Deuteronomy 21
Numbers « Deuteronomy 20 ‹ Deuteronomy 21 › Deuteronomy 22 » Joshua
ԱՆՅԱՅՏ ՄԱՐԴԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ
1«Եթէ այն հողին վրայ, որ Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ քեզի կու տայ անոր տիրանալու համար, սպաննուած մարդ մը գտնուի՝ դաշտի վրայ ինկած, բայց չգիտցուի թէ ո՛վ զայն սպաններ է,
2քու երէցներդ ու դատաւորներդ թող դուրս ելլեն եւ սպաննուած մարդուն եղած տեղէն մինչեւ շրջակայ քաղաքները չափեն։
3Երբ սպաննուած մարդուն ամենամօտ քաղաքը հաստատուի, այդ քաղաքին երէցները արջառներէն երինջ մը թող առնեն, որ աշխատած չէ ու լուծի տակ 1մտած չէ,
4եւ այդ քաղաքին երէցները երինջը թող իջեցնեն 2մշտահոս վտակի մը քով, չհերկուած ու չսերմանուած տեղ մը, եւ հոն՝ վտակին մէջ՝ երինջին ծոծրակը թող կոտրեն։
5Այն ատեն Ղեւիի որդիները՝ քահանաները թող մօտենան, որովհետեւ Տէրը՝ քու Աստուածդ զանո՛նք ընտրեց՝ իրեն պաշտօն կատարելու եւ Տէրոջ անունով օրհնելու համար, ու ամէն վէճ եւ ամէն հարուած 3անո՛նք թող դատեն՝՝։
6Այդ սպաննուածին ամենամօտ քաղաքին բոլոր երէցները իրենց ձեռքերը թող լուան վտակին մէջ՝ ծոծրակը կոտրուած երինջին վրայ,
7ու վկայեն. «Մեր ձեռքերը չթափեցին այս արիւնը, եւ մեր աչքերը չտեսան։
8Ո՛վ Տէր, քաւութի՛ւն ըրէ քու ժողովուրդիդ՝ Իսրայէլի, որ դո՛ւն ազատեցիր, ու անմեղ արիւնը քու ժողովուրդիդ՝ Իսրայէլի 4մի՛ վերագրեր՝՝»։ Այսպէս՝ այդ արիւնին համար քաւութիւն պիտի ըլլայ անոնց,
9եւ դուն անմեղ արիւնը քու մէջէդ պիտի բնաջնջես, ընելով ինչ որ Տէրոջ 5առջեւ ուղիղ է»։
ՊԱՏԵՐԱԶՄԱԿԱՆ ԳԵՐԻ ԿԻՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ
10«Երբ քու թշնամիներուդ դէմ պատերազմելու 6երթաս, ու Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ զանոնք քու ձեռքդ մատնէ եւ անոնցմէ գերեվարես,
11եթէ գերիներուն մէջէն գեղեցիկ կազմով կին մը տեսնես ու զայն հաւնելով ուզես զայն քեզի կին առնել,
12զայն տո՛ւնդ տար. իր գլուխը թող ածիլէ եւ եղունգները կտրէ,
13իր վրայէն գերութեան հանդերձները թող հանէ ու տունդ բնակի։ Լման ամիս մը իր հօր ու մօր համար թող լայ. անկէ ետք անոր մտիր եւ անոր ամուսինը եղիր, ան ալ՝ քու կինդ թող ըլլայ։
14Եթէ անկէ չախորժիս, զայն ազա՛տ արձակէ. բայց բնաւ դրամի համար մի՛ ծախեր զայն, ո՛չ ալ ծառայ դարձուր, որովհետեւ լլկեցիր զայն»։
ԱՆԴՐԱՆԻԿԻՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
15«Եթէ մարդ մը երկու կին ունենայ՝ մէկը սիրելի ու միւսը ատելի, եւ անոնք որդիներ ծնանին անոր, թէ՛ սիրելին, թէ՛ ալ ատելին, եթէ անդրանիկ որդին ատելի կնոջմէն ծնած է,
16իր ունեցածը որդիներուն 7բաժնելու օրը պիտի չկարենայ սիրելիին որդին անդրանիկ նկատել ատելիին որդիին առջեւ, որ անդրանիկն է.
17հապա ատելիին որդին անդրանիկ ճանչնալով՝ իր ամբողջ 8ունեցածէն երկու բաժին պիտի տայ անոր. որովհետեւ ա՛ն է իր կորովին սկիզբը, անո՛րն է անդրանկութեան իրաւունքը»։
ԱՆՀՆԱԶԱՆԴ ԶԱՒԱԿԻՆ ՄԱՍԻՆ
18«Եթէ մարդ մը ապստամբ եւ անհնազանդ որդի մը ունենայ, որ իր հօր խօսքը մտիկ չ’ըներ, ո՛չ ալ իր մօր խօսքը, ու երբ զինք խրատեն՝ անոնց չի հնազանդիր,
19անոր հայրն ու մայրը զայն թող բռնեն եւ դուրս հանեն՝ իր քաղաքին երէցներուն քով, իր բնակած տեղին դուռը,
20ու իր քաղաքին երէցներուն ըսեն. “Մեր այս որդին ապստամբ եւ անհնազանդ է, մեր խօսքը մտիկ չ’ըներ, որկրամոլ ու արբեցող է”։
21Հետեւաբար անոր քաղաքին բոլոր մարդիկը թող 9քարկոծեն զայն, որպէսզի մեռնի. այսպէս՝ չարութիւնը քու մէջէդ պիտի բնաջնջես, եւ ամբողջ Իսրայէլը լսելով պիտի վախնայ»։
ԶԱՆԱԶԱՆ ՕՐԷՆՔՆԵՐ
22«Եթէ մարդ մը մահուան արժանի մեղք մը գործեր է, զայն մեռցնելու համար ծառէ՛ մը կախէ։
23Անոր 10մարմինը ծառին վրայ թող չմնայ գիշերը, հապա ա՛նպատճառ նո՛յն օրը թաղէ զայն — որովհետեւ կախուածը Աստուծոյ անէծքն է —, որպէսզի հողդ չպղծես, որ Տէրը՝ քու Աստուածդ քեզի կու տայ՝ ժառանգելու համար»։