Deuteronomy 28
Numbers « Deuteronomy 27 ‹ Deuteronomy 28 › Deuteronomy 29 » Joshua
ՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ (Ղեւ. 26. 3-13։ Բ. Օր. 7. 12-24)
1«Եթէ Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ խօսքը ուշադրութեամբ մտիկ ընելով՝ զգուշութեամբ գործադրես անոր բոլոր պատուիրանները, որ այսօր քեզի կը հրամայեմ, Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ երկրի բոլոր ազգերէն վեր պիտի բարձրացնէ քեզ,
2եւ սա՛ բոլոր օրհնութիւնները վրադ պիտի գան ու քեզի պիտի հասնին, եթէ Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ խօսքը մտիկ ընես.—
3քաղաքի մէջ՝ օրհնեալ, եւ դաշտի մէջ օրհնեալ պիտի ըլլաս.
4քու որովայնիդ պտուղը, հողիդ պտուղը, անասուններուդ պտուղը, կովերուդ ծնունդն ու ոչխարներուդ բազմացումը օրհնեալ պիտի ըլլան.
5քու կողովդ ու տաշտդ օրհնեալ պիտի ըլլան։
6Մտած ատենդ՝ օրհնեալ, ու ելած ատենդ օրհնեալ պիտի ըլլաս։
7Տէրը քու առջեւդ պարտութեան պիտի մատնէ քեզի դէմ կանգնող թշնամիներդ. անոնք քեզի դէմ մէկ ճամբայով դուրս պիտի ելլեն, եւ առջեւէդ եօթը ճամբայով պիտի փախչին։
8Տէրը քու ամբարներուդ ու բոլոր ձեռնարկներուդ մէջ օրհնութիւն պիտի ղրկէ քեզի, եւ Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ քեզի տուած երկրին մէջ պիտի օրհնէ քեզ։
9Եթէ Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ հրամանները պահելով՝ անոր ճամբաներուն մէջ ընթանաս, Տէրը պիտի հաստատէ քեզ՝ իրեն սուրբ ժողովուրդ ըլլալու, ինչպէս քեզի երդում ըրաւ։
10Երկրի բոլոր ժողովուրդները պիտի տեսնեն թէ Տէրոջ 1անունով կը կոչուիս՝՝, ու քեզմէ պիտի վախնան։
11Տէրը քու բարօրութեանդ համար յորդառատ պիտի ընէ որովայնիդ պտուղը, անասուններուդ պտուղը եւ հողիդ պտուղը՝ այն 2երկրին վրայ, որուն համար Տէրը հայրերուդ երդում ըրաւ՝ քեզի տալու։
12Տէրը քեզի պիտի բանայ իր բարի գանձարանը, այսինքն՝ երկինքը, որպէսզի երկրիդ անձրեւը ժամանակին տայ, ու ձեռքիդ բոլոր գործերը օրհնէ. դուն շատ ազգերու փոխ պիտի տաս, բայց փոխ պիտի չառնես։
13Տէրը ժողովուրդներու գլո՛ւխ պիտի ընէ քեզ, եւ ո՛չ թէ պոչ։ Մի՛շտ վրան պիտի ըլլաս. բնա՛ւ տակը պիտի չըլլաս, եթէ Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ պատուիրաններուն հնազանդիս, որ այսօր քեզի կը հրամայեմ, զանոնք պահելով ու գործադրելով։
14Ուրիշ աստուածներու հետեւելու համար ու զանոնք պաշտելու համար՝ աջ կողմ կամ ձախ կողմ մի՛ շեղիր այն բոլոր խօսքերէն, որ այսօր քեզի կը պատուիրեմ»։
ԱՆՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԸ (Ղեւ. 26. 14-46)
15«Բայց եթէ Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ խօսքը մտիկ չընելով՝ զգուշութեամբ չգործադրես անոր բոլոր պատուիրաններն ու կանոնները, որ այսօր քեզի կը հրամայեմ, սա՛ բոլոր անէծքները վրադ պիտի գան ու քեզի պիտի հասնին.—
16քաղաքի մէջ՝ անիծեալ, եւ դաշտի մէջ անիծեալ պիտի ըլլաս.
17քու կողովդ ու տաշտդ անիծեալ պիտի ըլլան.
