Loading...

Deuteronomy 15

Numbers  «  Deuteronomy 14  ‹  Deuteronomy 15  ›  Deuteronomy 16  »  Joshua


ԵՕԹՆԵՐՈՐԴ ՏԱՐԻՆ (Ղեւ. 25. 1-7)

1

«Ամէն եօթը տարուան վախճանին՝ թողութի՛ւն ըրէ։

2

Ահա՛ւասիկ թողութեան կերպը.— ամէն պարտատէր որ իր ընկերին բան մը փոխ տուած է, զայն պիտի թողու. իր ընկերէն կամ եղբօրմէն պիտի չպահանջէ զայն, որովհետեւ Տէրոջ թողութիւնը յայտարարուած է։

3

Օտարազգիէն պիտի պահանջես, բայց ձեռքդ պիտի թողու ինչ որ քուկդ է եղբօրդ մօտ,

4

1մինչեւ որ քու քովդ աղքատ չըլլայ. որովհետեւ Տէրը անշուշտ քեզ պիտի օրհնէ այն երկրին մէջ՝ որ Տէրը, քու Աստուածդ, քեզի կու տայ իբր ժառանգութիւն՝ որպէսզի անոր տիրանաս.

5

միայն թէ Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ խօսքը ուշադրութեա՛մբ մտիկ ըրէ, եւ այս բոլոր պատուիրանները՝ որ այսօր քեզի կը հրամայեմ՝ զգուշութեա՛մբ գործադրէ։

6

Արդարեւ Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ քեզ պիտի օրհնէ, ինչպէս քեզի խոստացաւ, ու դուն շատ ազգերու փոխ պիտի տաս բայց դուն փոխ պիտի չառնես, եւ շատ ազգերու վրայ պիտի 2տիրես բայց անոնք քու վրադ պիտի չտիրեն։

7

Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ քեզի տուած երկրին մէջ, քաղաքներէդ որեւէ մէկուն մէջ, եթէ եղբայրներէդ մէկը աղքատ ըլլայ քու քովդ, սիրտդ մի՛ կարծրացներ ու ձեռքդ մի՛ գոցեր աղքատ եղբօրդ.

8

հապա ձեռքդ անոր 3լա՛յն բաց՝՝, եւ անոր փո՛խ տուր՝ իր ունեցած կարօտութեան բաւելու չափ։

9

Զգուշացի՛ր որ սիրտիդ մէջ 4անօրէն խորհուրդ մը չունենաս ու չըսես. “Եօթներորդ տարին՝ թողութեան տարին՝ մօտ է”, եւ աղքատ եղբօրդ վրայ 5անգութ աչքով նայելով՝՝ անոր փոխ չտաս. որպէսզի քեզի դէմ Տէրոջ չգոչէ, ու 6մեղաւոր չըլլաս՝՝։

10

Առատաձեռնութեա՛մբ անոր տուր, եւ անոր տալու ատենդ սիրտդ թող չդժգոհի. որովհետեւ Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ այս պատճառով բոլոր գործերուդ ու ձեռնարկներուդ մէջ քեզ պիտի օրհնէ։

11

Քանի երկրին մէջէն աղքատ պիտի չպակսի, քեզի պատուիրեմ. “Քու երկրիդ մէջ եղող եղբօրդ, դժբախտիդ եւ աղքատիդ լա՛յն բաց ձեռքդ”»։


ՎԵՐԱԲԵՐՈՒՄ ՍՏՐՈՒԿՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԷՊ (Ելք. 21. 1-11)

12

«Եթէ քու եղբայրներէդ եբրայեցի մարդ մը կամ կին մը քեզի ծախուի, ան վեց տարի քեզի ստրուկ թող ըլլայ, իսկ եօթներորդ տարին զայն քովէդ ազա՛տ արձակէ։

13

Երբ զայն քովէդ ազատ արձակես, պարապ ձեռքով մի՛ ուղարկեր.

14

ոչխարներէդ, կալէդ եւ հնձանէդ 7առատաձեռնութեա՛մբ պարգեւ մը տուր անոր՝՝։ Ինչ բանով որ Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ քեզ օրհնեց, անկէ՛ տուր անոր։

15

Յիշէ՛ թէ դուն ալ Եգիպտոսի երկրին մէջ ստրուկ էիր, բայց Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ քեզ անկէ ազատեց. այս պատճառով այսօր քեզի կը հրամայեմ այս պատուիրանը։

16

Իսկ եթէ քեզի ըսէ. “Քովէդ չեմ ելլեր”, քանի որ քեզ եւ քու տունդ կը սիրէ ու քովդ 8գոհ է,

17

հերի՛ւն մը առ, անոր ակա՛նջը ծակէ դրան վրայ, եւ ան միշտ ստրուկ թող ըլլայ քեզի. աղախինիդ ալ նո՛յնպէս ըրէ։

18

Թող դժուար չերեւնայ քեզի զայն քովէդ ազատ արձակել, որովհետեւ վեց տարի ծառայելով քեզի՝ վարձկանի մը վարձքին կրկնապատիկը շահիլ տուաւ քեզի. ու Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ բոլոր գործերուդ մէջ քեզ պիտի օրհնէ»։


ԱՐՋԱՌԻՆ ԵՒ ՈՉԽԱՐԻՆ ԱՌՋԻՆԵԿԸ

19

«Քու արջառներէդ եւ ոչխարներէդ ծնած ամէ՛ն արու առջինեկ Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ 9ընծայէ։ Արջառիդ առջինեկով մի՛ գործեր ու ոչխարիդ առջինեկը մի՛ խուզեր։

20

Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ առջեւ կե՛ր զայն ամէն տարի, դուն եւ ընտանիքդ, Տէրոջ ընտրած տեղը։

21

Բայց եթէ արատաւոր, կաղ կամ կոյր ըլլայ, կամ որեւէ գէշ արատ ունենայ, զայն Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ մի՛ զոհեր.

22

զայն քաղաքներո՛ւդ մէջ կեր։ Անմաքուր եղողը եւ մաքուր եղողը հաւասարապէս թող ուտեն՝ այծեամի ու եղջերուի պէս։

23

Միայն թէ անոր արիւնը մի՛ ուտեր, այլ ջուրի պէս գետի՛նը թափէ զայն»։



1 Կամ՝ այնպէս
2 Եբր.՝ կառավարես
3 Եբր.՝ բա՛ց
4 Եբր.՝ Բելիարի
5 Եբր.՝ աչքդ չարանալով
6 Եբր.՝ վրադ մեղք չըլլայ
7 Եբր.՝ վզնո՛ց մը անցուր անոր վիզը
8 Եբր.՝ լաւ
9 Եբր.՝ սրբացուր