Loading...

Deuteronomy 25

Numbers  «  Deuteronomy 24  ‹  Deuteronomy 25  ›  Deuteronomy 26  »  Joshua


1

«Երբ մարդոց միջեւ վէճ մը ըլլայ եւ 1դատարանի ներկայանան, դատաւորները թող դատեն զանոնք, 2անմեղը արդարացնեն ու 3յանցաւորը դատապարտեն։

2

Եթէ յանցաւորը ծեծի արժանի է, դատաւորը թող պառկեցնէ զայն եւ իր առջեւ ծեծել տայ զայն, անոր յանցանքին համեմատ որոշելով հարուածներուն թիւը։

3

Քառասունէն աւելի զարկ թող չտայ, որպէսզի անոր ծեծը աւելցնելով եւ ասկէ աւելի շատ հարուածներով՝ եղբայրդ քու աչքիդ առջեւ չանարգուի։

4

4Կալի մէջ աշխատող՝՝ եզին դունչը մի՛ կապեր»։


ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ՄԵՌԱԾ ԵՂԲՕՐ ՄԸ ՀԱՆԴԷՊ

5

«Երբ եղբայրներ միասին բնակին եւ անոնցմէ մէկը առանց որդիի մեռնի, մեռնողին կինը ընտանիքէն դուրս՝ օտար մարդու հետ թող չամուսնանայ. իր տագրը անոր թող մտնէ, զայն իրեն կին թող առնէ, ու տագրի պարտաւորութիւնը անոր հատուցանէ։

6

Անոր ծնած անդրանիկ որդին մեռնող եղբօր անունով թող 5կոչուի, որ անոր անունը Իսրայէլէն չջնջուի։

7

Եթէ այդ մարդը իր հարսը առնելէ չախորժի, իր հարսը քաղաքին դուռը թող բարձրանայ՝ երէցներուն քով, եւ ըսէ. “Իմ տագրս կը մերժէ Իսրայէլի մէջ իր եղբօր անունը հաստատել. տագրի պարտաւորութիւնը ինծի հատուցանել չ’ուզեր”։

8

Ապա անոր քաղաքին երէցները զայն թող կանչեն ու անոր խօսին։ Եթէ ան 6հաստատ կենալով՝՝ ըսէ. “Զայն առնելէ չեմ ախորժիր”,

9

իր հարսը անոր թող մօտենայ երէցներուն 7առջեւ, անոր ոտքէն կօշիկը թող հանէ եւ անոր երեսը թքնէ՝ ըսելով. “Ա՛յսպէս պիտի ըլլայ իր եղբօր տունը չկառուցանող մարդուն”։

10

Ու Իսրայէլի մէջ անոր անունը՝ “Կօշիկը հանուած մարդուն տունը” պիտի կոչուի»։


ՈՒՐԻՇ ՕՐԷՆՔՆԵՐ

11

«Երբ երկու մարդիկ իրարու հետ կռուին, եւ մէկուն կինը՝ իր ամուսինը ազատելու համար զայն ծեծողին ձեռքէն՝ մօտենայ ու ձեռքը երկարելով անոր ամօթոյքը բռնէ,

12

իր ձե՛ռքը կտրէ. աչքդ անոր վրայ թող չխղճայ։

13

Տոպրակիդ մէջ 8երկու տեսակ կշռաքար՝՝ — մեծ մը ու պզտիկ մը — մի՛ ունենար։

14

Տանդ մէջ 9երկու տեսակ արդու՝՝ — մեծ մը ու պզտիկ մը — մի՛ ունենար։

15

Լիակատա՛ր եւ ճի՛շդ կշռաքար ունեցիր, լիակատա՛ր եւ ճի՛շդ արդու ունեցիր, որպէսզի օրերդ երկար ըլլան այն հողին վրայ, որ Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ քեզի կու տայ։

16

Արդարեւ ո՛վ որ այս բաները կ’ընէ, կամ ո՛վ որ անիրաւութիւն կը գործէ, Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ առջեւ գարշելի է»։


ԱՄԱՂԵԿԱՑԻՆԵՐԸ ՄԵՌՑՆԵԼՈՒ ՀՐԱՀԱՆԳ

17

«Յիշէ՛ Ամաղէկի քեզի ըրածը ճամբան՝ Եգիպտոսէն ելած ատենդ.

18

ճամբան ի՛նչպէս քեզի հանդիպեցաւ, ու վերջամնացներդ — ետեւէդ եկող բոլոր տկարները — կոտորեց՝ առանց Աստուծմէ վախնալու, երբ դուն պարտասած եւ յոգնած էիր։

19

Ուստի երբ Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ բոլոր շրջակայ թշնամիներէդ քեզ հանգստացնէ այն երկրին մէջ, որ Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ քեզի կու տայ իբր ժառանգութիւն՝ անոր տիրանալու համար, Ամաղէկի յիշատակը երկինքի տակէն բոլորովի՛ն ջնջէ։ Մի՛ մոռնար»։



1 Եբր.՝ դատաստանի
2 Եբր.՝ արդարը
3 Եբր.՝ ամբարիշտը
4 Եբր.՝ կամնող
5 Եբր.՝ կենայ
6 Եբր.՝ կայնելով
7 Եբր.՝ աչքերուն առջեւ
8 Եբր.՝ կշռաքար եւ կշռաքար
9 Եբր.՝ արդու եւ արդու