18քու որովայնիդ պտուղը, հողիդ պտուղը, կովերուդ ծնունդն ու ոչխարներուդ բազմացումը անիծեալ պիտի ըլլան։
19Մտած ատենդ՝ անիծեալ, ու ելած ատենդ անիծեալ պիտի ըլլաս։
20Տէրը քու բոլոր ձեռնարկներուդ եւ գործերուդ մէջ անէծք, խռովութիւն ու սաստ պիտի ղրկէ քեզի՝ քու չար արարքներուդ ու զիս լքելուդ համար, մինչեւ որ շուտով բնաջնջուիս ու կորսուիս։
21Տէրը քեզի ժանտախտը պիտի փակցնէ, մինչեւ որ քեզ սպառէ այն 3երկրին վրայէն, ուր կը մտնես անոր տիրանալու համար։
22Տէրը քեզ պիտի զարնէ ծիւրախտով, տենդախտով, ջերմով եւ այրող տաքութեամբ, 4երաշտով, խորշակահարութեամբ ու արմտիքի դալուկով. եւ ասոնք քեզ պիտի հետապնդեն՝ մինչեւ որ կորսուիս։
23Գլուխիդ վրայի երկինքդ պղինձէ պիտի ըլլայ, ու տակդ եղող երկիրը՝ երկաթէ։
24Անձրեւի տեղ՝ Տէրը փոշի եւ հող պիտի տայ քու երկրիդ. անոնք երկինքէն վրադ պիտի իջնեն՝ մինչեւ որ բնաջնջուիս։
25Տէրը թշնամիներուդ առջեւ պարտութեան պիտի մատնէ քեզ. անոնց դէմ մէկ ճամբայով դուրս պիտի ելլես, եւ անոնց առջեւէն եօթը ճամբայով պիտի փախչիս, ու երկրի բոլոր թագաւորութիւններուն մէջ սոսկումի պիտի մատնուիս։
26Քու դիակդ երկինքի բոլոր թռչուններուն ու երկրի գազաններուն ուտելիք պիտի ըլլայ, եւ զանոնք 5վռնտող մը պիտի չըլլայ։
27Տէրը Եգիպտոսի պալարներով, թութքով, քոսոտութեամբ ու եռքով պիտի զարնէ քեզ, որոնցմէ պիտի չկարենաս բուժուիլ։
28Տէրը խելագարութեամբ, կուրութեամբ ու սիրտի սոսկումով պիտի զարնէ քեզ։
29Ինչպէս կոյրը մթութեան մէջ ձեռքով կը խարխափէ, դուն ալ կէսօրին պիտի խարխափես, ու ճամբաներուդ մէջ պիտի չյաջողիս։ 6Ամէն ատեն՝՝ պիտի հարստահարուիս եւ յափշտակութեան ենթարկուիս, բայց քեզ ազատող պիտի չըլլայ։
30Դուն կնոջ մը պիտի նշանուիս, բայց անոր հետ ուրի՛շ մարդ մը պիտի 7պառկի. տուն պիտի կառուցանես, բայց անոր մէջ պիտի չբնակիս. այգի պիտի տնկես, բայց անոր խաղողը պիտի չուտես.
31Քու եզդ աչքի՛դ առջեւ պիտի մորթուի, բայց դուն անկէ պիտի չուտես. քու էշդ առջե՛ւդ պիտի յափշտակուի, բայց քեզի պիտի չվերադարձուի. քու ոչխարներդ թշնամիներո՛ւդ պիտի մատնուին, բայց զանոնք ազատող պիտի չըլլայ։
32Քու որդիներդ եւ աղջիկներդ ուրի՛շ ժողովուրդի պիտի մատնուին, աչքերդ պիտի տեսնեն ու ամբողջ օրը անոնց համար ունեցած կարօտէդ պիտի նուաղիս, բայց ձեռքիդ մէջ ոյժ պիտի չըլլայ։
33Քու հողիդ պտուղը եւ ամբողջ վաստակդ քեզի անծանօթ ժողովուրդ մը պիտի ուտէ. միայն պիտի հարստահարուիս ու ճնշուիս՝ ամէն օր։
34Աչքերուդ տեսած բաներէն պիտի խելագարիս.
