12սիրտիդ ամբողջ փափաքին համաձայն կե՛ր քաղաքներուդ մէջ։

22

Ի՛նչպէս այծեամն ու եղջերուն կ’ուտուին, ա՛յնպէս կեր զանոնք։ Անմաքուր եղողը եւ մաքուր եղող ը հաւասարապէս թող ուտեն։

23

Միայն թէ 13զգուշացի՛ր՝ որ արիւնը չուտես, որովհետեւ արիւնը՝ 14կեանքն է. ուստի 15կեանքը միսին հետ մի՛ ուտեր։

24

Զայն մի՛ ուտեր, այլ ջուրի պէս գետի՛նը թափէ։

25

Զայն մի՛ ուտեր, որպէսզի բարիք ըլլայ քեզի ու քեզմէ ետք՝ քու որդիներուդ, ընելով ինչ որ Տէրոջ 16առջեւ ուղիղ է։

26

Միա՛յն քու սուրբ բաներդ եւ ուխտերուդ ընծաները ա՛ռ ու Տէրոջ ընտրած տեղը գնա՛։

27

Քու ողջակէզներդ, միսն ու արիւնը, Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ զոհասեղանին վրայ մատուցանէ՛. իսկ զոհերուդ արիւնը Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ զոհասեղանին վրայ թափէ՛, եւ միսը կե՛ր։

28

Ուշադրութեա՛մբ մտիկ ըրէ այս բոլոր խօսքերը՝ որ քեզի պատուիրեցի, որպէսզի յաւիտեան բարիք ըլլայ քեզի ու քեզմէ ետք՝ քու որդիներուդ, ընելով ինչ որ Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ առջեւ բարի եւ ուղիղ է»։


ԿՌԱՊԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ

29

«Երբ Տէրը, քու Աստուածդ, առջեւէդ կոտորէ այն ազգերը՝ որոնց կ’երթաս զանոնք վտարելու համար, ու դուն զանոնք վտարելով՝ անոնց երկրին մէջ բնակիս,

30

զգուշացի՛ր դուն քեզի, որ որոգայթի մէջ չիյնաս՝ անոնց հետեւելով — անոնց քու առջեւէդ բնաջնջուելէն ետք —, եւ անոնց աստուածները չորոնես՝ ըսելով. “Այս ազգերը ի՞նչպէս կը պաշտէին իրենց աստուածները. ե՛ս ալ այնպէս ընեմ”։

31

Դուն այդպէս մի՛ ըներ Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ, որովհետեւ անոնք իրենց աստուածներուն կ’ընէին ամէն ինչ որ Տէրոջ առջեւ գարշելի է, ինչ որ ան կ’ատէ. արդարեւ անոնք մինչեւ անգամ իրենց որդիներն ու աղջիկները կրակին մէջ կ’այրէին՝ իրենց աստուածները պատուելու համար։

32

Ինչ որ քեզի կը պատուիրեմ՝ զգուշութեա՛մբ գործադրէ. անոր վրայ ոչի՛նչ աւելցուր, եւ անկէ ոչի՛նչ պակսեցուր»։



1 Կամ՝ սովորութիւնները
2 Եբր.՝ քանդակուած պատկերները
3 Եբր.՝ ձեր ձեռքին
4 Եբր.՝ հանգստութեան
5 Եբր.՝ ուխտէք
6 Եբր.՝ դռներուն
7 Եբր.՝ անձիդ
8 Եբր.՝ ուխտերդ
9 Եբր.՝ գետինիդ
10 Եբր.՝ անձդ
11 Եբր.՝ անձիդ
12 Եբր.՝ անձիդ
13 Եբր.՝ հաստա՛տ կեցիր
14 Եբր.՝ շունչը
15 Եբր.՝ շունչը
16 Եբր.՝ աչքերուն