Loading...

Deuteronomy 14

Numbers  «  Deuteronomy 13  ‹  Deuteronomy 14  ›  Deuteronomy 15  »  Joshua


ՍՈՒԳԻ ՑՈՅՑԻ ԴԷՄ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ

1

«Դուք Տէրոջ՝ ձեր Աստուծոյն որդիներն էք. մեռելի համար դուք ձեզ մի՛ կտրատէք, եւ ձեր աչքերուն մէջտեղ մի՛ կնտէք։

2

Արդարեւ դուն Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ սուրբ ժողովուրդն ես. Տէրը երկրագունդի վրայ եղած բոլոր ժողովուրդներուն մէջէն քե՛զ ընտրեց, որպէսզի իրեն սեփական ժողովուրդ ըլլաս»։


ՄԱՔՈՒՐ ԵՒ ԱՆՄԱՔՈՒՐ ԿԵՆԴԱՆԻՆԵՐ (Ղեւ. 11. 1-47)

3

«Ո՛չ մէկ գարշելի բան կեր։

4

Ահա՛ւասիկ ձեր ուտելիք անասունները.— արջառը, ոչխարն ու այծը,

5

եղջերուն, այծեամը, վիթը, 1խարբուզը, այծքաղը, յամոյրը եւ 2անալութը։

6

Անասուններէն բոլոր կճղակաբաշխ — այսինքն՝ կճղակը երկուքի բաժնուած — ու որոճացող անասունները կերէ՛ք։

7

Բայց որոճացողներէն կամ կճղակաբաշխներէն հետեւեալները մի՛ ուտէք.— ուղտը, նապաստակն ու ճագարը, որովհետեւ կ’որոճան, բայց կճղակաբաշխ չեն. անոնք ձեզի անմաքուր ըլլան.

8

նաեւ խոզը, քանի որ կճղակաբաշխ է, բայց չ’որոճար. ան ձեզի անմաքուր ըլլայ։ Անոնց միսէն մի՛ ուտէք եւ անոնց դիակներուն մի՛ դպչիք։

9

Ջուրերուն մէջ բոլոր եղողներէն հետեւեալնե՛րը կերէք.— ամէն թեւ ու թեփ ունեցող կերէ՛ք,

10

իսկ թեւ ու թեփ չունեցողը մի՛ ուտէք, ան ձեզի անմաքուր ըլլայ։

11

Ամէն մաքուր թռչնազգի կերէ՛ք։

12

Բայց հետեւեալ թռչնազգիները մի՛ ուտէք.— արծիւը, 3պասկուճը, գետարծիւը,

13

ցինը, անգղը, ուրուրը՝ իր տեսակներով,

14

ագռաւը՝ իր բոլոր տեսակներով,

15

ջայլամը, բուն, կկուն, բազէն՝ իր տեսակներով,

16

հաւպատիրը, քաջահաւը, կարապը,

17

հաւալուսնը, սեւ անգղը, հողամաղը,

18

արագիլը, քարադրը՝ իր տեսակներով, յոպոպը եւ չղջիկը։

19

Բոլոր թռչող զեռունները ձեզի անմաքուր ըլլան. թող չուտուին։

20

Ամէն մաքուր թռչուն կերէ՛ք։

21

Ինքնիրմէ մեռածը բնաւ մի՛ ուտէք։ Զայն քաղաքներուդ մէջ եղող գաղթականի՛ն տուր՝ որպէսզի ուտէ, կամ օտարազգիի՛ մը ծախէ. քանի որ դուն Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ սուրբ ժողովուրդն ես։ Ուլը իր մօր կաթին մէջ մի՛ եփեր»։


ՏԱՍԱՆՈՐԴԻՆ ՕՐԷՆՔԸ

22

«4Ամէն տարի՝՝ քու ցանած սերմիդ արդիւնքէն — արտին արտադրած բոլոր բերքերէն — ա՛նպատճառ տասանորդ տուր։

23

Քու ցորենիդ, քաղցուիդ ու իւղիդ տասանորդը, եւ արջառներուդ ու ոչխարներուդ առջինեկները Տէրոջ՝ քու Աստուծո՛յդ առջեւ կեր, այն տեղը որ ինք պիտի ընտրէ՝ իր անունը հոն բնակեցնելու համար. որպէսզի ամէն օր Տէրոջմէն՝ քու Աստուծմէդ վախնալ սորվիս։

24

Եթէ Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ քեզ օրհնէ, սակայն չկարենաս զանոնք հոն փոխադրել՝ քանի որ ճամբան քեզի համար երկայն է, եւ այն տեղը՝ որ Տէրը, քու Աստուածդ, պիտի ընտրէ իր անունը հոն դնելու համար՝ քեզմէ հեռու է,

25

տո՛ւր զանոնք դրամի փոխարէն, ու դրամը ձեռքիդ մէջ սեղմելով գնա՛ Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ՝ ընտրելիք տեղը։

26

Այդ դրամը տո՛ւր 5սիրտիդ բոլոր փափաքածներուն փոխարէն — արջառներու, ոչխարներու, գինիի կամ օղիի, եւ 6սիրտիդ բոլոր խնդրածներուն —, ու հո՛ն կեր Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ առջեւ, եւ ուրախացի՛ր, դուն ու քու ընտանիքդ։

27

Իսկ քաղաքներուդ մէջ եղող Ղեւտացին մի՛ լքեր, որովհետեւ ան քեզի հետ բաժին եւ ժառանգութիւն չունի։

28

Ամէն երեք տարուան վախճանին՝ այդ նոյն տարուան բերքիդ ամբո՛ղջ տասանորդը հանէ ու զայն քաղաքներուդ մէջ պահեստի՛ դիր.

29

որպէսզի երբ Ղեւտացին (որ քեզի հետ բաժին ու ժառանգութիւն չունի), եւ քաղաքներուդ մէջ եղող գաղթականը, որբն ու այրին գան, ուտեն եւ կշտանան, Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ քեզ օրհնէ ձեռքիդ կատարած բոլոր գործերուն մէջ»։



1 Այծեամի տեսակ
2 Ընձուղտ
3 Վայրի թռչուն
4 Եբր.՝ Տարիէ տարի
5 Եբր.՝ անձիդ
6 Եբր.՝ անձիդ