Deuteronomy 29
Numbers « Deuteronomy 28 ‹ Deuteronomy 29 › Deuteronomy 30 » Joshua
ՏԷՐՈՋ ՈՒԽՏԸ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՀԵՏ
1Ահա՛ւասիկ այն ուխտին խօսքերը, որ Տէրը Մովսէսի հրամայեց կնքել Իսրայէլի որդիներուն հետ՝ Մովաբի երկրին մէջ, անոնց հետ Քորեբի վրայ կնքած ուխտէն զատ։
2Մովսէս ամբողջ Իսրայէլը կանչելով՝ անոնց ըսաւ. «Դուք տեսաք ամէն ինչ որ Տէրը ձեր աչքերուն առջեւ, Եգիպտոսի երկրին մէջ, ըրաւ Փարաւոնի, անոր բոլոր ծառաներուն եւ ամբողջ երկրին.
3այսինքն՝ այն մեծ փորձութիւնները, նշաններն ու մեծ հրաշքները, որ աչքերդ տեսան։
4Սակայն Տէրը մինչեւ այսօր ձեզի չտուաւ այնպիսի սիրտ մը՝ որ հասկնաք, ո՛չ ալ աչքեր՝ որ տեսնէք, ո՛չ ալ ականջներ՝ որ լսէք։
5Ես քառասուն տարի անապատին մէջ ձեզի քալել տուի. ձեր հանդերձները չմաշեցան ձեր վրայ, ու կօշիկդ չմաշեցաւ ոտքիդ վրայ։
6Հաց չկերաք, եւ գինի կամ օղի չխմեցիք, որպէսզի գիտնաք թէ ե՛ս եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը։
7Երբ այս տեղը հասաք, Եսեբոնի Սեհոն թագաւորն ու Բասանի Ովգ թագաւորը դուրս ելան մեր դիմաց՝ մեզի դէմ պատերազմելու. իսկ մենք զարկինք զանոնք,
8անոնց երկիրը առինք եւ զայն Ռուբէնեաններուն, Գադեաններուն ու Մանասէի կէս տոհմին տուինք իբր ժառանգութիւն։
9Ուստի այս ուխտին խօսքերը պահեցէ՛ք եւ գործադրեցէ՛ք, որպէսզի ձեր բոլոր գործերուն մէջ 1յաջողիք։
10Այսօր դուք բոլորդ Տէրոջ՝ ձեր Աստուծոյն առջեւ կը կայնիք — ձեր 2տոհմերուն գլխաւորները՝՝, երէցները, ոստիկաններն ու ամբողջ Իսրայէլի մարդիկը,
11ձեր մանուկները, կիները, եւ բանակիդ մէջ եղող գաղթականդ, փայտահատէդ մինչեւ 3ջրկիրդ —,
12մտնելու համար Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ ուխտին ու անոր 4երդումին մէջ, որ այսօր Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ քեզի հետ կը կնքէ.
13որպէսզի քեզ այսօր հաստատէ իբր իր ժողովուրդը եւ ինք ըլլայ քու Աստուածդ, ինչպէս քեզի ըսաւ եւ ինչպէս հայրերուդ՝ Աբրահամի, Իսահակի ու Յակոբի երդում ըրաւ։
14Այս ուխտը եւ այս երդումը միայն ձեզի հետ չեմ կնքեր,
15հապա այսօր մեզի հետ Տէրոջ՝ մեր Աստուծոյն առջեւ հոս կայնողներուն հետ, եւ այսօր մեզի հետ հոս չեղողներուն հետ ալ.
16(արդարեւ դուք գիտէք թէ ի՛նչպէս բնակեցանք Եգիպտոսի երկրին մէջ, եւ ի՛նչպէս անցանք այն ազգերուն մէջէն՝ ուր դուք անցաք,
17ու տեսաք անոնց քով եղած անոնց պղծութիւնները, եւ անոնց փայտէ, քարէ, արծաթէ ու ոսկիէ չաստուածները.)