35Տէրը քու ծունկերդ եւ սրունքներդ, ու ոտքիդ ներբանէն մինչեւ գլուխիդ գագաթը՝ 8չարչարալից պալարներով պիտի զարնէ, ու պիտի չկարենաս բուժուիլ։
36Տէրը քեզ եւ վրադ նշանակած թագաւորդ պիտի տանի այնպիսի ազգի մը, որ ո՛չ դուն ճանչցած ես, ո՛չ ալ քու հայրերդ։ Հոն ուրիշ աստուածներ — փայտէ ու քարէ — պիտի պաշտես,
37եւ ապշութեան, առակի ու կատակի առարկայ պիտի ըլլաս այն բոլոր ժողովուրդներուն մէջ՝ ուր Տէրը քեզ պիտի տանի։
38Արտին մէջ շատ սերմ պիտի 9ցանես, բայց քիչ բերք պիտի ժողվես. քանի որ մարախնե՛րը պիտի սպառեն զայն։
39Այգիներ պիտի տնկես ու մշակես, բայց գինին պիտի չխմես եւ խաղողը պիտի չժողվես. որովհետեւ ճճինե՛րը պիտի ուտեն զանոնք։
40Քու ամբողջ հողամասիդ մէջ ձիթենիներ պիտի ունենաս, բայց իւղով պիտի չօծուիս. քանի որ ձիթապտուղներդ պիտի թափին։
41Որդիներ ու աղջիկներ պիտի ծնանիս, բայց քուկդ պիտի չըլլան. որովհետեւ անոնք գերութեան պիտի երթան։
42Խառնի՛ճը պիտի տիրանայ բոլոր ծառերուդ եւ հողիդ պտուղին։
43Քու մէջդ եղող գաղթականը քեզմէ շատ վեր պիտի բարձրանայ, իսկ դուն շատ վար պիտի իջնես։
44Ա՛ն քեզի փոխ պիտի տայ, բայց դուն անոր փոխ պիտի չտաս. ա՛ն գլուխ պիտի ըլլայ, իսկ դուն պոչ պիտի ըլլաս։
45Այս բոլոր անէծքները վրադ պիտի գան, քեզ պիտի հետապնդեն ու քեզի պիտի հասնին, մինչեւ որ բնաջնջուիս. որովհետեւ Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ խօսքը մտիկ չըրիր, եւ քեզի հրամայած պատուիրաններն ու կանոնները չպահեցիր։
46Անոնք քու վրադ եւ զարմիդ վրայ նշան ու հրաշք պիտի ըլլան՝ յաւիտեան։
47Քանի ուրախութեամբ եւ 10յօժար սիրտով Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ 11չծառայեցիր՝ ամէն բանի առատութեան մէջ,
48անօթութեան, ծարաւի, մերկութեան ու ամէն բանի կարօտութեան մէջ պիտի ծառայես քու թշնամիներուդ՝ որ Տէրը քեզի դէմ պիտի ղրկէ։ Քու վիզիդ վրայ երկաթէ լուծ պիտի դնէ, մինչեւ որ քեզ բնաջնջէ։
49Տէրը հեռուէն՝ երկրի ծայրէն՝ քեզի դէմ ազգ մը պիտի բերէ, որ արծիւի պէս կը սաւառնի. ազգ մը՝ որուն լեզուն չես հասկնար.
50պնդերես ազգ մը, որ ծերերը պիտի չյարգէ եւ երիտասարդներուն պիտի չողորմի։
51Ան անասուններուդ պտուղն ու հողիդ պտուղը պիտի ուտէ, մինչեւ որ բնաջնջուիս. քեզի ոչինչ պիտի մնայ ցորենէն, քաղցուէն, իւղէն, կովերուդ ծնունդէն ու ոչխարներուդ բազմացումէն, մինչեւ որ քեզ կորսնցնէ։
52Ան բոլոր քաղաքներուդ մէջ քեզ պիտի պաշարէ, մինչեւ որ՝ ամբողջ երկրիդ մէջ՝ փլին բարձր եւ ամուր պարիսպներդ, որոնց վստահած ես։ Քեզ պիտի պաշարէ բոլոր քաղաքներուդ մէջ, ամբողջ երկրիդ մէջ՝ որ Տէրը, քու Աստուածդ, քեզի տուաւ։
53Պաշարումի մէջ, տուայտանքի ընթացքին՝ որուն մէջ թշնամիդ քեզ պիտի ձգէ, որովայնի՛դ պտուղը, Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ քեզի տուած որդիներուդ եւ աղջիկներուդ մի՛սը պիտի ուտես։
