Deuteronomy 24
Numbers « Deuteronomy 23 ‹ Deuteronomy 24 › Deuteronomy 25 » Joshua
ԱՄՈՒՍՆԱԼՈՒԾՈՒՄ ԵՒ ՎԵՐԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ
1«Եթէ մէկը կին մը առնէ եւ անոր հետ ամուսնանայ, յետոյ անոր վրայ անվայելուչ բան մը գտնելով՝ ան իր աչքերուն առջեւ շնորհք չգտնէ, անոր ամուսնալուծումի վկայագիր մը թող գրէ, անոր ձեռքը տայ ու իր տունէն ուղարկէ։
2Երբ ան իր տունէն ելլելով երթայ եւ ուրիշ մարդու մը կինը ըլլայ,
3եթէ վերջին ամուսինն ալ զայն ատելով՝ անոր ամուսնալուծումի վկայագիր մը գրէ, անոր ձեռքը տայ ու իր տունէն ուղարկէ, կամ եթէ անոր վերջին ամուսինը — որ զայն իրեն կին առեր էր — մեռնի,
4անոր առաջին ամուսինը — որ զայն ուղարկեր էր — պիտի չկարենայ զայն դարձեալ իրեն կին առնել՝ անոր պղծուելէն ետք. արդարեւ ատիկա Տէրոջ առջեւ գարշութիւն է, ուստի մեղանչել մի՛ տար այն երկրին՝ որ Տէրը, քու Աստուածդ, քեզի կու տայ իբր ժառանգութիւն»։
ԶԱՆԱԶԱՆ ՕՐԷՆՔՆԵՐ
5«Նոր 1ամուսնացած մարդը զինուորութեան պիտի 2չերթայ, եւ անոր ո՛չ մէկ 3պաշտօն պիտի տրուի՝՝. տարի մը զերծ թող ըլլայ՝ որ իր տան մէջ կենայ ու իր առած կինը ուրախացնէ։
6Ո՛չ մէկը ջաղացքը կամ անոր երկանաքարը թող գրաւ առնէ, քանի որ իր ընկերին 4կեանքը գրաւ առած կ’ըլլայ։
7Եթէ մարդ մը գտնուի, որ իր եղբայրներէն — Իսրայէլի որդիներէն — մէկը գողնալով զայն ծառայ դարձուցեր կամ ծախեր է, այդ գողը պիտի մեռնի. այսպէս՝ չարութիւնը քու մէջէդ պիտի բնաջնջես։
8Զգուշացի՛ր բորոտութեան ախտէն, շա՛տ ուշադիր ըլլալով եւ գործադրելով ամէն ինչ որ Ղեւտացի քահանաները ձեզի պիտի սորվեցնեն. զգուշութեա՛մբ գործադրեցէք ինչ որ անոնց պատուիրեր եմ։
9Յիշէ՛ ինչ որ Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ Մարիամի ըրաւ ճամբան՝ երբ Եգիպտոսէն ելաք։
10Երբ դրացիիդ որեւէ բան փոխ տաս, անոր գրաւը առնելու համար իր տունը մի՛ մտներ.
11Դո՛ւրսը կայնէ, ու մարդը՝ որուն փոխ կու տաս՝ գրաւը թող դուրս բերէ քեզի։
12Եթէ այդ մարդը դժբախտ է, անոր գրաւը պահել ով մի՛ պառկիր.
13երբ արեւը մայր մտնէ՝ ա՛նպատճառ անոր գրաւը վերադարձուր, որպէսզի ան իր հանդերձով պառկի եւ քեզ օրհնէ, ու Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ առջեւ 5արդար ըլլաս՝՝։
14Դժբախտ եւ աղքատ վարձկանը մի՛ հարստահարեր, քու եղբայրներէդ ըլլայ ան, թէ երկրիդ մէջ — քաղաքներուդ մէջ — եղող քու գաղթականներէդ։
15Նո՛յն օրը վճարէ անոր վարձքը, արեւը 6մայր չմտած՝՝ — արդարեւ ան դժբախտ է, ու իր 7մտածումը անոր վրայ է՝՝ —, որպէսզի քեզի դէմ Տէրոջ չգոչէ, ու 8մեղաւոր չըլլաս՝՝։
16Որդիներուն մեղքին համար հայրերը պիտի չմեռցուին, եւ հայրերուն մեղքին համար որդիները պիտի չմեռցուին. ամէն մարդ իր մեղքին համար պիտի մեռցուի։
17Գաղթականին ու որբին իրաւունքը մի՛ ծռեր. այրիին հագուստը գրաւ մի՛ առներ։
18Յիշէ՛ թէ դուն Եգիպտոսի մէջ ստրուկ էիր, բայց Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ քեզ անկէ ազատեց. այս պատճառով քեզի կը պատուիրեմ որ այս բանը ընես։
19Երբ արտիդ մէջ հունձքդ հնձես եւ արտին մէջ որայ մը մոռցած ըլլաս, զայն առնելու համար մի՛ վերադառնար. ան գաղթականին, որբին ու այրիին թող ըլլայ, որպէսզի Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ ձեռքերուդ ամբողջ գործին մէջ քեզ օրհնէ։
20Ձիթենիդ թօթուելէդ ետք՝ ոստերուն վրայ մնացածները մի՛ ժողվեր. անոնք գաղթականին, որբին եւ այրիին թող ըլլան։
21Այգիիդ խաղողները կթելէդ ետք ճռաքաղ մի՛ ըներ. 9մնացածը գաղթականին, որբին ու այրիին թող ըլլայ։
22Յիշէ՛ թէ Եգիպտոսի երկրին մէջ ստրուկ էիր. այս պատճառով քեզի կը պատուիրեմ որ այս բանը ընես»։