Loading...

Deuteronomy 20

Numbers  «  Deuteronomy 19  ‹  Deuteronomy 20  ›  Deuteronomy 21  »  Joshua


ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՄԱՍԻՆ

1

«Երբ թշնամիներուդ դէմ պատերազմելու 1երթաս եւ ձիեր, կառքեր ու քեզմէ բազմաթիւ ժողովուրդ տեսնես, անոնցմէ մի՛ վախնար. որովհետեւ քեզ Եգիպտոսի երկրէն բարձրացնող Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ քեզի հետ է։

2

Երբ պատերազմելու համար մօտենաք, քահանան ներկայանալով՝ ժողովուրդին պիտի խօսի

3

եւ անոնց ըսէ. “Մտի՛կ ըրէ, ո՛վ Իսրայէլ։ Այսօր ձեր թշնամիներուն դէմ պատերազմելու համար կը մօտենաք. ձեր սիրտը թող չթուլնայ, մի՛ վախնաք, իրար մի՛ անցնիք, եւ անոնցմէ մի՛ ահաբեկիք.

4

որովհետեւ Տէրը՝ ձեր Աստուածը՝ ձեզի հետ կ’երթայ, ձեզի համար պատերազմելու ձեր թշնամիներուն դէմ, ու ձեզ ազատելու”։

5

Ապա ոստիկանները ժողովուրդին պիտի խօսին՝ ըսելով. “Ո՛վ որ նոր տուն կառուցաներ է բայց անոր նաւակատիքը կատարած չէ, թող երթայ ու իր տունը վերադառնայ. որպէսզի պատերազմին մէջ չմեռնի եւ ուրիշ մարդ մը անոր նաւակատիքը չկատարէ։

6

Ո՛վ որ այգի տնկեր է բայց անոր պտուղէն դեռ կերած չէ, թող երթայ ու իր տունը վերադառնայ. որպէսզի պատերազմին մէջ չմեռնի եւ ուրիշ մարդ մը անոր առաջին պտուղը չուտէ։

7

Ո՛վ որ կնոջ մը նշանուեր է բայց զայն դեռ առած չէ, թող երթայ ու իր տունը վերադառնայ. որպէսզի պատերազմին մէջ չմեռնի եւ ուրիշ մարդ մը զայն չառնէ”։

8

Ոստիկանները իրենց խօսքը շարունակելով՝ ժողովուրդին պիտի ըսեն. “Ո՛վ որ վախկոտ ու թուլասիրտ է, թող երթայ ու իր տունը վերադառնայ. որպէսզի իր եզբայրներուն սիրտն ալ չհալի իր սիրտին պէս”։

9

Երբ ոստիկանները ժողովուրդին խօսիլը աւարտեն, 2ժողովուրդին վրայ սպարապետներ թող նշանակեն՝՝։

10

Երբ քաղաքի մը մօտենաս՝ անոր դէմ պատերազմելու համար, զայն խաղաղութեա՛ն հրաւիրէ։

11

Եթէ 3քու խաղաղութիւնդ ընդունի՝՝ ու դռները քեզի բանայ, մէջը գտնուած ամբողջ ժողովուրդը քեզի հարկատու թող ըլլայ ու քեզի հպատակի։

12

Բայց եթէ քեզի հետ խաղաղութիւն չընէ եւ քեզի դէմ պատերազմի, զայն պաշարէ՛։

13

Երբ Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ ձեռքդ մատնէ զայն, անոր բոլոր արուները սուրի՛ բերանէ անցուր.

14

բայց կիները, մանուկներն ու անասունները, եւ ինչ որ կայ այդ քաղաքին մէջ — անոր ամբողջ աւարը— կողոպտէ՛ քեզի համար, ու Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ քեզի մատնած թշնամիներուդ աւա՛րը կեր։

15

Ա՛յսպէս ըրէ քեզմէ շատ հեռու եղող բոլոր քաղաքներուն, որոնք այս ազգերուն քաղաքներէն չեն։

16

Սակայն այս ժողովուրդներուն քաղաքներուն մէջ, որ Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ քեզի կու տայ իբր ժառանգութիւն, ո՛չ մէկ շնչաւոր ողջ պահէ։

17

Արդարեւ զանոնք պիտի անճիտես — այսինքն՝ Քետացիները, Ամորհացիները, Քանանացիները, Փերեզացիները, Խեւացիներն ու Յեբուսացիները —, ինչպէս Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ քեզի պատուիրեց.

18

որպէսզի ձեզի չսորվեցնեն իրենց բոլոր գարշութիւններուն նմանները գործել, ինչպէս անոնք իրենց աստուածներուն կ’ընեն, եւ դուք Տէրոջ՝ ձեր Աստուծոյն դէմ չմեղանչէք։

19

Երբ քաղաքի մը դէմ պատերազմիս, ու զայն գրաւելու համար երկար ժամանակ պաշարես, անոր ծառերը մի՛ տապալեր՝ անոնց տապար զարնելով, որովհետեւ անոնցմէ պիտի ուտես։ Ուրեմն զանոնք մի՛ կտրեր. արդարեւ դաշտին ծառը 4մա՞րդ է, որ քեզմէ պաշարուի՝՝։

20

Միայն տապալէ՛ եւ կտրէ՛ այն ծառերը՝ որ գիտես թէ 5պտղատու ծառեր չեն. անոնցմով պատնէշնե՛ր կառուցանէ քեզի դէմ պատերազմող քաղաքին դիմաց, մինչեւ որ զայն նուաճես»։



1 Եբր.՝ դուրս ելլես
2 Կամ՝ սպարապետները ժողովուրդին գլուխը թող անցնին
3 Եբր.՝ քեզի ըբ խաղաղութիւն” պատասխանէ
4 Եբր.՝ մա՞րդ է, որ քու պատճառովդ պաշարումի մէջ մտնէ, կամ՝ մարդու պէս քեզի օգնութեան կը հասնի պաշարումի մէջ
5 Եբր.՝ ուտելիքի