Deuteronomy 18
Numbers « Deuteronomy 17 ‹ Deuteronomy 18 › Deuteronomy 19 » Joshua
ՔԱՀԱՆԱՆԵՐՈՒՆ ԲԱԺԻՆԸ
1«Ղեւտացի քահանաները, Ղեւիի ամբողջ տոհմը, Իսրայէլի հետ ո՛չ բաժին, ո՛չ ալ ժառանգութիւն պիտի ունենան. Տէրոջ պատարագներէն եւ անոր ժառանգութենէն պիտի ուտեն։
2Անոնք իրենց եղբայրներուն մէջ ժառանգութիւն պիտի չունենան, քանի որ Տէ՛րն է անոնց ժառանգութիւնը, ինչպէս իրենց ըսաւ։
3Ահա՛ւասիկ քահանաներուն իրաւունքը՝ որ պիտի ստանան ժողովուրդէն, անոնցմէ՝ որ զոհ կը մատուցանեն, արջառ ըլլայ թէ ոչխար. թեւը, ծնօտներն ու քաղիրթը քահանային պիտի տան։
4Քու ցորենիդ, քաղցուիդ եւ իւղիդ 1երախայրիքը, նաեւ ոչխարներուդ առաջին 2բուրդը անոր պիտի տաս,
5որովհետեւ Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ բոլոր տոհմերուդ մէջէն զա՛յն ընտրեց, զինք եւ իր որդիները, որպէսզի 3ամէն ատեն՝՝ իր առջեւ կայնի՝ Տէրոջ անունով պաշտօն կատարելու համար։
6Երբ քու քաղաքներէդ որեւէ մէկուն մէջ պանդխտացած Ղեւտացի մը — ամբողջ Իսրայէլէն — երթայ ու իր անձին 4բուռն փափաքով հասնի Տէրոջ ընտրած տեղը,
7Տէրոջ՝ իր Աստուծոյն անունով պաշտօն պիտի կատարէ իր բոլոր Ղեւտացի եղբայրներուն պէս, որ հոն կը կայնին՝ Տէրոջ առջեւ։
8Անոնք ուտելիքի հաւասար բաժիններ պիտի ունենան, իր հօրենական ինչքին 5ծախուելէն՝՝ զատ»։
ԿՌԱՊԱՇՏԱԿԱՆ ՓՈՐՁԵՐՈՒ ԴԷՄ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ
9«Երբ մտնես Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ քեզի տուած երկիրը, մի՛ սորվիր այդ ազգերուն գարշութիւններուն նմանները գործել։
10Ձեր մէջ թող չգտնուի ոեւէ մէկը՝ որ իր որդին կամ աղջիկը կրակէ անցընէ, կամ դիւթութիւն, կամ գուշակութիւն, կամ հմայութիւն, եւ կամ կախարդութիւն ընէ.
11նաեւ թովիչ, կամ վհուկ, կամ նշանագէտ, եւ կամ մեռելահարցուկ թող չգտնուի։
12Արդարեւ ո՛վ որ այս բաները կ’ընէ՝ Տէրոջ առջեւ գարշելի է. այս գարշութիւններո՛ւն պատճառով Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ առջեւէդ կը վտարէ զանոնք։
136Կատարե՛լապէս հետեւէ Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ՝՝.
14որովհետեւ այդ ազգերը՝ որոնց պիտի տիրանաս՝ գուշակներուն եւ դիւթերուն մտիկ կ’ընեն, բայց Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ քեզի չի թոյլատրեր այսպէս ընել»։
ՄԱՐԳԱՐԷ ՄԸ ՂՐԿԵԼՈՒ ԽՈՍՏՈՒՄ
15«Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ 7քու եղբայրներուդ մէջէն՝՝ ինծի նման մարգարէ մը պիտի հանէ քեզի։ Անո՛ր մտիկ ըրէք,
16ինչպէս Քորեբ լեռը՝ համախմբումին օրը, Տէրոջմէն՝ քու Աստուծմէդ խնդրեցիր՝ ըսելով. “Տէրոջ՝ իմ Աստուծոյս ձայնը վերստին չլսեմ ու այս մեծ կրակը անգա՛մ մըն ալ չտեսնեմ, որպէսզի չմեռնիմ”։
17Տէրն ալ ինծի ըսաւ. “Իրենց ըսած խօսքերը շիտակ են։
18Քեզի նման մարգարէ մը պիտի հանեմ անոնց՝ իրենց եղբայրներուն մէջէն, եւ իմ խօսքերս անոր բերանը պիտի դնեմ։ Ամէ՛ն ինչ որ անոր պատուիրեմ՝ անոնց պիտի ըսէ,
19եւ ո՛վ որ մտիկ չընէ խօսքերս՝ որ ան իմ անունովս պիտի ըսէ, իրմէ հաշիւ պիտի պահանջեմ։
20Իսկ եթէ մարգարէ մը յանդգնի իմ անունովս ըսել խօսք մը՝ որ իրեն չեմ պատուիրեր ըսել, կամ ուրիշ աստուածներու անունով խօսի, այդ մարգարէն պիտի մեռնի”։
21Եթէ սիրտիդ մէջ ըսես. “Ի՞նչպէս գիտնանք թէ այդ խօսքը Տէրը չէ ըսեր”,
22երբ մարգարէ մը Տէրոջ անունով խօսի բայց այդ բանը 8չպատահի, ո՛չ ալ իրագործուի, ա՛յդ խօսքն է որ Տէրը չէ ըսեր. մարգարէն յանդգնութեամբ ըսեր է զայն, իրմէ մի՛ վախնար»։