Deuteronomy 17
Numbers « Deuteronomy 16 ‹ Deuteronomy 17 › Deuteronomy 18 » Joshua
1
«Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ մի՛ զոհեր արատ կամ որեւէ 1թերութիւն ունեցող արջառ մը կամ ոչխար մը, որովհետեւ ասիկա Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ առջեւ գարշելի է։
2Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ քեզի տուած քաղաքներէն մէկուն մէջ, եթէ գտնուի ձեր մէջ այնպիսի մարդ մը կամ կին մը, որ Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ 2առջեւ չարիք գործէ՝ անոր ուխտը անտեսելով,
3ու երթայ եւ ուրիշ աստուածներ պաշտէ — արեւը, կամ լուսինը, կամ երկինքի 3զարդերէն որեւէ մէկը — ու անոնց երկրպագէ,— ինչ որ ես չեմ պատուիրեր,—
4երբ ասիկա քեզի պատմուի, դուն՝ լսելէդ ետք՝ լա՛ւ որոնէ. 4եթէ ըսուածը ճշմարիտ եւ բանը ստոյգ է, այսինքն՝ Իսրայէլի մէջ այսպիսի գարշութիւն մը գործուած է,
5այս չար արարքը գործող մարդը կամ կինը 5քաղաքէդ դուրս՝՝ հանէ՛, ու այդ մարդը կամ կինը 6քարկոծէ՛ ՝ որպէսզի մեռնի։
6Մահապարտը երկու կամ երեք 7վկայութեամբ թող մեռցուի. մէկ վկայութեամբ թող չմեռցուի։
7Զայն մեռցնելու համար՝ նախ վկաներո՛ւն ձեռքը անոր վրայ թող ըլլայ, յետոյ՝ ամբողջ ժողովուրդին ձեռքը։ Այսպէս՝ չարութիւնը քու մէջէդ բնաջնջէ՛։
8Երբ 8ծագած խնդիրի մը դատաստանը խրթին երեւնայ քեզի,— քաղաքներուդ մէջ վէճի պատճառ եղող 9զանազան արիւնահեղութիւններու, դատերու կամ վէրքերու մասին՝՝,— ելի՛ր ու բարձրացի՛ր Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ ընտրած տեղը,
910մօտեցի՛ր Ղեւտացի քահանաներուն եւ այդ օրերու դատաւորին, ու խորհո՛ւրդ հարցուր. անոնք ալ 11դատարանին վճիռը պիտի հաղորդեն քեզի։
10Գործադրէ՛ այն վճիռը՝ որ քեզի պիտի հաղորդեն Տէրոջ ընտրած այդ տեղը. ամէն ինչ որ քեզի սորվեցնեն՝ զգուշութեա՛մբ գործադրէ։
11Գործադրէ՛ անոնց քեզի սորվեցուցած օրէնքին հրամանը եւ քեզի ըսած դատավճիռը. անոնց քեզի հաղորդած վճիռէն մի՛ խոտորիր, ո՛չ աջ կողմ եւ ո՛չ ձախ կողմ։
12Բայց եթէ մարդ մը յանդգնելով մտիկ չընէ Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ պաշտօն կատարելու համար հոն կայնող քահանային կամ դատաւորին խօսքը, այդ մարդը պիտի մեռնի ու չարութիւնը Իսրայէլէն պիտի բնաջնջես,
13որպէսզի ամբողջ ժողովուրդը լսելով վախնայ եւ անգա՛մ մըն ալ յանդուգն չըլլայ»։
ԹԱԳԱՒՈՐԻ ՅԱՏՈՒԿ ՀՐԱՀԱՆԳ
14«Երբ Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ քեզի տուած երկիրը մտնես, անոր տիրանալով հոն բնակիս եւ ըսես. “Իմ շուրջս եղող բոլոր ազգերուն պէս ե՛ս ալ իմ վրաս թագաւոր մը կ’ուզեմ նշանակել”,
15անպատճառ Տէրոջ՝ քու Աստուծո՛յդ ընտրած մարդը վրադ թագաւոր նշանակէ. քու եղբայրներէ՛դ մէկը վրադ թագաւոր նշանակէ. քու եղբայրդ չեղող օտարազգին չես կրնար կարգել։
16Սակայն 12թագաւորը իր ձիերը թող չշատցնէ, ո՛չ ալ ժողովուրդը Եգիպտոս վերադարձնէ՝ շատ ձիեր ունենալու համար. որովհետեւ Տէրը ձեզի ըսաւ. “Ասկէ ետք՝ անգա՛մ մըն ալ այդ ճամբայէն մի՛ վերադառնաք”։
17Նաեւ ան իր կիները թող չշատցնէ, որպէսզի սիրտը չշեղի, ո՛չ ալ չափազանց արծաթ ու ոսկի 13դիզէ իրեն համար։
18Երբ իր թագաւորութեան գահին վրայ բազմի, իրեն համար այս Օրէնքին մէկ օրինակը թող գրէ գիրքի մը մէջ՝ Ղեւտացի քահանաներուն քով եղող գիրքէն։
19Ան իր քով թող ըլլայ, եւ իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ զայն թող կարդայ. որպէսզի Տէրոջմէն՝ իր Աստուծմէն վախնալ սորվի, այս Օրէնքին բոլոր խօսքերն ու այս կանոնները պահելով՝ զանոնք գործադրելու համար.
20որպէսզի իր սիրտը եղբայրներուն վրայ չգոռոզանայ, եւ այս պատուիրաններէն աջ կողմ կամ ձախ կողմ չշեղի. որպէսզի Իսրայէլի մէջ իր թագաւորութեան օրերը երկար ըլլան, թէ՛ իրեն եւ թէ իր որդիներուն համար»։