Loading...

Deuteronomy 13

Numbers  «  Deuteronomy 12  ‹  Deuteronomy 13  ›  Deuteronomy 14  »  Joshua


ՊԱՏԻԺ՝ ԿՌԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆԸ ՅՈՐԴՈՐՈՂՆԵՐՈՒՆ

1

«Եթէ ձեր մէջէն մարգարէ մը կամ երազատես մը ելլէ, ձեզի նշան մը կամ հրաշք մը տայ,

2

եւ նշանը կամ հրաշքը իրագործուի, որուն մասին ձեզի խօսած էր՝ երբ կ’ըսէր. “Հետեւ՛ինք ուրիշ աստուածներու — որ ճանչցած չէք — ու զանո՛նք պաշտենք”,

3

այդ մարգարէին կամ երազատեսին խօսքը մտիկ մի՛ ընէք. քանի որ Տէրը՝ ձեր Աստուածը ձեզ կը փորձարկէ, որպէսզի հասկնայ թէ արդեօք դուք Տէրը՝ ձեր Աստուածը ձեր ամբողջ սիրտով եւ ձեր ամբողջ անձով կը սիրէ՛ք։

4

Տէրո՛ջ՝ ձեր Աստուծոյն հետեւեցէք ու անկէ՛ վախցէք, անո՛ր պատուիրանները պահեցէք, անո՛ր խօսքը մտիկ ըրէք, զա՛յն պաշտեցէք եւ անո՛ր յարեցէք։

5

Իսկ այդ մարգարէն կամ երազատեսը պիտի մեռցուի, որովհետեւ ձեզ Եգիպտոսի երկրէն հանող ու ձեզ ստրկութեան տունէն ազատող Տէրոջ՝ ձեր Աստուծոյն դէմ ապստամբութեան մասին խօսեցաւ, որպէսզի ձեզ դուրս մղէ այն ճամբայէն, որ Տէրը՝ ձեր Աստուածը ձեզի պատուիրեց, որպէսզի անոր մէջէն ընթանաք։ Այսպէս՝ չարութիւնը քու մէջէդ բնաջնջէ՛։

6

Եթէ քու եղբայրդ՝ մօրդ որդին, կամ քու որդիդ, կամ աղջիկդ, կամ ծոցիդ կինը, եւ կամ բարեկամդ՝ որ քու անձիդ պէս կը սիրես, քեզ ծածկաբար դրդէ՝ ըսելով. “Երթա՛նք եւ ուրի՛շ աստուածներ պաշտենք”,— որ ո՛չ դուն ճանչցար, ո՛չ ալ քու հայրերդ՝

7

ձեր շրջակայ ժողովուրդներուն աստուածներէն, քեզի մօտ ըլլան թէ քեզմէ հեռու, երկրի մէկ ծայրէն մինչեւ միւս ծայրը,—

8

անոր հաւանութիւն մի՛ տար, ո՛չ ալ անոր մտիկ ըրէ։ Աչքդ անոր վրայ թող չխղճայ, անոր մի՛ խնայեր ու զայն մի՛ ծածկեր,

9

այլ անշո՛ւշտ մեռցուր։ Զայն մեռցնելու համար նախ քու ձեռքդ անոր վրայ թող ըլլայ, եւ յետոյ՝ ամբողջ ժողովուրդին ձեռքը։

10

1Քարկոծէ՛ զայն՝ որպէսզի մեռնի, քանի որ 2ուզեց քեզ հեռու մղել Տէրոջմէն՝ քու Աստուծմէդ, որ քեզ Եգիպտոսի երկրէն՝ ստրկութեան տունէն հանեց։

11

Ամբողջ Իսրայէլը լսելով թող վախնայ, որ անգա՛մ մըն ալ այսպիսի չարիք մը չգործէ ձեր մէջ։

12

Եթէ բնակութեան համար Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ քեզի տուած քաղաքներէն մէկուն մասին լսես թէ կ’ըսեն.

13

“Ձեր մէջէն քանի մը 3անօրէն մարդիկ ելան ու իրենց քաղաքին բնակիչները ապստամբութեան մղեցին՝ ըսելով. "Երթա՛նք եւ ուրի՛շ աստուածներ պաշտենք"” — որ ճանչցած չէք —,

14

որոնէ՛, պրպտէ՛, լա՛ւ հարցուփորձէ. երբ 4տեսնես թէ՝՝ ըսուածը ճշմարիտ ու բանը ստոյգ է, եւ ձեր մէջ այսպիսի գարշութիւն մը գործուած է,

15

այդ քաղաքին բնակիչները անշո՛ւշտ սուրի բերանէ անցուր։ Թէ՛ զայն եւ թէ անոր մէջ եղող ամէ՛ն ինչ նզովէ. անասուննե՛րն ալ սուրի բերանէ անցուր։

16

Անոր ամբողջ աւարը՝ անոր հրապարակին մէջտե՛ղը ժողվէ, եւ այդ քաղաքն ու անոր ամբողջ աւարը Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ համար ամբո՛ղջովին կրակով այրէ. ան յաւիտեան փլատակ թող ըլլայ, դարձեալ թող չկառուցանուի։

17

Այդ նզովուածէն ոչինչ թող փակչի ձեռքիդ, որպէսզի Տէրը իր 5բորբոքած բարկութիւնը՝՝ կասեցնէ, քեզի ողորմութիւն 6ցոյց տայ՝՝, վրադ գթայ եւ քեզ բազմացնէ, ինչպէս հայրերուդ երդում ըրաւ,

18

եթէ Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ խօսքը մտիկ ընելով անոր բոլոր պատուիրանները պահես՝ որ այսօր քեզի կը հրամայեմ, եւ ընես ինչ որ Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ 7առջեւ ուղիղ է»։



1 Եբր.՝ Քարերո՛վ քարկոծէ
2 Եբր.՝ փնտռեց
3 Եբր.՝ Բելիարի որդիներ
4 Եբր.՝ ահա՛
5 Եբր.՝ բարկութեան բորբոքումը
6 Եբր.՝ տայ
7 Եբր.՝ աչքերուն