Deuteronomy 22
Numbers « Deuteronomy 21 ‹ Deuteronomy 22 › Deuteronomy 23 » Joshua
1
«Երբ տեսնես թէ եղբօրդ եզը կամ ոչխարը իր ճամբայէն խոտորած է, անոնցմէ մի՛ թաքնուիր. ա՛նպատճառ զանոնք եղբօրդ վերադարձուր։
2Բայց եթէ եղբայրդ քու մօտդ չէ, կամ զինք չես ճանչնար, տո՛ւնդ 1տար զայն, ու մինչեւ որ եղբայրդ զայն պահանջէ՝ քովդ թող 2մնայ. յետոյ զայն իրե՛ն վերադարձուր։
3Անոր իշո՛ւն նոյնպէս ըրէ. անոր հանդերձի՛ն ալ այդպէս ըրէ։ Նաեւ եղբօրդ ամէն կորսուած բանին,— որ ինք կորսնցուցած է եւ դուն կը գտնես,— նո՛յնպէս ըրէ. չես կրնար թաքնուիլ։
4Երբ տեսնես թէ եղբօրդ էշը կամ իր եզը ճամբային վրայ ինկած են, անոնցմէ մի՛ թաքնուիր. ա՛նպատճառ 3օգնէ՛ իրեն՝ որ զանոնք վերցնէ՝՝։
5Կնոջ մը վրայ 4այր մարդու՝՝ 5հագուստ թող չըլլայ, ո՛չ ալ այր մարդ մը կնոջ հանդերձ հագնի. որովհետեւ ո՛վ որ ասոնք կ’ընէ, Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ առջեւ գարշելի է։
6Եթէ առջեւդ՝ ճամբան, ծառի մը վրայ կամ գետինին վրայ, թռչնազգիի մը բոյնին հանդիպիս՝ ձագերով կամ հաւկիթներով, ու մայրը ձագերուն կամ հաւկիթներուն վրայ նստած ըլլայ, մայրը իր ձագերուն հետ մի՛ առներ։
7Ա՛նպատճառ մայրը արձակէ եւ ձագե՛րը քեզի առ, որպէսզի քեզի բարիք ըլլայ եւ օրերդ երկար ըլլան։
8Երբ նոր տուն մը կառուցանես, տանիքիդ չորս կողմը շրջապա՛տ մը շինէ, որպէսզի մէկը անկէ վար չիյնայ ու 6տունդ արիւնի պարտական չըլլայ՝՝։
9Այգիիդ մէջ 7այլեւայլ սերմեր՝՝ մի՛ ցաներ, որպէսզի ցանած սերմիդ 8արդիւնքը եւ այգիիդ բերքը 9չսրբացուին։
10Եզ մը ու էշ մը միասին մի՛ գործածեր՝ երկիրը հերկելու։
11Բուրդով եւ վուշով միասին գործուած այլախառն հանդերձ մի՛ հագնիր։
12Հագած հանդերձիդ չորս ծայրերը ծոպե՛ր շինէ դուն քեզի»։
ՍԵՌԱՅԻՆ ՄԱՔՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ՕՐԷՆՔՆԵՐ
13«Եթէ մարդ մը կին առնէ եւ անոր մտնելէն ետք զայն ատէ,
14եւ անոր դէմ զրպարտութեան խօսքերու առիթ տալով՝ զայն 10անուանարկէ ու ըսէ. “Ես այս կինը առի, բայց երբ անոր մերձեցայ՝ զայն կոյս չգտայ”,
15երիտասարդուհիին հայրն ու մայրը երիտասարդուհիին կուսութեան նշանը թող առնեն եւ քաղաքին երէցներուն առջեւ հանեն՝ քաղաքին դուռը։
16Երիտասարդուհիին հայրը երէցներուն թող ըսէ. “Իմ աղջիկս այս մարդուն կին տուի, ու զայն կ’ատէ.
17ահա՛ անոր դէմ զրպարտութեան խօսքերու առիթ կու տայ՝ ըսելով. "Ես քու աղջիկդ կոյս չգտայ". բայց ահա՛ իմ աղջիկիս կուսութեան նշանը”. եւ լաթը քաղաքին երէցներուն առջեւ թող փռեն։
18Յետոյ այդ քաղաքին երէցները թող առնեն այդ մարդը ու 11պատժեն զայն,
19եւ իսրայելացի կոյս մը անուանարկելուն համար՝ անկէ հարիւր սիկղ արծաթ թող առնեն իբր տուգանք, ու երիտասարդուհիին հօր թող տան. ան իր կինը պիտի ըլլայ, եւ իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ պիտի չկարենայ զայն արձակել։
20Բայց եթէ այս խօսքը ճշմարիտ է ու երիտասարդուհիին վրայ կուսութեան նշանը չէ գտնուեր,
21երիտասարդուհին դուրս պիտի հանեն՝ իր հօր տան մուտքը, եւ իր քաղաքին մարդիկը 12պիտի քարկոծեն՝՝ զայն՝ որպէսզի մեռնի. որովհետեւ Իսրայէլի մէջ անզգամութիւն գործած է՝ իր հօր տան մէջ պոռնկելով։ Այսպէս՝ չարութիւնը քու մէջէդ պիտի բնաջնջես։
22Եթէ մէկը 13ամուսնացած կնոջ մը հետ պառկած գտնուի, երկուքն ալ պիտի մեռնին, թէ՛ այդ կնոջ հետ պառկող մարդը, թէ՛ ալ այդ կինը։ Այսպէս՝ չարութիւնը Իսրայէլէն պիտի բնաջնջես։
23Եթէ կոյս երիտասարդուհի մը մարդու մը նշանուած ըլլայ, եւ ուրիշ մարդ մը քաղաքի մէջ գտնելով զայն՝ անոր հետ պառկի,
24երկո՛ւքն ալ դուրս պիտի հանէք՝ այդ քաղաքին դուռը, ու պիտի քարկոծէք՝՝ զանոնք՝ որպէսզի մեռնին. երիտասարդուհին՝ քանի որ քաղաքին մէջ ըլլալով՝ չաղաղակեց, եւ մարդը՝ քանի որ ընկերին 14նշանածը լլկեց։ Այսպէս՝ չարութիւնը քու մէջէդ պիտի բնաջնջես։
25Բայց եթէ մարդ մը դաշտի մէջ գտնէ նշանուած երիտասարդուհի մը, ու զայն բռնադատելով անոր հետ պառկի, միայն անոր հետ պառկող մարդը պիտի մեռնի.
26երիտասարդուհիին ոչի՛նչ ըրէ։ Երիտասարդուհին մահուան արժանի մեղք մը չունի. որովհետեւ ինչպէս մէկը իր ընկերին վրայ 15կը յարձակի՝՝ եւ զայն կը մեռցնէ, այս խնդիրն ալ այնպէս է.
27արդարեւ դաշտի մէջ գտաւ զայն ու նշանուած երիտասարդուհին աղաղակեց, բայց ո՛չ մէկը կար՝ զինք ազատելու համար։
28Եթէ մարդ մը չնշանուած կոյս երիտասարդուհի մը գտնէ եւ զայն բռնելով անոր հետ պառկի, ու 16բանը իմացուի՝՝,
29անոր հետ պառկող մարդը՝ երիտասարդուհիին հօր յիսուն սիկղ արծաթ պիտի տայ, եւ ան իր կինը պիտի ըլլայ, քանի որ լլկեց զայն։ Իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ պիտի չկարենայ զայն արձակել։
30Մարդ մը իր 17հօր կինը՝՝ թող չառնէ ու հօր քղանցքը չբանայ»։