18որպէսզի ձեր մէջ չըլլայ մարդ մը, կամ կին մը, կամ գերդաստան մը, կամ տոհմ մը, որ իր սիրտը այսօր Տէրոջմէն՝ մեր Աստուծմէն հեռացնելով՝ երթայ այդ ազգերուն աստուածները պաշտէ. որպէսզի ձեր մէջ թոյն եւ օշինդր արտադրող արմատ մը չըլլայ։
19Այս անէծքին խօսքերը լսելէն ետք՝ եթէ մէկը սիրտին մէջ ինքզինք օրհնելով ըսէ. “Խաղաղութիւն պիտի ունենամ, թէեւ սիրտիս կամակորութեամբ ընթանամ”, ծարաւին վրայ յագեցում աւելցնելով,
20Տէրը անոր պիտի չներէ. հապա այն ատեն Տէրոջ բարկութիւնն ու նախանձախնդրութիւնը այդ մարդուն դէմ պիտի 5բորբոքին, այս գիրքին մէջ գրուած բոլոր անէծքները անոր վրայ պիտի 6դիզուին, եւ Տէրը անոր անունը երկինքի տակէն պիտի ջնջէ։
21Տէրը զայն Իսրայէլի բոլոր տոհմերէն պիտի զատէ՝ անոր վրայ չարիք բերելու համար, այս Օրէնքի գիրքին մէջ գրուած ուխտին բոլոր անէծքներուն համաձայն։
22Ուստի յաջորդ սերունդը — այսինքն՝ ձեզմէ ետք ելլող ձեր որդիները — ու հեռաւոր երկրէ եկող օտարազգին պիտի ըսեն, երբ տեսնեն այդ երկրին պատուհասները եւ անոր հիւանդութիւնները՝ որոնցմով Տէրը զայն պիտի զարնէ,
23ու երբ տեսնեն թէ անոր ամբողջ 7գետինը ծծումբ, աղ եւ այրած ըլլալով՝ սերմանուած չէ, 8ոչինչ կը բուսնի՝՝, ո՛չ ալ որեւէ բոյս անոր մէջ կ’աճի,— Սոդոմի, Գոմորի, Ադմայի ու Սեբոյիմի կործանումին պէս, որոնք Տէրը իր բարկութեամբ եւ ցասումով կործանեց,—
24նաեւ բոլոր ազգերը պիտի ըսեն. “Ինչո՞ւ Տէրը այս երկրին այսպէս ըրաւ. ինչո՞ւ այս մեծ բարկութիւնը բորբոքեցաւ”։
25Անոնց պիտի ըսեն. “Որովհետեւ անոնք լքեցին Տէրոջ՝ իրենց հայրերուն Աստուծոյն ուխտը, որ անոնց հետ կնքեր էր՝ զանոնք Եգիպտոսի երկրէն հանած ատեն,
26ու գացին ուրիշ աստուածներ պաշտեցին եւ անոնց երկրպագեցին, այնպիսի աստուածներ՝ որ բնաւ չէին ճանչնար ու Տէրը բաժին տուած չէր իրենց։
27Ուստի Տէրոջ բարկութիւնը այդ երկրին դէմ բորբոքեցաւ, որպէսզի այս գիրքին մէջ գրուած բոլոր անէծքները անոր վրայ բերէ։
28Տէրը բարկութեամբ, ցասումով ու մեծ զայրոյթով զանոնք իրենց հողէն խլելով՝ ուրիշ երկիր մը նետեց, ինչպէս այսօր կը տեսնուի”։
29Ծածուկ բաները Տէրոջ՝ մեր Աստուծոյն կը պատկանին, բայց յայտնուած բաները մեզի ու մեր որդիներուն տրուած են յաւիտեան, որպէսզի այս Օրէնքին բոլոր խօսքերը գործադրենք»։