Deuteronomy 19
Numbers « Deuteronomy 18 ‹ Deuteronomy 19 › Deuteronomy 20 » Joshua
ԱՊԱՍՏԱՆԻ ՔԱՂԱՔՆԵՐԸ (Թիւ. 35. 9-34։ Յես. 20. 1-9)
1«Երբ Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ կոտորէ այն ազգերը, որոնց երկիրը Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ քեզի պիտի տայ, ու դուն զանոնք վտարելով՝ անոնց քաղաքներուն եւ տուներուն մէջ բնակիս,
2քեզի երե՛ք քաղաք զատէ երկրիդ մէջտեղը, որ Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ քեզի կու տայ անոր տիրանալու համար։
3Քեզի ճամբա՛յ պատրաստէ, ու Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ քեզի ժառանգութեան համար տուած երկրիդ հողամասը երեքի՛ բաժնէ, որպէսզի ամէն մարդասպան հոն փախչի։
4Ահա՛ւասիկ մարդասպանին հոն փախչելու եւ ողջ մնալու 1կանոնը. ո՛վ որ անգիտակցաբար 2սպաննէ իր ընկերը՝ որ առաջուընէ չէր ատեր,
5— ինչպէս երբ մէկը իր ընկերին հետ անտառը երթայ՝ փայտ կտրելու համար, եւ իր ձեռքով ծառ կտրելու համար տապարը վերցուցած ատեն՝ երկաթը կոթէն խուսափելով ընկերին հանդիպի ու զայն մեռցնէ,— անիկա այդ քաղաքներէն մէկը թող փախչի եւ ողջ մնայ.
6որպէսզի արիւնի վրէժխնդիրը՝ մինչ սիրտը տաքցած է՝ մարդասպանը չհետապնդէ, ճամբան երկայն ըլլալով՝ անոր չհասնի ու զայն 3չմեռցնէ։ Ան մեռնելու արժանի չէ, քանի որ առաջուընէ զայն չէր ատեր.
7ուստի քեզի կը պատուիրեմ. “Քեզի երե՛ք քաղաք զատէ”։
8Երբ Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ հողամասդ ընդարձակէ, ինչպէս հայրերուդ երդում ըրաւ, եւ հայրերուդ խոստացած բոլոր երկիրները քեզի տայ,
9— եթէ պահես ու գործադրես այս բոլոր պատուիրանները՝ որ այսօր քեզի կը հրամայեմ, Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ սիրելով եւ միշտ անոր ճամբաներէն ընթանալով,— այս երեքին վրայ քեզի ուրի՛շ երեք քաղաք ալ աւելցուր.
10որպէսզի երկրիդ մէջ, որ Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ քեզի կու տայ իբր ժառանգութիւն, անմեղ արիւն չթափուի ու 4դուն արիւնի պարտական չըլլաս՝՝։
11Բայց եթէ մարդ մը իր ընկերը ատելով՝ անոր համար դարան մտնէ, եւ անոր դէմ կանգնելով 5զայն զարնէ՝՝ ու ան մեռնի, ապա այդ քաղաքներէն մէկը փախչի,
12իր քաղաքին երէցները մարդ թող ղրկեն, զայն անկէ բերեն եւ արիւնի վրէժխնդիրին ձեռքը մատնեն, որպէսզի մեռնի։
13Աչքդ անոր վրայ թող չխղճայ. անմեղ արիւնը Իսրայէլի մէջէն բնաջնջէ՛, որպէսզի քեզի բարիք ըլլայ»։
ՀԻՆ ԿԱԼՈՒԱԾԻ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐ
14«Մի՛ տեղափոխեր 6դրացիիդ սահմանաքարը՝ որ նախնիքները հաստատած պիտի ըլլան քու 7կալուածիդ մէջ, որ պիտի ժառանգես այն երկրին մէջ՝ որ Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ քեզի կու տայ անոր տիրանալու համար»։
ՎԿԱՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ
15«Մէկ վկայ 8բաւական մի՛ սեպեր՝՝ մարդու մը դէմ՝ որեւէ անօրէնութեան կամ մեղքի համար — անոր գործած որեւէ մեղքին համար. երկու վկաներու 9խօսքով, կամ երեք վկաներու խօսքով թող հաստատուի ամէն բան։
16Եթէ մարդու մը դէմ սուտ վկայ մը կանգնի՝ անոր ապստամբութեան մասին 10վկայելու համար,
17այդ երկու մարդիկը, որոնց միջեւ վէճ կայ, թող կայնին Տէրոջ առջեւ, ու քահանաներուն եւ այդ օրերու դատաւորներուն առջեւ։
18Դատաւորները թող լա՛ւ որոնեն, ու 11եթէ այդ վկան 12սուտ վկայ է եւ իր եղբօր դէմ 13սուտ վկայութիւն տուեր՝՝ է,
19ըրէ՛ք անոր՝ ինչպէս անիկա խորհեցաւ իր եղբօր ընել։ Չարութիւնը քու մէջէդ բնաջնջէ՛,
20որպէսզի 14ուրիշները լսելով վախնան, եւ ասկէ ետք՝ անգա՛մ մըն ալ ձեր մէջ այսպիսի չար արարք մը չգործեն։
21Աչքդ անոր վրայ թող չխղճայ. 15կեանքի տեղ կեանք՝՝ պիտի տրուի, աչքի տեղ աչք, ակռայի տեղ ակռայ, ձեռքի տեղ ձեռք, ու ոտքի տեղ ոտք»։