Loading...

Deuteronomy 26

Numbers  «  Deuteronomy 25  ‹  Deuteronomy 26  ›  Deuteronomy 27  »  Joshua


ՀՈՒՆՁՔԻ ՄԱՏՈՒՑՈՒՄ

1

«Երբ մտնես այն երկիրը, որ Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ քեզի կու տայ իբր ժառանգութիւն, եւ անոր տիրանաս ու հոն բնակիս,

2

ա՛ռ գետինին բոլոր պտուղներուն 1երախայրիքէն, որ Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ քեզի տուած երկրէն պիտի 2ժողվես, ու կողովի մը մէջ դնելով գնա՛ այն տեղը, որ Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ պիտի ընտրէ՝ իր անունը հոն բնակեցնելու համար։

3

Այդ օրերու քահանային քով գնա՛ եւ ըսէ՛. “Այսօր Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ առջեւ կը յայտարարեմ թէ ես հասայ այն երկիրը, որուն համար Տէրը մեր հայրերուն երդում ըրեր էր՝ մեզի տալու”։

4

Յետոյ քահանան կողովը ձեռքէդ առնելով՝ զայն Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ զոհասեղանին առջեւ թող դնէ,

5

ու դուն Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ առջեւ 3վկայելով ըսէ՛. “Իմ հայրս 4թափառական 5Ասորի մըն էր. Եգիպտոս իջաւ սակաւաթիւ 6մարդոցմով, հոն պանդխտացաւ, եւ հոն մեծ, հզօր ու բազմաթիւ ազգ մը եղաւ։

6

Եգիպտացիները մեզ չարչարեցին, մեզ տառապեցուցին եւ մեզի տաժանելի ստրկութիւն պարտադրեցին։

7

Մենք ալ Տէրոջ՝ մեր հայրերուն Աստուծոյն աղաղակեցինք. Տէրը մեր ձայնը լսեց, մեր տառապանքը, մեր տաժանքն ու մեր տանջանքը տեսաւ,

8

եւ Տէրը ուժեղ ձեռքով ու երկարած բազուկով, մեծ արհաւիրքներով, նշաններով ու հրաշքներով մեզ Եգիպտոսէն հանեց,

9

մեզ այս տեղը բերաւ եւ մեզի այս երկիրը՝ կաթ ու մեղր հոսեցնող երկիրը՝ տուաւ։

10

Եւ հիմա, ո՛վ Տէր, ինծի տուած հողիդ պտուղներուն 7երախայրիքը քեզի բերի”։ Զանոնք Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ առջեւ դնելով, երկրպագէ՛ Տէրոջ՝ Աստուծոյդ առջեւ,

11

եւ ուրախացէ՛ք Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ քեզի ու տանդ տուած բոլոր բարիքներով, թէ՛ դուն, թէ՛ Ղեւտացին, թէ՛ ալ ձեր մէջ եղող գաղթականը։

12

Երրորդ տարին՝ տասանորդի տարի է. երբ քու բերքերուդ բոլոր տասանորդները հաւաքելը աւարտես, զանոնք Ղեւտացիի՛ն, գաղթականի՛ն, որբի՛ն եւ այրիի՛ն տուր, որպէսզի անոնք ալ քաղաքներուդ մէջ ուտեն ու կշտանան։

13

Յետոյ Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ առջեւ ըսէ՛. “Սուրբ բաները բոլորովին տունէս վերցուցի, ու զանոնք Ղեւտացիին, գաղթականին, որբին եւ այրիին տուի՝ քու ինծի հրամայած բոլոր պատուիրաններուդ համաձայն։ Քու պատուիրաններդ չանտեսեցի ու զանոնք չմոռցայ։

14

Սուգիս օրերուն մէջ անկէ չկերայ, անմաքուր գործածութեան համար անկէ չվերցուցի, եւ մեռելի համար անկէ չտուի։ Տէրոջ՝ իմ Աստուծոյս խօսքը մտիկ ըրի. ամէն ինչ որ ինծի պատուիրեցիր՝ անոր համաձայն ըրի։

15

Նայէ՛ երկինքէն՝ քու սուրբ բնակավայրէդ, ու օրհնէ՛ քու ժողովուրդդ՝ Իսրայէլը, եւ այն հողը՝ որ տուիր մեզի, ինչպէս մեր հայրերուն երդում ըրեր էիր, երկիր մը՝ որ կաթ ու մեղր կը հոսեցնէ”»։


ՏԷՐՈՋ ՍԵՓԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ

16

«Այսօր Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ քեզի կը պատուիրէ որ այս կանոններն ու 8դատավճիռները գործադրես. ուստի ամբո՛ղջ սիրտովդ եւ ամբո՛ղջ անձովդ պահէ ու գործադրէ զանոնք։

17

Դուն այսօր Տէրոջ յայտարարել կու տաս, որ ան քեզի Աստուած ըլլայ, դուն անոր ճամբաներէն ընթանաս, անոր կանոնները, պատուիրաններն ու դատավճիռները պահես, եւ անոր խօսքը մտիկ ընես.

18

Տէրն ալ այսօր քեզի յայտարարել կու տայ, որ դուն իր սեփական ժողովուրդը ըլլաս — ինչպէս քեզի խոստացած էր — իր բոլոր պատուիրանները պահելով,

19

որպէսզի քեզ իր 9ստեղծած բոլոր ազգերէն 10գերազանց ընէ՝՝ գովութեամբ, համբաւով ու պարծանքով, եւ սուրբ ժողովուրդ մը ըլլաս Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ, ինչպէս ինք խոստացած էր»։



1 Եբր.՝ առաջիններէն
2 Եբր.՝ բերես
3 Եբր.՝ պատասխանելով
4 Եբր.՝ կորսուող
5 Եբր.՝ Արամացի, այսինքն՝ Սուրիացի
6 Եբր.՝ այր մարդոցմով
7 Եբր.՝ առաջինները
8 Կամ՝ սովորութիւնները
9 Եբր.՝ ըրած
10 Եբր.՝ վեր բարձրացնէ