Deuteronomy 16
Numbers « Deuteronomy 15 ‹ Deuteronomy 16 › Deuteronomy 17 » Joshua
ԶԱՏԻԿԸ (Ելք. 12. 1-20)
1«Ապիպ ամսուան ուշադի՛ր եղիր, որպէսզի Զատիկը կատարես Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ. որովհետեւ Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ Ապիպ ամսուան մէջ հանեց քեզ Եգիպտոսէն՝ գիշերը։
2Զատիկին համար ոչխարներէ՛ն եւ արջառներէ՛ն զոհէ Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ, այն տեղը՝ որ Տէրը պիտի ընտրէ, իր անունը հոն բնակեցնելու համար։
3Անոր հետ խմորեալ հաց մի՛ ուտեր. եօթը օր անոր հետ բաղա՛րջ կեր,— այսինքն՝ տառապանքի հաց, որովհետեւ Եգիպտոսի երկրէն աճապարանքով ելար —, որպէսզի կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ յիշես Եգիպտոսի երկրէն ելած օրդ։
4Քու ամբողջ հողամասիդ մէջ՝ եօթը օր բնաւ թթխմոր թող չտեսնուի քովդ, եւ առաջին իրիկունը զոհած միսէդ ոչինչ թող 1մնայ մինչեւ առտու։
5Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ քեզի տուած քաղաքներէդ որեւէ մէկուն մէջ չես կրնար զատիկը զոհել.
6հապա միայն այն տեղը, որ Տէրը՝ քու Աստուածդ պիտի ընտրէ, իր անունը հոն բնակեցնելու համար։ Հո՛ն զոհէ զատիկը, իրիկուան դէմ՝ երբ արեւը մայր մտնէ, Եգիպտոսէն ելած ատենդ։
7Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ ընտրած տեղը զայն եփէ՛ ու կեր՛, եւ առտուն վերադարձի՛ր, 2տո՛ւնդ գնա։
8Վե՛ց օր բաղարջ կեր, ու եօթներորդ օրը Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ համար տօնախմբութիւն ըլլայ. ո՛չ մէկ գործ ըրէ»։
ՀՈՒՆՁՔԻ ՏՕՆԸ (Ելք. 34. 22։ Ղեւ. 23. 15-21)
9«Եօ՛թը շաբաթ հաշուէ դուն քեզի. այս եօթը շաբաթները սկսէ՛ հաշուել այն ատենէն՝ երբ սկսիս մանգաղով հասուն ցորենը հնձել,
10յետոյ Շաբաթներու տօ՛նը կատարէ Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ, եւ ձեռքիդ յօժարակամ ընծային հա՛րկը տուր, Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ քեզի տուած օրհնութեան համեմատ։
11Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ առջեւ ուրախացէ՛ք, դուն, որդիդ ու աղջիկդ, ծառադ եւ աղախինդ, քաղաքներուդ մէջ եղող Ղեւտացին, ու ձեր մէջ եղող գաղթականը, որբը եւ այրին, այն տեղը որ Տէրը՝ քու Աստուածդ պիտի ընտրէ, իր անունը հոն բնակեցնելու համար։
12Եգիպտոսի մէջ ստրուկ ըլլալդ յիշելով՝ այս կանոնները պահէ՛ ու գործադրէ՛»։
ՏԱՂԱՒԱՐՆԵՐՈՒ ՏՕՆԸ (Ղեւ. 23. 33-43)
13«Քու կալիդ ու հնձանիդ բերքը ժողվելէդ ետք՝ եօ՛թը օր Տաղաւարներու տօնը կատարէ։
14Տօնիդ մէջ ուրախացէ՛ք, դո՛ւն, որդիդ եւ աղջիկդ, ծառադ ու աղախինդ, քաղաքներուդ մէջ եղող Ղեւտացին, գաղթականը, որբը եւ այրին։
15Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ եօ՛թը օր տօն կատարէ՝ Տէրոջ ընտրած տեղը, որովհետեւ Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ բոլոր բերքերդ ու ձեռքերուդ բոլոր գործերը պիտի օրհնէ, եւ դուն ի՛րապէս պիտի ուրախանաս։
16Տարին երեք անգամ, այսինքն Բաղարջակերքի տօնին, Շաբաթներու տօնին ու Տաղաւարներու տօնին, քու բոլոր արուներդ Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ առջեւ թող երեւնան, այն տեղը՝ որ ինք պիտի ընտրէ։ Տէրոջ առջեւ պարապ ձեռքով թող չերեւնան.
17իւրաքանչիւրը ձեռքին պարգեւին չափ թող բերէ, Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ քեզի տուած օրհնութեան համեմատ»։
ԴԱՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԿԱՐԳԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
18«Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ քեզի տուած բոլոր քաղաքներուն մէջ՝ քու տոհմերուդ համեմատ դատաւորնե՛ր եւ ոստիկաննե՛ր կարգէ դուն քեզի, որպէսզի ժողովուրդը դատեն արդար դատաստանով։
19Իրաւունքը մի՛ ծռեր, աչառութիւն մի՛ ըներ ու կաշառք մի՛ ստանար. որովհետեւ կաշառքը իմաստուններուն աչքը կը կուրցնէ եւ արդարներուն խօսքերը կ’եղծանէ։
20Արդարութեան, միա՛յն արդարութեան հետամուտ եղիր, որպէսզի ապրիս եւ տիրանաս այն երկրին, որ Տէրը՝ քու Աստուածդ քեզի կու տայ։
21Ո՛չ մէկ 3փայտէ աստարովթ տնկէ դուն քեզի Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ զոհասեղանին քով, որ պիտի շինես դուն քեզի։
22Արձա՛ն ալ մի՛ կանգնեցներ դուն քեզի, ինչ որ Տէրը՝ քու Աստուածդ կ’ատէ»։