Deuteronomy 23
Numbers « Deuteronomy 22 ‹ Deuteronomy 23 › Deuteronomy 24 » Joshua
ՏԷՐՈՋ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԷՆ ԱՐՏԱՔՍՈՒՄ
1«Ամորձիքը ճզմուած կամ առնանդամը կտրուած մարդը Տէրոջ համախմբումը պէտք չէ մտնէ։
21Պոռնկորդին Տէրոջ համախմբումը պէտք չէ մտնէ. մինչեւ անգամ անոր տասներորդ սերունդը Տէրոջ համախմբումը թող չմտնէ։
3Ամմոնացին եւ Մովաբացին Տէրոջ համախմբումը պէտք չէ մտնեն, յաւիտեա՛ն. մինչեւ անգամ անոնց տասներորդ սերունդը Տէրոջ համախմբումը թող չմտնէ.
4արդարեւ երբ դուք Եգիպտոսէն ելաք՝ ճամբային մէջ հացով ու ջուրով ձեզ չդիմաւորեցին, ու Միջագետքի Փաթուր քաղաքէն Բէովրի որդին Բաղաամը քեզի դէմ վարձեցին՝ որպէսզի քեզ անիծէ։
5Բայց Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ չուզեց Բաղաամի մտիկ ընել, հապա Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ անէծքը քեզի համար օրհնութեան փոխեց, որովհետեւ Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ քեզ սիրեց։
6Քու կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ անոնց խաղաղութիւնն ու բարօրութիւնը մի՛ փնտռեր, յաւիտեա՛ն։
7Եդովմայեցիէն մի՛ գարշիր, քանի որ ան եղբայրդ է։ Եգիպտացիէն ալ մի՛ գարշիր, քանի որ անոր երկրին մէջ պանդուխտ էիր։
8Անոնցմէ ծնած որդիներուն միայն երրորդ սերունդը Տէրոջ համախմբումը թող մտնէ»։
ԲԱՆԱԿԱՎԱՅՐԸ ՄԱՔՈՒՐ ՊԱՀԵԼ
9«Երբ թշնամիներուդ դէմ բանակով դուրս ելլես, ամէն գէշ բանէ զգուշացի՛ր։
10Եթէ ձեր մէջ մարդ մը 2երազափորձութեան պատճառով մաքուր չէ, բանակավայրէն թող դուրս ելլէ. բանակավայրին մէջ թող չմտնէ,
11հապա՝ իրիկուան դէմ՝ ջուրով թող լուացուի, ու երբ արեւը մայր մտնէ՝ բանակավայրին մէջ մտնէ։
12Բանակավայրէն դուրս տե՛ղ մը ունեցիր, որպէսզի հոն դուրս ելլես։
13Զէնքերուդ հետ ցի՛ց մը ունեցիր, որպէսզի երբ դուրսը նստիս, անով փորես ու ետեւ դառնալով կղկղանքդ ծածկես։
14Արդարեւ Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ բանակավայրիդ մէջ կը շրջի՝ քեզ ազատելու համար, եւ թշնամիներդ քու ձեռքդ մատնելու համար. ուստի բանակավայրդ թող մաքուր ըլլայ, որպէսզի ան վրադ անվայելուչ բան մը տեսնելով՝ քեզմէ չհեռանայ»։
ԶԱՆԱԶԱՆ ՕՐԷՆՔՆԵՐ
15«Իր տիրոջ ձեռքը մի՛ մատներ ստրուկ մը՝ որ իր տիրոջմէն խուսափած է քու քովդ։
16Քեզի հետ թող բնակի, ձեր մէջ, իր ընտրած տեղը՝ քաղաքներէդ մէկուն մէջ, ո՛ւր որ իրեն 3հաճելի ըլլայ. զայն մի՛ կեղեքեր։
17Իսրայէլի աղջիկներէն 4բոզ պիտի չըլլայ, ո՛չ ալ Իսրայէլի որդիներէն՝ 5իգացեալ։
18Որեւէ ուխտի համար Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ տունը մի՛ տանիր պոռնիկի վարձատրութիւնը կամ շունի 6հատուցումը, քանի որ Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ առջեւ երկուքն ալ գարշելի են։
19Եղբօրդ վաշխով փոխ մի՛ տար.— դրամի վաշխ, պարէնի վաշխ, կամ որեւէ բանի վաշխ՝ որ փոխ կը տրուի վաշխով։
20Օտարազգիէ՛ն վաշխ առ, բայց եղբօրմէդ վաշխ մի՛ առներ, որպէսզի Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ քու ձեռնարկած բոլոր գործերուդ մէջ քեզ օրհնէ այն երկրին մէջ, ուր կը մտնես՝ անոր տիրանալու համար։
21Երբ Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ ուխտ մը ընես, առանց ուշացնելու կատարէ՛, որովհետեւ Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ ա՛նպատճառ զայն քեզմէ պիտի պահանջէ, ու 7մեղաւոր պիտի ըլլաս՝՝։
22Բայց եթէ ուխտելէ հրաժարիս, 8մեղաւոր չես ըլլար՝՝։
23Զգուշութեա՛մբ գործադրէ շրթունքէդ ելածը, այսինքն յօժարակամ ընծան՝ որ բերանովդ խոստացած ես, ինչպէս որ Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ ուխտած ես։
24Երբ ընկերիդ այգին մտնես, խաղո՛ղ կեր՝ 9փափաքիդ համաձայն, ու կշտացի՛ր. բայց անօթիդ մէջ մի՛ դներ։
25Երբ ընկերիդ հասուն ցորենին մէջ մտնես, ձեռքո՛վդ հասկերը փրցուր. բայց ընկերիդ հասուն ցորենին մանգաղ մի՛ 10զարներ»։