Deuteronomy 27
Numbers « Deuteronomy 26 ‹ Deuteronomy 27 › Deuteronomy 28 » Joshua
ՔԱՐԵՐՈՒ ՎՐԱՅ ԳՐՈՒԱԾ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՕՐԷՆՔՆԵՐԸ
1Մովսէս՝ Իսրայէլի երէցներուն հետ՝ ժողովուրդին պատուիրեց. «Պահեցէ՛ք այն բոլոր պատուիրանները, որ այսօր ձեզի կը հրամայեմ։
2Երբ Յորդանանէն անցնիք Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ քեզի տուած երկիրը, այդ օրը մե՛ծ քարեր կանգնեցուր դուն քեզի, ու զանոնք կիրո՛վ ծեփէ։
3Այս Օրէնքին բոլո՛ր խօսքերը անոնց վրայ գրէ, երբ անցնիս՝ մտնելու համար այն երկիրը, որ Տէրը՝ քու Աստուածդ քեզի կու տայ, երկիր մը՝ որ կաթ ու մեղր կը հոսեցնէ, ինչպէս Տէրը՝ հայրերուդ Աստուածը քեզի խոստացաւ։
4Ուստի երբ Յորդանանէն անցնիք, ինչպէս այսօր ձեզի կը պատուիրեմ՝ այս քարերը կանգնեցուցէ՛ք Գեբաղ լերան վրայ, ու զանոնք կիրո՛վ ծեփէ։
5Նաեւ հոն Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ զոհասեղա՛ն մը կառուցանէ, քարերէ շինուած զոհասեղան մը. անոնց երկաթ մի՛ 1դպցներ։
6Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ զոհասեղանը 2անտա՛շ քարերէ կառուցանէ, եւ անո՛ր վրայ Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ ողջակէզներ մատուցանէ։
7Խաղաղութեան զոհեր մատուցանելով՝ հո՛ն կեր ու Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ առջեւ ուրախացիր։
8Այս Օրէնքին բոլոր խօսքերը քարերուն վրայ լա՛ւ գրէ, բացայայտօրէն»։
9Մովսէս՝ Ղեւտացի քահանաներուն հետ՝ ամբողջ Իսրայէլի ըսաւ. «Ո՛վ Իսրայէլ, լո՛ւռ կեցիր եւ մտի՛կ ըրէ։ Դուն այսօր Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ ժողովուրդը եղար.
10ուստի Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ խօսքը մտիկ ընելով՝ գործադրէ՛ անոր պատուիրաններն ու կանոնները, որ այսօր քեզի կը հրամայեմ»։
ԱՆՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ԱՆԷԾՔՆԵՐԸ
11Նոյն օրը Մովսէս ժողովուրդին պատուիրեց.
12«Երբ Յորդանանէն անցնիք, ժողովուրդը օրհնելու համար՝ Գարիզին լերան վրայ հետեւեալները թող կայնին.— Շմաւոն, Ղեւի, Յուդա, Իսաքար, Յովսէփ ու Բենիամին։
13Իսկ անէծքի համար՝ Գեբաղ լերան վրայ հետեւեալները թող կայնին.— Ռուբէն, Գադ, Ասեր, Զաբուղոն, Դան ու Նեփթաղիմ։
14Ղեւտացիները՝ Իսրայէլի բոլոր մարդոց խօսելով՝ բարձր ձայնով թող ըսեն.
15“Անիծեա՛լ ըլլայ այն մարդը՝ որ արհեստաւորի ձեռքերու գործ եւ Տէրոջ առջեւ գարշելի եղող քանդակուած կամ 3ձուլածոյ կուռք՝՝ մը կը շինէ ու ծածուկ տեղ մը կը դնէ”. եւ ամբողջ ժողովուրդը պատասխանելով՝ “ամէն” թող ըսէ։
16“Անիծեա՛լ ըլլայ ա՛ն՝ որ իր հայրը կամ մայրը կ’անարգէ”. եւ ամբողջ ժողովուրդը “ամէն” թող ըսէ։
17“Անիծեա՛լ ըլլայ ա՛ն՝ որ իր 4դրացիին սահմանաքարը կը տեղափոխէ”. եւ ամբողջ ժողովուրդը “ամէն” թող ըսէ։
18“Անիծեա՛լ ըլլայ ա՛ն՝ որ կոյրը իր ճամբայէն կը մոլորեցնէ”. եւ ամբողջ ժողովուրդը “ամէն” թող ըսէ։
19“Անիծեա՛լ ըլլայ ա՛ն՝ որ գաղթականին, որբին ու այրիին իրաւունքը կը ծռէ”. եւ ամբողջ ժողովուրդը “ամէն” թող ըսէ։
20“Անիծեա՛լ ըլլայ ա՛ն՝ որ իր 5հօր կնոջ՝՝ հետ կը պառկի, քանի որ իր հօր քղանցքը կը բանայ”. եւ ամբողջ ժողովուրդը “ամէն” թող ըսէ։
21“Անիծեա՛լ ըլլայ ա՛ն՝ որ որեւէ անասունի հետ կը պառկի”. եւ ամբողջ ժողովուրդը “ամէն” թող ըսէ։
22“Անիծեա՛լ ըլլայ ա՛ն՝ որ իր հօր աղջիկը կամ մօր աղջիկը եղող իր 6քրոջ հետ կը պառկի”. եւ ամբողջ ժողովուրդը “ամէն” թող ըսէ։
23“Անիծեա՛լ ըլլայ ա՛ն՝ որ իր զոքանչին հետ կը պառկի”. եւ ամբողջ ժողովուրդը “ամէն” թող ըսէ։
24“Անիծեա՛լ ըլլայ ա՛ն՝ որ իր ընկերը ծածկաբար կը 7սպաննէ”. եւ ամբողջ ժողովուրդը “ամէն” թող ըսէ։
25“Անիծեա՛լ ըլլայ ա՛ն՝ որ անմեղ անձ մը սպաննելու համար կաշառք կը ստանայ”. եւ ամբողջ ժողովուրդը “ամէն” թող ըսէ։
26“Անիծեա՛լ ըլլայ ա՛ն՝ որ այս Օրէնքին բոլոր խօսքերը չի հաստատեր, որպէսզի զանոնք գործադրէ”. եւ ամբողջ ժողովուրդը “ամէն” թող ըսէ»։