54Քու մէջդ եղող փափուկ ու յոյժ քնքուշ մարդը՝ 12ծուռ աչքով պիտի նայի՝՝ իր եղբօր, ծոցի կնոջ եւ 13ողջ թողուցած որդիներուն,
55որպէսզի անոնցմէ ո՛չ մէկուն տայ իր ուտելիք որդիներուն միսէն. արդարեւ պաշարումի մէջ, տուայտանքի ընթացքին՝ որուն մէջ թշնամիդ քեզ պիտի ձգէ բոլոր քաղաքներուդ մէջ, ուրիշ ոչինչ պիտի մնայ իրեն։
56Քու մէջդ եղող փափուկ եւ քնքուշ կինը, որ իր քնքշութենէն ու փափկութենէն՝ չէր փորձեր ոտքին ներբանը գետինին վրայ դնել, ծուռ աչքով պիտի նայի իր ծոցի ամուսինին, իր որդիին եւ աղջիկին,
57սաղմընկերին համար՝ որ իր ոտքերուն մէջտեղէն դուրս պիտի ելլէ, ու որդիներուն համար՝ որ ինք պիտի ծնանի. արդարեւ պաշարումի մէջ, տուայտանքի ընթացքին՝ որուն մէջ թշնամիդ քեզ պիտի ձգէ քաղաքներուդ մէջ, ամէն բանի կարօտ ըլլալով՝ զանոնք ծածկաբար պիտի ուտէ։
58Եթէ այս գիրքին մէջ գրուած այս Օրէնքին բոլոր խօսքերը զգուշութեամբ չգործադրես, քու Աստուծոյդ՝ Եհովայի այս փառաւոր եւ ահաւոր անունէն վախնալով,
59Տէրն ալ 14արտասովոր պատուհասներով, մեծ ու երկարատեւ պատուհասներով, չարչարալից ու երկարատեւ հիւանդութիւններով պիտի զարնէ քեզ եւ քու զարմդ։
60Եգիպտոսի բոլոր ախտերը, որոնցմէ դուն կը վախնաս, քու վրադ պիտի վերադարձնէ, ու անոնք քեզի պիտի փակչին։
61Նաեւ այս Օրէնքի գիրքին մէջ չգրուած ամէն հիւանդութիւն եւ ամէն պատուհաս՝ Տէրը քու վրադ պիտի բերէ, մինչեւ որ բնաջնջուիս։
62Դուք՝ որ երկինքի աստղերուն չափ շատ էիք՝ սակաւաթիւ 15մարդիկ պիտի մնաք, քանի որ Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ խօսքը մտիկ չըրիր։
63Ինչպէս Տէրը ձեզի բարիք ընելով ու ձեզ բազմացնելով բերկրեցաւ ձեզի համար, նոյնպէս ձեզ կորսնցնելով եւ բնաջնջելով պիտի ուրախանայ ձեզի համար, ու պիտի խլուիք այն 16երկրին վրայէն, ուր հիմա կ’երթաս՝ անոր տիրանալու համար։
64Տէրը բոլոր ժողովուրդներուն մէջ պիտի ցրուէ քեզ, երկրի մէկ ծայրէն մինչեւ միւս ծայրը, եւ հոն ուրիշ աստուածներ — փայտէ ու քարէ — պիտի պաշտես, որ ո՛չ դուն ճանչցեր էիր, ո՛չ ալ քու հայրերդ։
65Այս ազգերուն մէջ անդորրութիւն պիտի չունենաս, ու ոտքիդ ներբանին հանգստավայր պիտի չըլլայ. հոն Տէրը քեզի դողացող սիրտ, աչքի նուաղում եւ անձի կսկիծ պիտի տայ։
66Քու կեանքդ առկախ պիտի ըլլայ առջեւդ. գիշեր-ցերեկ պիտի վախնաս, ու կեանքդ ապահով պիտի չըլլայ։
67Սիրտիդ 17երկիւղէն եւ աչքերուդ տեսած բաներէն՝ առտուն պիտի ըսես. “Երանի՜ թէ իրիկուն ըլլար”, իսկ իրիկունն ալ պիտի ըսես. “Երանի՜ թէ առտու ըլլար”։
68Տէրը նաւերով Եգիպտոս պիտի վերադարձնէ քեզ, այն ճամբայով՝ որուն համար քեզի ըսի թէ զայն ա՛լ վերստին պիտի չտեսնես. հոն դուք ձեզ պիտի ծախէք ձեր թշնամիներուն՝ ստրուկներ եւ ստրկուհիներ ըլլալու համար, բայց գնող պիտի չըլլայ»։